Յունահայ գաղութի անցեալի հարուստ մշակութային կեանքէն ներս, մասնաւորապէս Համազգայինի երգչախումբի ու թատերախումբի գործունէութեան ընդմէջէն սիրուած եւ յարգուած հայրենակից մը՝ Զաւէն Թոքաթլեան, կեանքէն հեռացաւ յառաջացած տարիքի մէջ։
Հանգուցեալը 50-ական եւ 60-ական թուականներուն շարունակական ու լեցուն մասնակցութիւն մը ունեցաւ Համազգայինի երգչախումբին, մեծ երաժիշտ Յակոբ Փափազեանի ճպոտին տակ, եւ իր խորունկ բամբ ձայնով հարստացուց պասերու բաժինը, ինչպէս նաեւ խմբային երգերուն մէջ մեներգներու կատարողութեամբ փայլեցուց այդ օրերու կեդրոնական ձեռնարկներու գեղարուեստական յայտագիրը։ Ան նաեւ յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէր դասական, եւ ի մասնաւորի հայկական դասական ու սիմֆոնիք երաժշտութեան հանդէպ։
Զաւէն Թոքաթլեան ունէր նաեւ բեմական կարեւոր մասնակցութիւն Համազգայինի թատերախումբի զանազան ներկայացումներուն ընթացքին։ Յատկանշական եղաւ իր դերը «Չարշըլը Արթին աղա» օփերեթին մէջ որպէս տոքթ. Շաւարշ, ապա ցնցիչ մեկնաբանութիւն մը հրամցուց «Կոմիտասը» թատերական կտորին մէջէն, յիշելու համար միայն մէկ քանին իր բազմաթիւ մասնակցութիւններէն։
Եղած էր Համազգայինի մեր մեծ ընկերոջ՝ Արշաւիր Գազանճեանի սերտ գործակիցը, որ տասնամեակներուն ընթացքին շարունակուեցաւ որպէս խորունկ բարեկամութիւն եւ յարգանք իրար հանդէպ։
Իր մշակութային հետաքրքրութիւններէն անդին, Զաւէն Թոքաթլեան անդամ էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բնութենասէրներու խումբին եւ հետեւողականօրէն մասնակցած էր բոլոր գործունէութեան։
Թրքական արհաւիրքէն ազատած ընտանիքի հինգ զաւակներէն չորրորդը՝ Զաւէն Թոքաթլեան ծնած էր Քերքիրա կղզին, 1930-ին, ապա կանուխէն փոխադրուած էր Գոքինիա, ուր յաճախած էր տեղւոյն հայ աւետարանական վարժարանը։ Եղած էր նաեւ աւետարանական եկեղեցւոյ երիտասարդաց խումբի անդամ։ Կեանքի բերումով ստիպուեցաւ աշխատիլ իր հօր մօտ, հակառակ, որ ունեցած էր ուսանելու զօրաւոր փափաք։ Աւելի յետոյ, մտած էր կեանքի ասպարէզ եւ զարգացուցած էր գործարարական եւ առեւտրական յաջող ձեռնարկութիւններ։
Ամուսնացած եւ կազմած էր ընտանիք, բախտաւորուած ըլլալով երկու զաւակներով, որոնցմէ իր մեծ դուստրը՝ Քրիստին, ժառանգած ըլլալով իր հօր սէրը երաժշտութեան հանդէպ, դաշնակի աշխարհէն ներս հասած է բարձր դիրքերու որպէս կատարող եւ դաստիարակ։
Զաւէն Թոքաթլեան աւելի քան քսան տարի եղած էր Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ եւ աշխուժ աշխատանք տարած էր եկեղեցւոյ բարեզարդման համար։ Յարգուեցաւ իր հայրենակիցներէն ու միշտ շէն մթնոլորտ մը պահեց իր շրջապատին մէջ։ Վերջին տարիներուն, ան քաշուած էր հանրային կեանքէն։
Իր աչքերը փակեց Ուրբաթ, 27 Մայիսին եւ թաղման կարգը տեղի ունեցաւ 30 Մայիսին Գոքինիոյ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ ընտանեկան բարեկամներու եւ հայրենակիցներու։ Հանգուցեալի արժանիքներուն մասին դամբանախօսեցին եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Վիգէն Չոլաքեան, յունական աւետ. եկեղեցւոյ հովիւ Եորղիոս Ատամ եւ տիկ. Սիլվա Ներսէսեան, կարդացուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետ. եկեղեցիներու ներկայացուցիչ վեր. Փոլ Հայտոսթեանի ցաւակցական գիրը, ինչպէս նաեւ դամբանական խօսեցան յոյն բարեկամներ։
Յաջորդաբար, մարմինը ամփոփուեցաւ Ա. գերեզմանատունը գտնուող հայ աւետարանական եկեղեցւոյ դամբարանին մէջ։
Հողը թեթեւ ըլլայ սիրուած հայրենակիցին եւ Համազգայինի նուիրեալին վրայ։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ