­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, 19 ­Յու­նո­ւար 2022-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Քա­թե­րի­նա ­Սա­քե­լա­րո­փու­լո­ւին յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գ­րե­րը:
­Պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րուն ներ­կայ էր նաեւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ ­Միլ­թիա­տիս ­Վար­վի­ցիո­թիս եւ նա­խա­գա­հու­թեան ընդհ. քար­տու­ղար ­Վա­սի­լիոս ­Փա­փա­տո­փու­լոս, յա­ջոր­դեց հան­դի­պում, ո­րու ըն­թաց­քին ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գա­հը շնոր­հա­ւո­րեց եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց Հ.Հ. դես­պա­նին՝ վստա­հու­թիւն յայտ­նե­լով, որ իր ջան­քե­րը սպաս պի­տի դնէ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ւել զար­գաց­ման գոր­ծին:
Ընդգ­ծե­լով ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ա­ւան­դա­կան բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներն ու պատ­մա­կա­նօ­րէն ձե­ւա­ւո­րո­ւած սերտ կա­պե­րը՝ դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան նշեց, որ եր­կու եր­կիր­նե­րը ի­րենց մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ա­ռա­ւել խո­րաց­նե­լու մեծ նե­րուժ ու­նին եւ յոյս յայտ­նեց, որ իր գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին հայ-յու­նա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան օ­րա­կար­գը ա­ւե­լի պի­տի ընդ­լայ­նո­ւի` նպաս­տե­լով եր­կու եղ­բայ­րա­կան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու եւ եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ւել ամ­րապնդ­ման: ­Դես­պա­նը ընդգ­ծած է, որ հայ-յու­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հիմ­նո­ւած են ընդ­հա­նուր ար­ժէք­նե­րու, սկզբունք­նե­րու եւ եղ­բայ­րա­կան կա­պե­րու վրայ, ո­րոնք վեր են բո­լոր տե­սա­կի այլ շփում­նե­րէն։ ­Միա­ժա­մա­նակ, դես­պա­նը նշած է, որ իր գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռանց­քը պի­տի կազ­մէ ոչ միայն քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րա­ցու­մը, այլ նաեւ մշա­կու­թա­յին եւ գի­տակր­թա­կան ո­լորտ­նե­րուն մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող մեծ նե­րու­ժի կի­րար­կու­մը։
Զ­րու­ցա­կից­նե­րը միտ­քեր փո­խա­նա­կած են գոր­ծակ­ցու­թեան շուրջ նաեւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու շրջա­գի­ծէն ներս:
­Նա­խա­գահ ­Քա­թե­րի­նա ­Սա­քե­լա­րո­փու­լու յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թած է դես­պան Մկրտ­չեա­նին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան մեկ­նար­կին ա­ռի­թով եւ իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տած է այդ ա­ռա­քե­լու­թեան: ­Յոյն նա­խա­գա­հը նաեւ շնոր­հա­ւո­րած է 20 ­Յու­նո­ւա­րին լրա­ցող ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման 30-ա­մեա­կը։