Սրտի խոր կսկիծով տեղեկացայ վերջերս ցաւալի լուրը Գավալահայ երկու հայրենակիցներու մահուան եւ հոգու պարտք զգացի յարգել իրենց յիշատակը մի քանի տողով անդրադառնալով իրենց ազգասիրութեան:
Ներկայ տիրող պայմաններու բերմամբ, թաղումը կատարուած է պարտադիր սահմանափակ ձեւով, հակառակ որ իրենց մահը կապ չէ ունեցած համաճարակի հետ: Շրջանի հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան եւ Արտաւազդ վրդ. Շարոյեան կատարած են թաղման արարողութիւնը, թեմական խորհուրդի պատգամաւոր Մարկոս Պարտաքճեանի եւ թաղականութեան ատենապետ Աբրահամ Աշրեանի ներկայութեան գերեզմանատան մէջ:
Նախ պիտի ուզէի խօսիլ հանգուցեալ Գրիգոր Զէննէյեանի մասին, որուն հետ երկար տարիներու գործակցութեան ընթացքին, նկատած եմ բացառիկ ծառայասիրութեան ոգի եւ անխոնջ, համեստ ու անաղմուկ նուիրեալ գործունէութիւն:
Ծխախոտի Մըսըրեան ընկերութեան բանուորներէն Գրիգորը, թէեւ որոշ տարիներ աշխատած էր Գերմանիոյ մէջ, բայց իր վերադարձին, անմիջապէս գաղութի ազգային կեանքէն ներս, միշտ գործունեայ ներկայութիւն մըն էր: Իբրեւ թաղական խորհուրդի եւ Հ. Գթ. Խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան երկարամեայ գանձապահ, խոր հաւատքով, զոհողութեան ոգիով ու հետեւողական աշխատանքով Գավալահայութեան օրինակելի անդամ մըն էր:
Գավալահայերս չենք մոռնար երբեք, եկեղեցւոյ մուտքին, բանկալին գլուխը մեզ ընդունող, կամաւոր կերպով եկեղեցւոյ բոլոր կարիքները հոգացող Գրիգորը: Յատկապէս ամէն տարի, Ս. Խաչի մատաղի պատրաստութեան պատասխանատուութիւնը մնայուն կերպով ստանձնող եւ յաճախ նաեւ նիւթական լուրջ մասնակցութիւն բոլորովին անշշուկ բերող սիրեցեալ մեր հայրենակիցը:
Իսկ ամենայուզիչ յուշերէս մէկն է, 1988ի Հայաստանի երկրաշարժի պարագային, երբ խաչուհի ընկերուհիներով պատրաստած էինք մեծ թիւով զգեստներ ուղարկելու համար հայրենիք, յանկարծ ձիւնամրրիկի պատճառաւ, կարծես ամէն ինչ անհնար կը թուէր: Այդ անելի պահուն, մինչ մտմտուքի մէջ էի իբր մասնաճիւղի ատենապետուհին, Գրիգորը գտնուեցաւ դարձեալ կողքիս: Երկուքս իրարու կռթնած, նոյնիսկ սահելով սառերու վրայ, փոխադրեցինք տուփերը, որպէս զի մեր փոքրիկ ածուէն եւս օգնութիւն հասնէր աղէտեալ մեր հայրենակիցներուն:
Այսպիսին էր մեր անմոռանալի Գրիգորը, որ պարգևատրուած էր նաեւ թաղային մարմնոյ կողմէ:
Հանգիստ իր ազնիւ հոգւոյն, յիշատակը անթառամ:
Երկրորդ մեր կորուստը, դարձեալ Հ.Գթ. Խաչի անդամուհիներէն, Արաքսի Թէվէքէլեանն է:
Արաքսին, արհեստով դերձակուհի, մեր պարտաճանաչ ընկերուհիներէն էր: Իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն մահէն վերջ, մնացած էր առանձին եւ պայմաններու բերմամբ, բոլորովին միայնակ եւ այդպէս ալ հոգին աւանդած է:
Երբեք չեմ մոռնար, սակայն, թէ երբ Աթէնք ուսանած քոյրը մահացած էր, խնդրած էր ինձմէ, իբր Ազգային վարչութեան շրջանի ներկայացուցիչ, որ փոխանցեմ իր փափաքը՝ քրոջը յարկաբաժինը նուիրելու Ազգային վարչութեան: Այսպէս, գացինք միասին նօտարին գրասենեակը ինք եւ ես, երջանկայիշատակ Սահակ Սրբազանի արտօնութեամբ, ստորագրեցինք նուիրատուութիւնը:
Անաղմուկ ազգասէրներէն էր նաեւ Արաքսին, իր համեստ, բայց սրտաբուխ ներդրումով:
Աստուած լուսաւորէ հոգին եւ այս մի քանի տողերը թող ըլլան փունջ մը ծաղիկ իր յիշատակին:
Մաննիկ Պէօրէքճեան — Աշրեան