ՆՈՐԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ — Artsakhpress.am

Ար­ցա­խի այ­ցե­քար­տը դար­ձած ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ այս տա­րի եւս կ’ըն­թա­նան հնա­գի­տա­կան պե­ղում­ներ:
Մ­շա­կու­թա­յին եւ քա­ղա­քա­կան մեծ նշա­նա­կու­թեամբ այս յու­շար­ձա­նի միայն 3-4 տո­կո­սը բա­ցո­ւած է տա­կա­ւին: ­Քա­ղա­քը խոստմ­նա­լից է, մի­ջոց­նե­րը` սահ­մա­նա­փակ:
«Այս տա­րի ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի պե­ղում­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած է 10 մի­լիոն դրամ: Այս մի­ջոց­նե­րով կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ աշ­խա­տիլ մօտ 25 օր, ո­րուն առ­նո­ւազն 7ը պի­տի տրա­մադ­րենք ընդ­հա­նուր հնա­գի­տա­կան մաքր­ման»,- կ­՝ը­սէ ­Համ­լէթ ­Պետ­րո­սեան:
Հ­նա­գէ­տը կը փաս­տէ նաեւ` ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի պե­ղում­նե­րը կ­՝ըն­թա­նան դան­դաղ քայ­լե­րով: Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն տրա­մադ­րած հա­մեստ գու­մար­նե­րը չեն բա­ւա­կա­նաց­ներ այդ հզօր քա­ղա­քը բա­նա­լու հա­մար: «­Մին­չեւ հի­մա մենք չենք բա­ցած ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի ամ­րո­ցին մուտ­քը, միան­գա­մայն հնա­րա­ւոր է, որ այն­տեղ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ ըլ­լան, նաեւ չենք կրնար ըն­դար­ձակ պե­ղում­ներ ը­նել դամ­բա­րա­նա­դաշ­տին վրայ: ­Տիգ­րա­նի դրամ­նե­րը շատ ե­զա­կի ե­ղած են նոյ­նիսկ իր ժա­մա­նակ, ե­թէ մենք հա­րիւր դրամ գտնենք, ան­կէ մէկ-եր­կու­քը ­Տիգ­րա­նի­նը ըլ­լա­լու են, բայց այդ­քան դրամ գտնե­լու հա­մար պէտք է պե­ղենք առ­նո­ւազն 30 դամ­բա­րան, ո­րուն հա­մար անհ­րա­ժեշտ պի­տի ըլ­լայ տա­րե­կան լրա­ցու­ցիչ 20-30 մի­լիոն դրամ: Այ­սինքն` նպա­տակ­նե­րը հասկ­նա­լի եւ տե­սա­նե­լի են, իսկ մի­ջոց­նե­րը չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ ա­նոնց»,- կ­՝ը­սէ ­Համ­լէթ ­Պետ­րո­սեան:
Ար­շա­ւա­խում­բին ղե­կա­վա­րը կը վստա­հեց­նէ` այ­սօր չկայ ա­ւե­լի դի­տար­ժան, մա­քուր եւ հա­սա­նե­լի յու­շար­ձան: ­Հան­րու­թեան հա­մար հա­սա­նե­լի յու­շար­ձան ըլ­լա­լուն կը նպաս­տեն նաեւ պար­բե­րա­բար թար­մա­ցո­ւող դի­մա­տետ­րի էջն ու կայ­քէ­ջը: Ն­պա­տա­կը յստակ է` հար­կա­ւոր է ա­նընդ­հատ ներ­կա­յաց­նել փաս­տարկ­ներ: Հ­նա­գէ­տը կը կար­ծէ, որ պե­տու­թիւ­նը յա­տուկ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն չի վա­րեր ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի հար­ցով։ ­Մինչ­դեռ այս յու­շար­ձա­նը ա­նոր հա­մար է, որ­պէս­զի մենք ներ­կա­յաց­նենք աշ­խար­հին:
«Ատր­պէյ­ճա­նի հետ առն­չո­ւե­լու ժա­մա­նակ՝ պատ­մա­կան փաս­տե­րը շատ կա­րե­ւոր են: Ատր­պէյ­ճա­նը ա­նընդ­հատ կը շեշ­տէ` այդ հո­ղե­րը պատ­մա­կան ատր­պէյ­ճա­նա­կան հո­ղեր են, իսկ հա­յե­րը հա­մո­զո­ւած են` ա­նի­կա հա­յե­րուն հայ­րե­նիքն է: Այ­սինքն՝ ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը մեր կամ­քէն ան­կախ կը ստա­նայ ո­րո­շա­կի քա­ղա­քա­կան ե­րանգ, չնա­յած այն բա­նին, որ ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի խում­բը հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րինս կը փոր­ձէ պա­հել ա­կա­դե­մա­կան մա­կար­դա­կի վրայ»:
Հ­նա­գէ­տը կը մեկ­նա­բա­նէ` ­Տիգ­րա­նա­կեր­տը կ­՝օգ­նէ նաեւ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ինք­նու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լուն.- «Այդ տա­րած­քի գիւ­ղե­րը բնա­կե­ցուած ե­ղած են ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րով, հի­մա այն­տեղ հաս­տա­տո­ւած հայ բնա­կիչ­նե­րը պատ­մա­կան մի­ջա­վայ­րին հա­մա­կեր­պո­ւե­լու, սե­փա­կան մշա­կու­թա­յին, ծի­սա­կան կեան­քը կազ­մա­կեր­պե­լու կա­րիք ու­նին, եւ այ­սօր ­Տիգ­րա­նա­կեր­տը կը կա­տա­րէ ա­նոնց հո­գե­ւոր, սրբա­զան կեդ­րո­նի դե­րը»:
­Տիգ­րա­նա­կեր­տի հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը կ­ար­ծես մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան հան­դէպ տա­րո­ւող քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նոր փորձ է: ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի տա­րած­քին գտնո­ւող եւ թան­գա­րա­նի վե­րա­ծո­ւած ուշ-միջ­նա­դա­րեան ամ­րո­ցը, աղ­բիւր­ներն ու նստա­րան­նե­րը յու­շար­ձա­նը այ­ցե­լու­նե­րուն հա­մար ա­ւե­լի հա­ճե­լի կը դարձ­նեն:
«­Մենք ա­մէն ինչ ը­րած ենք, որ յու­շար­ձա­նը մատ­չե­լի ըլ­լայ: ­Տիգ­րա­նա­կեր­տը ու­նի շատ լաւ դիրք. ­կը գտնո­ւի ան­մի­ջա­պէս Ս­տե­փա­նա­կերտ-­Մար­տա­կերտ մայ­րու­ղիին վրայ, բա­ւա­կան է նստիլ այդ ճա­նա­պար­հա­հա­տո­ւա­ծով ըն­թա­ցող ցան­կա­ցած եր­թու­ղա­յին, եւ կը յայտ­նո­ւիք ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ: Ողջ բնա­կա­տե­ղիի տա­րած­քին կան ցու­ցա­տախ­տակ­ներ, սլաք­ներ, բո­լոր պե­ղո­ւած յու­շար­ձան­նե­րու մօտ յա­տուկ վա­հա­նակ­ներ` ե­ռա­լե­զու բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով»,- կը նշէ ար­շա­ւա­խում­բին ղե­կա­վա­րը:
Չ­նա­յած այն բա­նին, որ դեռ պե­ղուած է քա­ղա­քի միայն 3-4 տո­կո­սը, մենք կրնանք պատ­կե­րա­ցում կազ­մել տիգ­րա­նեան եւ ա­ւե­լի ուշ ժա­մա­նակ­նե­րու քա­ղա­քի մա­սին`ամ­րո­ցը իր պա­րիսպ­նե­րով, ան­տիկ (հնա­դա­րեան) թա­ղա­մա­սեր, վաղ քրիս­տո­նէա­կան ըն­դար­ձակ եւ լաւ պահ­պա­նո­ւած հրա­պա­րակ:
Այս ա­մէ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ ը­սե­լու` տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ ­Տիգ­րա­նի ժա­մա­նա­կի ա­ւե­լի դա­սա­կան յու­շար­ձան, քան ­Տիգ­րա­նա­կեր­տը, գո­յու­թիւն չու­նի:
Ար­ցա­խեան ­Տիգ­րա­նա­կեր­տին մէջ պե­ղում­նե­րը սկսած են 2006 թո­ւա­կա­նին` հնա­գէտ ­Համ­լէթ ­Պետ­րո­սեա­նի անձ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ: 2008 թո­ւա­կա­նէն մին­չեւ այ­սօր՝ Ար­ցա­խի նա­խա­գա­հին ո­րո­շու­մով՝ ­Տիգ­րա­նա­կեր­տը կը պե­ղո­ւի պե­տու­թեան նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ: