Ծանր եղաւ կորուստը մեր գաղութին համար 9 Օգոստոսի առաւօտուն, երբ իր աչքերը փակեց հաւատաւոր դաշնակցական ընկեր, հասարակական գործիչ եւ ազգային ու կուսակցական պատասխանատու դիրքերու վրայ երկար տարիներ ծառայած Գրիգոր Էրջէնեան։
Ծանօթ անձնաւորութիւն մը եղաւ Գրիգոր, ոչ միայն յունահայ գաղութէն ներս, այլեւ աշխարհասփիւռ դաշնակցական ընտանիքին համար, հայրենիքէն մինչեւ Սփիւռք, քանի որ իր ունեցած պաշտօններուն եւ մասնակցութիւններուն շնորհիւ, մաս կազմած ըլլալով նաեւ Հ.Յ.Դ. Ընդհ. ժողովներու աշխատանքներուն, հանդիսացած էր մեր կազմակերպական կառոյցի հմուտ շարքային, ազգային եւ համահայկական հարցերուն համար տեսակէտ բանաձեւող ընկեր, որ ժողովական կեանքին մէջ իր գաղափարներն ու կարծիքները յաճախ լսելի եւ ընդունելի դարձնելու յատկութիւնն ալ ունէր։
Գրիգոր փոքր տարիքէն մտաւ ազգային կեանքին մէջ ու մինչեւ վերջ մնաց հաւատարիմ իր կուսակցական երդումին. նուիրումով ծառայեց բոլոր դիրքերուն վրայ եւ պարտաճանաչութեամբ տարաւ ամէն տեսակի պարտականութիւն, որ խղճմտօրէն ստանձնեց ու յաջողութեամբ իր աւարտին հասցուց։
Գրիգոր, բոլորին ծանօթ Գօգոն, ծնած էր 3 Սեպտեմբեր 1956-ին ազգային շունչով լեցուն յարկի մը տակ։ Իր հայրը՝ Անդրանիկը, հաւատաւոր կուսակցական եւս, կանուխէն մղեց Գրիգորը մասնակից դառնալու ակմբային եւ միութենական կեանքին։ Ինչպէս բոլոր պատանիները, Գրիգոր եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ, ապա պատանեկան եւ երիտասարդական շարժումներուն մէջէն ստացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ազգային եւ գաղափարական առաջադրանքներու դաստիարակութիւն, այնուհետեւ հաւատքով եւ նուիրուածութեամբ ծառայելու համար, այլեւս որպէս երդուալ դաշնակցական, հայ ժողովուրդի արդար պահանջներու իրագործման տեսլականին։
Մարդկութեան եւ հայութեան համար կարեւոր ժամանակաշրջանի մը ընթացքին էր, որ Գրիգոր սկսաւ զարգացնել իր գաղափարական հայեացքները։ Հայութիւնը արդէն ազդանշանը տուած էր Եղեռնի 50-ամեակի անկիւնադարձային նշումով, մինչ հայ ազատագրական պայքարի նորանոր շղթայազերծումը նոր հորիզոններ կը բանար Հայ դատի հետապնդման ուղիին վրայ։ Միաժամանակ, երիտասարդութիւնը կ՚ոգեւորուէր համամարդկային նոր գաղափարներու եւ ընբռնումներու ծաւալումով, որոնք համակած էին նաեւ հայ երիտասարդութիւնը, իր ազգային վերազարթնումի ոգեւորութեան մէջ։
Գրիգոր մէկ աւելի կրցաւ ըմբռնել այդ տարիներու գաղափարաբանական խմորումներն ու զարգացումները, երբ արդէն որպէս Աթէնքի Իրաւաբանական համալսարանի տնտեսական բաժինի ուսանող, գիտականօրէն եւս ծանօթացաւ ազգային եւ մարդկային արժէքներու ոլորտներուն, որոնց մէջ միշտ փնտռեց Դաշնակցութեան առաջադրանքներու հզօր ներկայութիւնը։
Երիտասարդ տարիքին, այլ ընկերներու հետ դարձաւ իր ապրած շրջանի Հ.Յ.Դ. կոմիտէի անդամ, նոր շունչ եւ գործունէութեան լայն ասպարէզ բանալով օրուան երիտասարդ սերունդին համար։
Տարիներու ընթացքին, իր կուսակցական ծառայութիւնը անցաւ նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի մակարդակին, որու իրերայաջորդ կազմերուն մէջ ծառայեց երկար տարիներ, որպէս անդամ կամ մարմինի ներկայացուցիչ։ Անդամ էր նաեւ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, ուր իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ ազգային պահանջատիրութեան ներկայացման աշխատանքներուն յոյն հանրային կարծիքին մօտ եւ հելլէն պետական, քաղաքական ու հասարակական շրջանակներուն մէջ։ Իր մտերիմ ընկերոջ, վաղամերիկ Արա Արշակեանին հետ յղացան գաղափարը «Արմենիքա Թեմաթա» յունալեզու պարբերականի հրատարակութեան, որ դարձաւ Հայ դատի յանձնախումբի բանբերը յունական քաղաքական գործօններուն մօտ։
Մասնակցած էր մէկէ աւելի Հ.Յ.Դ. Ընդհ. Ժողովներու որպէս ապահովութեան խմբակի անդամ, մինչ աւելի վերջ, Բիւրոյի հրաւէրով, մասնակից դարձաւ թիւ մը ժողովներու։
Գրիգորի ծառայութիւնը նաեւ յատկանշուեցաւ ազգային մարմիններուն եւ խորհուրդներուն մէջ, իր ներդրումը ունենալով յատկապէս Ազգային վարչութեան Տնտեսական խորհուրդէն ներս։ Նաեւ, ան եղաւ Հ.Կ.Խաչի տնտեսական ու տուրքային հարցերու դասաւորման աշխատակից եւ պատասխանատու։ Ունէր խոր գիտակցութիւն եւ մտահոգութիւն հայեցի կրթութեան տարածման ուղղութեամբ, ամէն ճիգ ի սպաս դնելով Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու ինքնաբաւ գործունէութեան համար։
Գրիգոր կանուխէն կազմեց հայաբոյր ընտանիք մը, ամուսնացած ըլլալով Ալենուշ Մարուխեանին հետ եւ բախտաւորուած ըլլալով երկու զաւակներով՝ Ռազմիկը եւ Նանօրը, որոնք այսօր իրենց հօր օրինակելի հաւատարմութեամբ մասնակից են հայ կեանքի զանազան ոլորտներուն։ Գրիգորին համար անկիւնադարձային եղաւ նաեւ իր սրտամօտիկ կապը հանգուցեալ ընկ. Հրայր Մարուխեանին հետ, որու կուսակցական եւ գաղափարական շունչին տակ ստացաւ ազգային լայն հորիզոններու ներշնչող ոգին։
Վերջին տարիներուն, Գրիգոր լռութեամբ եւ համբերութեամբ դիմագրաւեց իր առողջական խնդիրները, առանց երբեք անոնց մասին հրապարակաւ կամ ընկերային շրջանակներու մէջ գանգատելու։ Մինչեւ վերջերս, մնաց կուսակցական բարձր պաշտօններու վրայ եւ հակառակ իր առողջական խնդիրներուն, կանոնաւորապէս իր մասնակցութիւնը բերաւ աշխատանքներուն։
Իր անսպասելի ու վաղաժամ կորուստը խոր սուգի մէջ մատնեց ընտանիքը, բարեկամները եւ ընկերները, որոնք չկրցան հաշտուիլ անոր մահուան իրականութեան հետ։
Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 11 Օգոստոսին, Նէոս Գոզմոսի «Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ ներկայութեամբ բազմաթիւ հայրենակիցներու։ Սրբազան հօր ոգեշունչ քարոզէն ետք գաղափարի ընկերներու անունով դամբանախօսեց ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, որուն խօսքը կը ներկայացնենք ստորեւ։ Հուսկ, հանգուցեալի մարմինը ամփոփուեցաւ Անօ Վուլայի գերեզմանատունը, «Վէրքերով լի» երգի յուզախառն կշռոյթին տակ։
Սիրելի ընկ. Գրիգոր, այս քանի մը տողերը որպէս թարմ ծաղիկ կը խոնարհեցնենք քաղցր յիշատակիդ։ Հողը թեթեւ։
Ք.Է.
***
Ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի դամբանական խօսքը
Ընկեր Գրիգոր Էրջէնեանի, մեր սիրելի ընկեր Գոգոյին վերջին հրաժեշտը կուտանք այս պահուն։ Մեր փորձառու, ծառայասէր ու պատրաստակամ ընկերոջ, որ իր ամբողջ գիտակցական կեանքը նուիրեց հայութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ընդմէջէն։ Մեր գաղութին եւ մեր կուսակցութեան համար անդառնալի կորուստ մըն է իր մահը, որու հետեւանքներուն հետ պարտինք հաշտուիլ ասկէ ետք։ Անհաւատալի է մտածել, թէ ան ներկայ պիտի չըլլայ մեր ժողովներուն, ան պիտի չառաջնորդէ մեր գործունէութիւնն ու քաղաքականութիւնը։Որովհետեւ ընկեր Գոգոյի ներկայութիւնը մեր կողքին՝ գաղափարական ամրութեան, սկզբունքայնութեան, պայքարունակ ոգիի դրսեւրումն էր, որով սորվեցանք առաջնորդուիլ բոլորս։ Եթէ միայն մէկ նախադասութեամբ ուզէինք նկարագրել իր եզակի անձնաւորութիւնն ու կուսակցութեան մէջ ներդրումը, վստահաբար իր քաղաքական մտածելակերպի եւ քաղաքական հասունութեան մասին խօսքը պիտի ըլլար։ Որովհետեւ ինքն էր, կուսակցական այլ ընկերներու փոքրաթիւ խումբի մը հետ, որ Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան քաղաքական կազմաւորման տարիներուն ընթացքին, հասուն քաղաքական կեցուածք պարտադրեցին երիտասարդականի մեր գործունէութեան, հայկական եւ յունական դաշտին մէջ կենսագործելով ընդհանուր քաղաքական ուղղուածութիւնն ու բնոյթը։ Նոյն այս մթնոլորտն էր մեր ժողովներուն ընթացքին, որ բուռն վիճաբանութիւններու առիթ կուտար յաճախ։ Այն էր որ խորացուց քաղաքական միտքի զարգացումը եւ քննական մտածելակերպը մեր մօտ։ Ընկերներու այդ խումբը սկիզբը դրաւ հրատարակչական աշխատանքի ալ, լոյս ընծայելով «Արմենիքա Թեմաթա» յունալեզու պարբերականը եւ Հայ Դատի հարցերը հրամցնելով յոյն հանրութեան։ Մամուլի եւ քարոզչութեան հանդէպ նոյն զգայնութիւնն ու գիտակցութիւնը պահեց ընկ. Գոգոն նաեւ «Ազատ Օր» օրաթերթի անհրաժեշտութեան ու տարածման առընչութեամբ։Ընկեր Գոգոն յատկանշուեցաւ գաղափարական ամուր կառչածութեամբ եւ կազմակերպական սկզբունքայնութեամբ։ Հասկնալով հանդերձ մարդկային տկարութիւնները, ան համոզուած էր պայքարի ոգիի արդիւնքին մասին, որ երբ դժուար կացութիւններու առջեւ մարդուս կը վհատեցնեն ու կը հիասթափեցնեն, լուծումը կուգայ միայն սկզբունքային ամուր ու յամառ պայքարին ճամբով։ «Պիտի պայքարիս, որքան ալ գիտնաս որ դժուար է։ Յոյսդ պիտի չկորսնցնես, այլ յաւելեալ յամառութեամբ պիտի պայքարիս» կ՚ըսէր ան։Իսկ ինք՝ այդպէս էր թէ մեր ժողովներուն ընթացքին, թէ դաշնակցական կամ ազգային իր բոլոր գործերուն մէջ։Ան խորապէս հաւատաց մեր կուսակցական ու գաղութային կառոյցներու գործունէութեան կարեւորութեան եւ անոնց միջոցաւ տարուող կազմակերպական գործին ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի, ի շահ հայութեան։ Իր ստանձնած պաշտօններուն ընդմէջէն, գործակցեցաւ շատերու հետ։ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի որպէս ներկայացուցիչ կամ անդամ, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ կամ անդամ, Հ.Յ.Դ. Կոմիտէներու, Ազգային Վարչութեան Տնտեսական եւ Ուսումնական յանձնախումբերուն մէջ կարեւոր ներդրումով, ապա նաեւ գաղութի անդամներու կամ կուսակցական ընկերներու մտերմութեան մէջ, ան ամբողջութեամբ տէր կանգնեցաւ դաշնակցականի իր երդումին, հանդիսանալով նուիրումի վառ օրինակ։ Իսկ երբ կացութիւնները կը բարդանային, կամ ընկերական վիճաբանութիւններու շեշտը կ’աւելնար, յանկարծ ան՝ իւրայատուկ հիւմորի զգացումով, դրական «էներկիա» կը հաղորդէր շրջապատին։ Իր սուր միտքը հիւմորի անզուգական դրսեւորումներ ունեցած է, գէթ՝ ոչ շատ լայն շրջանակներուն մէջ։ Այնուամենայնիւ, զինք ճնշող ու տագնապեցնող բազմաթիւ հարցերը Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի իրավիճակները, երբեք չկարողացան ճնշել իր հոգեկան եւ էնէրգետիկ հզօր պաշարներուն վրայ, որովհետեւ ան լաւ կը գիտակցէր թէ մէկ էր թիրախը։ Հայութեան ուժի ամբողջական ճառագայթումը։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հաւատարիմ զինուորի հանգամանքով, ան այս ուղղութեամբ ամէն օր կը վերանորոգէր իր ուխտը՝ ընդմիշտ եւ նուիրաբար ծառայելով որեւէ պաշտօնէ, եւ շատ շատ անգամներ գերադասելով հաւաքականը անձնականին։ Աւելիով…Այս պահուս, պատրաստ ենք հրաժեշտ տալու իրեն։ Բաժնուելու մեր հաւատաւոր, գաղափարապաշտ, վաստակաւոր ընկեր Գոգոյէն։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր ընտանիքի անդամներուն՝ Ալենուշին, Ռազմիկին, Նանօրին, Սոնային ու Շահանին եւ բոլոր հարազատներուն, որոնք ծառայութեան նոյն ճամբէն կ’ուղղուին, օրինակելի նուիրումով։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի, Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան եւ Հ.Յ.Դ. բոլոր կոմիտէներու ու գաղափարի ընկերներուն, Հայ Կապոյտ Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններուն եւ յունահայութեան անունով խորին ցաւակցութիւններ կը փոխանցենք ընկ. Գոգոյի ընտանիքի անդամներուն, մօտիկ ու հեռաւոր ընկերներուն։
Յիշատակը վառ պիտի մնայ մեր հոգիներուն մէջ։