Յունահայ երիտասարդ Տիմիթրիս Գասարճեան, Փաթրասի դեղագործական համալսարանի շրջանաւարտ, իր աւարտական տարուան ընթացքին՝ 2019ի Օգոստոսին, դասակից Եորղօ Քարանասիոյի հետ, իրենց համադրող դասախօսի ուղղեկցութեամբ, պանրագործութեան վրայ ուսումնագիտական աշխատանքներուն ընթացքին կարողացաւ յաջողութեամբ վարել «CHEESEBOOST» գիտահետազօտական աշխատանքը։
Անոնք, պանրագործութեան ոլորտէն ներս հնարեցին արհեստագիտութեան նորարական միջոց մը, որու հիմամբ՝ կարելի է աւելցնել պանիրի արտադրութիւնը առանց յաւելեալ կաթի գործածութեան։
Այս յայտնաբերումին համար, Տիմիթրի Գասարճեան եւ իր դասակիցը արժանացան յատուկ պարգեւատրումի։
Յունական լրատուական միջոցներուն կատարած յայտարարութիւններուն ընթացքին, Տիմիթրի Գասարճեան ըսաւ.- «Այս արhեստագիտութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ կաթի նոյն քանակով, 10% — 20% աւելցնել պանիրի արտադրութիւնը. օրինակ, աւանդական գործընթացով 100 քիլօ ոչխարի կաթէն կ՚արտադրուի 25 քիլօ պանիր, սակայն այս նորարական ձեւով՝ 28 քիլօ»։ Կատարուած յայտնագործութեան մասին, օրին անդրադարձան ծանօթ յունական եւ օտար բազմաթիւ տպագիր թերթեր եւ ելեկտրոնային լրատուամիջոցներ, ինչպէս նաեւ՝ գիտական – գիւղատնտեսական նիւթերով զբաղող մասնայատուկ պարբերաթերթեր։
Գիտական գնահատումներուն համաձայն, կը սպասուի, որ նոր արհեստագիտութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունենայ պանրագործութեան վրայ, բարելաւելով արտադրութեան միջոցները, որու համաձայն՝ եթէ այս նորարական ձեւը որդեգրուի երկրի ամբողջ արտադրական ոլորտէն ներս, կարելի է ապահովել աւելի քան 30 միլիոն եւրոյի տարեկան խնայողութիւն, որ հիմնական նուաճում մը կը նկատուի։
Երկու երիտասարդ գիտնականները յայտնեցին, որ կը միտին այս ծրագիրը ընդլայնել միջազգային գետնի վրայ եւ անոր գործադրութեան ձեւերը ներկայացնել գիտական ժողովներու եւ հրատարակութիւններու միջոցով, ինչպէս նաեւ միջազգային առեւտրական ցուցադրութիւններու ընթացքին։
Տիմիթրի Գասարճեան եղած է Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի շրջանաւարտ, մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն եւ մասնակցութիւն բերած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վոլէյ պոլի խումբին։
Կը մնայ շնորհաւորել Տիմիթրի Գասարճեանը եւ իր գործընկեր Եորղօ Գարանասիոն եւ յաջողութիւն մաղթել անոնց՝ գիտական նորանոր նուաճումներու համար։
Տիմիթրի Գասարճեանի գիտական յայտնաբերումը
Տիմիթրի Գասարճեանի գիտական յայտնաբերումը