Քառասուն օրեր առաջ, կեանքէն հրաժեշտ տուաւ ազնիւ եւ համեստ հայրենակից մը՝ յանձին Խաչիկ Տամատեանի։
Հայրենակից մը՝ որ թէեւ շատ զուսպ էր իր շարժուձեւերուն կամ արտայայտութիւններուն մէջ, այսուհանդերձ՝ անոր մէջ զարգացած էր ազգային ոգին, որ յատկապէս յետ-պատերազմեան սերունդին մօտ առկայ էր՝ ակմբային եւ միութենական գործունէութեան մէջ իր կեանքը իմաստաւորած սերունդի մը համար։
Անոնցմէ մէկն էր Խաչիկ Տամատեան, որ իր վաղ-երիտասարդական օրերէն, իր ապրած շրջանի, Թամպուրիոյ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդաց Միութեան անդամագրուելով, իր սերնդակիցներուն հետ փորձեց հայկականութիւնը վառ պահել, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, թէ այդ սերունդը զրկուեցաւ հայեցի դաստիարակութենէ դպրոցներուն մէջ, գերմանացիներու կողմէ գրաւման շրջանին։ Եւ ահա՛, Խաչիկն ու իր սերունդը, երիտասարդական եւ աւելի ետք կուսակցական գործունէութեամբ, փորձեցին վերարժեւորել հայապահպանման այն ջանքերը, որոնք կարեւոր եւ անհրաժեշտ էին նորահաս սերունդներուն եւ գաղութի կազմակերպման համար։ Համեստ կուսակցական ընկեր եղաւ ընկ. Խաչիկը Հ.Յ.Դ. շարքերէն ներս, յաճախ լուռ ու անխօս, սակայն իր ուշադրութիւնը երբեք չէր վրիպեր ազգային հարցերու իմաստին եւ խնդիրներու ընկալման մէջ։ Այսպէ՛ս ճանչցան իրեն՝ իր ընկերները եւ բարեկամները, բայց միշտ իր համեստութեան ոգիի բարձր չափանիշները տիրական յատկանիշ դարձան անոր ողջ կեանքի ընթացքին։
Հայրենասիրութեան ոգին փոխանցեց նաեւ իր ընտանիքին եւ զաւակներուն՝ մղելով զանոնք մասնակից ըլլալու գաղութի կեանքին ու միութենական աշխատանքներուն։
Ու այսպէ՛ս, համեստ ընկերոջ մէջ հաստատուեցաւ գոհունակութեան զգացումը, թէ իր անմիջական ընտանիքը եւս զերծ չմնաց հայապահպանման գործէն։
Վերջին տարիներու ընթացքին, մեծ հաճոյքով իր միակ թոռնիկը կ՚առաջնորդէր հայկական վարժարան եւ ակումբները, որպէսզի ան մասնակից դառնայ սկաուտական, մշակութային, պատանեկան եւ աշակերտական բոլոր աշխատանքներուն։ Ձեւով մը՝ ան կը տեսնէր իր երիտասարդական տարիներու պատկերը իր զաւակներու եւ թոռան ժրաջան մասնակցութեան մէջ՝ ազգային կեանքի բոլոր երեսներուն։
Իր յուղարկաւորութեան կարգը տեղի ունեցաւ Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ։ Իր հարազատներէն զատ, ներկայ եղան իր գաղափարակից ընկերները, բարեկամները, Հ.Կ.Խաչի եւ «Համազգային»ի վարչութեանց անդամները։
Դաշնակցական իր գաղափարակից ընկերները ծաղկեպսակով մը յարգած էին իրենց համեստ ընկերոջ յիշատակը։
Շրջանի հոգեւոր հովիւ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան խօսեցաւ հանգուցեալին մասին, ապա՝ գաղափարի ընկերներու անունով իր կեանքին մասին դամբանախօսեց ընկ. Քերոբ Էքիզեան։
Ապա՝ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Սխիսթոյի գերեզմանատունը, ուր իր գաղափարակից ընկերներուն կողմէ երգուած «Վէրքերով լի» յեղափոխական երգով մարմինը հողին յանձնուեցաւ։
Հողը թեթեւ ըլլայ համեստ ընկերոջ համար։
Տխրունի — Խաչիկ Տամատեան
Տխրունի - Խաչիկ Տամատեան