Տիգրան Մկրտչեան նշանակուած է Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպան

0
121

13 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ար­մէն ­Սարգ­սեան ստո­րագ­րեց հրա­մա­նա­գիր մը, ո­րով ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան կը նշա­նա­կո­ւի ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան։ Ս­տո­րեւ նա­խա­գահ ­Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նա­գի­րը։

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Նա­խա­գա­հի Հ­րա­մա­նա­գի­րը
­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նին ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նում ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան նշա­նա­կե­լու մա­սին

­Հիմք ըն­դու­նե­լով վար­չա­պե­տի ա­ռա­ջար­կու­թիւ­նը` հա­մա­ձայն ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան 132-րդ ­յօ­դո­ւա­ծի 1-ին մա­սի 2-րդ ­կէ­տի, ինչ­պէս նաեւ «­Դի­ւա­նա­գի­տա­կան ծա­ռա­յու­թեան մա­սին» օ­րէն­քի 14-րդ ­յօ­դո­ւա­ծի 1-ին մա­սի. ­Տիգ­րան ՄԿՐՏՉԵԱՆԻՆ նշա­նա­կել ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նում ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան (նստա­վայ­րը՝ Ա­թէնք)։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ Ա. ՍԱՐԳՍԵԱՆ

­Տիգ­րան Մկրտ­չեան կը փո­խա­րի­նէ ներ­կայ դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեա­նը,
որ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ կը ծա­ռա­յէ որ­պէս դես­պան 2016 թո­ւա­կա­նէն։

 

­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նի կեն­սագ­րա­կան գի­ծե­րը

­Տիգ­րան ­Վա­նի­կի Մկրտ­չեան ծնած է 1978-ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ։ ­Մաս կը կազ­մէ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան անձ­նա­կազ­մին ար­տա­կարգ դես­պա­նոր­դի եւ լիա­զօր նա­խա­րա­րի աս­տի­ճա­նով։ 2016-ին նշա­նա­կո­ւած է ­Լի­թո­ւա­նիոյ, ­Լաթ­վիոյ եւ Էս­թո­նիոյ մէջ Հ.Հ. դես­պան։ Իր բարձ­րա­գոյն հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սու­մը ստա­ցած է Ե­րե­ւա­նի պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մու­թեան բա­ժան­մուն­քին մէջ եւ ստա­ցած է մա­գիստ­րո­սի վկա­յա­կան։
­Յա­ջոր­դա­բար, իր ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծած է ­Քեմպ­րիճ հա­մալ­սա­րա­նի ­Տար­վին ­Քո­լե­ճի ­Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կրթա­կան անձ­նա­կազ­մի մա­գիստ­րո­սի բա­ժան­մուն­քին մէջ, պաշտ­պա­նե­լով «ՆԱԹՕ-ն­ եւ ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սը» թե­զը։ Որ­պէս պատ­մու­թեան դա­սա­խօս դա­սա­ւան­դած է Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին, Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նին եւ Եւ­րո­պա­կան տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ա­կա­դե­միոյ մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քին մէջ։ Աշ­խա­տած է որ­պէս ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հի խորհր­դա­կան, ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի խորհր­դա­կան եւ Ա.Գ.Ն. մա­մու­լի, տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պի վար­չու­թեան պետ։
Իր ա­կա­դե­մա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան աս­պա­րէ­զէն ներս, ստո­րագ­րած է մե­նագ­րու­թիւն մը, բազ­մա­թիւ գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ քա­ղա­քա­կան տե­սու­թեան, մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ու տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ա­ւե­լի քան եր­կու տաս­նեակ յօ­դո­ւած­ներ։ ­Պար­գե­ւատ­րո­ւած է զա­նա­զան շքան­շան­նե­րով եւ պա­տո­ւոյ կո­չում­նե­րով։ ­Կը տի­րա­պե­տէ հա­յե­րէն, անգ­լե­րէն եւ ռու­սե­րէն լե­զու­նե­րուն։ Ա­մուս­նա­ցած է, ու­նի 3 որ­դի եւ 1 դուստր։
­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նի հայ­րը՝ ­Վա­նիկ Մկրտ­չեան, ­Հա­յաս­տա­նի վաս­տա­կա­ւոր ա­րո­ւես­տա­գէտ է, իսկ եղ­բայ­րը՝ ­Վար­դան Մկրտ­չեան, «Գ. ­Սուն­դու­կեան» ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նի տնօ­րէնն է։