Տիգ­րան Ար­փիա­րեան (1854-1914)

­Տիգ­րան Ար­փիա­րեան (1854-1914). Ա­րեւմ­տա­հայ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան հա­մար­ձա­կա­խօս Ի­րա­պաշ­տը Ն.

0
1444

­Դեկ­տեմ­բեր 15ի այս օ­րը կ­’ո­գե­կո­չենք յի­շա­տա­կը մեր սե­րունդ­նե­րուն թե­րեւս ոչ այն­քան ծա­նօթ, բայց ա­րեւմ­տա­հայ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան մէջ իր մնա­յուն պա­տո­ւան­դա­նը նո­ւա­ճած ­Տիգ­րան Ար­փիա­րեա­նի՝ ա­նոր մա­հո­ւան 103րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով։
­Հայ մա­մու­լի ե­րախ­տա­ւոր նո­ւի­րեալ­նե­րէն է բե­ղուն քրո­նի­կա­գիր, խմբա­գիր եւ ար­ձա­կա­գիր ­Տիգ­րան Ար­փիա­րեան, որ կրտսեր եղ­բայրն է հայ գրա­կա­նու­թեան ան­մահ դէմ­քե­րէն Ար­փիար Ար­փիա­րեա­նի։
­Պոլ­սա­հայ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան մէջ իր մնա­յուն տե­ղը նո­ւա­ճած այս մտա­ւո­րա­կա­նը շուրջ ե­րե­սուն տա­րի ա­մէ­նօ­րեայ խօ­սա­կի­ցը հան­դի­սա­ցաւ 19րդ ­դա­րա­վեր­ջի եւ քսա­նե­րորդ դա­րաս­կիզ­բի հայ մար­դուն, նախ՝ «Ա­րե­ւելք»ի, եւ ա­պա՝ «­Մա­սիս»ի է­ջե­րէն կա­նո­նա­ւո­րա­բար լոյս ըն­ծա­յած իր ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան քրո­նիկ­նե­րով։
­Գա­ղա­փա­րա­կան հա­յեացք­նե­րով ու ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան կողմ­նո­րո­շում­նե­րով՝ ­Տիգ­րան Ար­փիա­րեան հե­տե­ւորդն ու գոր­ծա­կի­ցը ե­ղաւ իր ա­ւագ եղ­բօր։ ­Թէեւ չու­նե­ցաւ «­Կար­միր ­Ժա­մուց»ի յե­ղա­փո­խա­շունչ հե­ղի­նակ իր եղ­բօր գա­ղա­փա­րա­կան թռիչ­քը, բայց ազ­գա­յին մեր ցա­ւե­րուն, թե­րու­թիւն­նե­րուն եւ այ­լա­սե­րում­նե­րուն հե­տե­ւո­ղա­կան քննար­կողն ու ա­նոնց սրբագ­րու­մին նո­ւի­րո­ւած ճա­կա­տա­բաց քննա­դա­տը դար­ձաւ։
­Պոլ­սա­հայ կեան­քի ազ­գա­յին ու հա­սա­րա­կա­կան շա­ղա­խի ինք­նա­մաքր­ման դրօ­շա­կիր մը ե­ղաւ, որ իր պարզ լե­զո­ւով, ան­պա­ճոյճ ո­ճով եւ դի­պուկ ախ­տո­րո­շում­նե­րով՝ ստեղ­ծեց հա­ւա­տա­րիմ ըն­թեր­ցող­նե­րու իր շրջա­նա­կը, դար­ձաւ ա­մէ­նօ­րեայ փնտռո­ւած քրո­նի­կա­գիր մը։
Ծ­նած է 1854ին Օր­թա­գիւղ, ­Պո­լիս։ ­Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցած է «­Մաք­րու­հեան» վար­ժա­րա­նին մէջ, ուր նոյն շրջա­նին ա­շա­կեր­տած էր նաեւ հայ նո­րա­վէ­պի իշ­խան Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ, ո­րուն հետ հաս­տա­տո­ւած Տ. Ար­փիա­րեա­նի սերտ մտեր­մու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ վերջ (Գ. ­Զօհ­րա­պի նա­խա­ձեռ­նած «­Մա­սիս»ի հրա­տա­րա­կու­թեան մէջ ­Տիգ­րան Ար­փիա­րեան ու­նե­ցաւ հիմ­նա­կան ներդ­րում՝ իբ­րեւ խմբա­գիր եւ ա­մէ­նօ­րեայ սիւ­նա­կա­գիր)։
Ա­ւար­տե­լով «­Թարգ­ման­չաց» վար­ժա­րա­նը՝ Տ. Ար­փիա­րեան քա­նի մը տա­րի պաշ­տօ­նա­վա­րեց հա­յոց պատ­րիար­քա­րա­նին մէջ։ ­Բայց հրա­պա­րա­կագ­րի ջի­ղը շու­տով զինք հե­ռա­ցուց պատ­րիար­քա­րա­նի դի­ւա­նա­տու­նէն եւ 1885էն սկսեալ ան աշ­խոյժ աշ­խա­տակ­ցու­թեամբ միա­ցաւ «Ա­րե­ւելք» թեր­թին՝ հայ կեան­քի լու­սա­ւոր­ման հե­տա­մուտ ա­զա­տա­խոհ իր հա­յեացք­նե­րուն ժո­ղովր­դա­կա­նաց­ման հա­մար ա­մէ­նօ­րեայ աս­պա­րէզ փնտռե­լով։
«Ա­րե­ւելք»ը նաեւ խմբագ­րա­կան իր ըն­դու­նա­կու­թեանց ծաղ­կու­մի դաշ­տը հան­դի­սա­ցաւ։ Աշ­խա­տա­կից­ներ իր շուրջ հա­մախմ­բե­լու եւ «Ա­րե­ւելք»ը նկա­րա­գիր ու­նե­ցող թեր­թի վե­րա­ծե­լու Տ. Ար­փիա­րեա­նի յա­ջո­ղու­թիւ­նը օգ­նեց, որ ան սի­րո­ւած ու յար­գո­ւած հե­ղի­նա­կու­թիւն դառ­նայ պոլ­սա­հայ մտա­ւո­րա­կան կեան­քին մէջ։ Այդ հի­ման վրայ ալ, 1890ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, երբ Գ­րի­գոր ­Զօհ­րապ ստանձ­նեց «­Մա­սիս» թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, ­Տիգ­րան Ար­փիա­րեան ան­վա­րան ըն­դա­ռա­ջեց ­Զօհ­րա­պի հրա­ւէ­րին եւ լծուե­ցաւ «­Մա­սիս»ի ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան դի­մագ­ծի վե­րա­նո­րո­գու­մին՝ իբ­րեւ խմբա­գիր եւ քրո­նի­կա­գիր։
­Տիգ­րան Ար­փիա­րեան ի­րա­ւամբ կը նկա­տուի ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան Ի­րա­պաշտ ­Սե­րուն­դին հա­մար­ձա­կա­խօս հրա­պա­րա­կա­գի­րը, որ ըստ ար­ժան­ւոյն գնա­հա­տո­ւած է նաեւ ա­րե­ւե­լա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ ­Թէեւ խորհր­դա­յին ժա­մա­նակ­նե­րուն գա­ղա­փա­րա­կան ընդ­հա­նուր ան­տե­սու­մի ա­ռար­կայ դար­ձաւ նաեւ ինք, այ­դու­հան­դերձ՝ վեր­ջին շրջա­նին հա­յաս­տա­նեան մա­մու­լի է­ջե­րուն շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը դրո­ւին ­Տիգ­րան Ար­փիա­րեա­նի գրչին պատ­կա­նող ակ­նարկ­ներ, ո­րոնց­մէ մէ­կուն շնչա­ւո­րած ո­գին ու պատ­գա­մը այ­սօր ալ կը պահ­պա­նեն ի­րենց այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը.-
«­Կով­կա­սեան յի­շա­տակ­նե­րէս. ­Թիֆ­լի­սէն՝ ­Բօր­ժօմ» խո­րագ­րին տակ, անդ­րա­դառ­նա­լով եր­կա­թու­ղագ­ծա­յին շո­գե­կառ­քով իր մէկ ճամ­բոր­դու­թեան, Տ. Ար­փիա­րեան կը նշէ, թէ ա­նակն­կա­լօ­րէն կը յայտ­նո­ւի միեւ­նոյն վա­կո­նին մէջ կով­կա­սա­հայ մե­ծա­համ­բաւ մի­լիո­նա­տէր Ա­ղեք­սանդր ­Ման­թա­շո­վի հետ։ ­Ման­թա­շով եւ ա­նոր ծե­րու­նի մայ­րը կ­’ար­ժա­նան ամ­բողջ վա­կո­նի ճամ­բորդ­նե­րուն յար­գան­քին եւ մե­ծա­րան­քին, իսկ Տ. Ար­փիա­րեան բախ­տը կ­þու­նե­նայ զրու­ցե­լու այն­քան մե­ծա­հա­րուստ, բայց միա­ժա­մա­նակ պարզ ու ազ­գա­սէր ­Ման­թա­շո­վին հետ։ ­Հայ մե­ծա­հա­րուստ բա­րե­րա­րը ջերմ երկր­պա­գուն էր Գ­րի­գոր Արծ­րու­նիի թիֆ­լի­սեան «Մ­շակ» թեր­թին, ո­րուն ա­տե­նին կ­’աշ­խա­տակ­ցէր Ար­փիար Ար­փիա­րեան։ Այս վեր­ջի­նին եղ­բայ­րը ըլ­լա­լու իր հան­գա­ման­քին հա­մար՝ ­Տիգ­րան կ­’ար­ժա­նա­նայ ­Ման­թա­շո­վի յա­տուկ հո­գա­ծու­թեան։ ­Կը զրու­ցեն ազ­գը յու­զող մեծ ու փոքր խնդիր­նե­րու մա­սին եւ ճամ­բոր­դու­թեան ա­ւար­տին, երբ ար­դէն մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցած են ի­րա­րու, Տ. Ար­փիա­րեա­նի ակ­նար­կը կը յան­գի հե­տե­ւեալ պատ­գա­մով պսա­կու­մի.
«­Թէյ ըմ­պե­լու հա­մար երբ կա­յա­րան մտանք, կով­կա­սա­հայ մի­լիո­նա­տէ­րը, հայ­րա­կան բա­րի ժպի­տով մը եւ ձեռ­քի ու­ժեղ սեղ­մու­մով մը, ա­փիս մէջ սա­հե­ցուց մա­գա­ղա­թեայ փոք­րիկ պա­հա­րան մը, ա­ռանց բառ մը ար­տա­սա­նե­լու։
«Եր­կու ժամ վերջ, երբ կառ­քե­րով ճամ­բայ ե­լանք ու ի­րիկ­նա­մու­տին ­Բօր­ժօմ հա­սանք մեր վիլ­լա­նե­րուն դու­ռը՝ իս­կոյն խուցս ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցայ։ Ա­ռա­ջին գործս ե­ղաւ, բնա­կա­նա­բար, բա­նալ մա­գա­ղա­թեայ բօրթ­ֆօէյ­լը։
«­Կը բո­վան­դա­կէր «հինգ հա­րիւր ռուպ­լի» եղ­բօրս՝ Ար­փիար Ար­փիա­րեա­նին ա­նու­նին եւ նոյն­քան գու­մար մը՝ իմ ա­նու­նիս, հա­մակ­րա­կան բա­ռեր պա­րու­նա­կող մի քա­նի տո­ղե­րով։
«Եւ երբ կը մտա­ծեմ այս­տե­ղի «հա­րուստ» կո­չուած ազ­նո­ւա­շուք­նե­րուն վրայ, ո­րոնք, երբ տա­րեց ու հի­ւանդ գրա­գէտ մը ի­րենց կը դի­մէ սրտա­շարժ նա­մա­կով մը, առ ա­ռա­ւելն կէս նա­փօ­լէօն կը ղրկեն սպա­սա­ւո­րին հետ…
«… ու զզո­ւա՜նք կու գայ»։
Հ­րա­պա­րա­կագ­րա­կան եւ խմբագ­րա­կան իր հեւ­քոտ աշ­խա­տան­քին կող­քին, ­Տիգ­րան Ար­փիա­րեան նո­ւի­րո­ւե­ցաւ նաեւ գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան։ ­Թէեւ ար­ձա­կագ­րի իր տա­ղան­դը մնաց հա­մեստ, բայց մեր գրա­կա­նու­թեան ի­րա­պաշտ ժա­ռան­գու­թեան մէջ ի­րենց յի­շար­ժան տե­ղը գտան ­Տիգ­րան Ար­փիա­րեա­նէն քա­նի մը գոր­ծեր։ Այս ա­ռու­մով կ’ար­ժէ խօս­քը տալ մեծն ­Յա­կոբ Օ­շա­կան քննա­դա­տին, որ իր «­Հա­մա­պատ­կեր Ա­րեւմ­տա­հայ Գ­րա­կա­նու­թեան» կո­թո­ղա­կան ու բազ­մա­հա­տոր գոր­ծին հին­գե­րորդ հա­տո­րի վեր­ջա­ւո­րու­թեան հե­տե­ւեալ հա­կիրճ վկա­յու­թեան ար­ժա­նա­ցու­ցած է ­Տիգ­րան Ար­փիա­րեա­նը.
«­Մեր դպրու­թեան պատ­մու­թեան մէջ գէթ իր «ծա­ռա­յու­թեամբ»ը ար­ժա­նա­ւոր դէմք մըն է։ Ս­րա­միտ, խե­լա­ցի, դիւ­րա­հա­ղորդ իր ո­ճը զին­քը ը­րած է ի­րա­պաշ­տու­թեան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ու մա­նա­ւանդ ա­ւե­լի ետ­քը մէ­կը մեր փնտռո­ւած գրող­նե­րէն։ Իր քրո­նիկ­նե­րը ա­նար­ժան չեն ի­րա­պաշտ հան­գա­նա­կին։ «Ա­րե­ւելք»ի, «­Հայ­րե­նիք»ի եւ «­Մա­սիս»ի (զոր 1900էն վերջ խմբագ­րած ալ է) մէջ ա­նի­կա ոչ միայն այն օ­րե­րու ըն­թա­ցիկ քրո­նի­կը մշա­կած է մեծ ճար­տա­րու­թեամբ, այ­լեւ գրած է գրա­կան քրո­նի­կի թե­թեւ, հա­ճե­լի, անվ­նաս կա­ղա­պար մը։ 1900ի շրջան­նե­րուն, գրա­կան կեան­քին շուրջ ան ու­նի հա­մով, յա­ճախ ճիշդ խօս­քեր, ա­ռանց ծանր դա­տում­նե­րուն ըն­կե­րա­ցող յա­ւակ­նու­թեան։ Ի պաշ­տօ­նէ քննա­դա­տի մը քրո­նիկ­նե­րը չեն ան­շուշտ ա­նոնք, ինչ­պի­սին է պա­րա­գան, օ­րի­նա­կի հա­մար, Ար­շակ ­Չօ­պա­նեա­նին։ ­Բայց շրջա­նը, իր հա­րա­զատ գոյ­նին մէջ տես­նե­լու հա­մար, չա­փա­զանց շա­հե­կան։
«Իր­մէն կ­’ա­զա­տի սա­կայն պատ­մո­ւածք մը՝ «Ա­ւազ­նե­րուն մէջ», գրո­ւած ի­րա­պաշտ ո­գիէն վեր ջեր­մու­թեամբ մը, գրե­թէ ­Տո­տէի մը զգայ­նու­թեամ­բը եւ տի­պա­րա­յին ժուժ­կալ ի­րա­կա­նու­թեամբ մը։ Ի­րա­պաշտ նո­րա­վէ­պի սե­ռին զգա­ցա­կան, մար­դօ­րէն քաղցր յա­ջո­ղո­ւած­քը ա­պա­հո­վա­բար պէտք է նկա­տել «Ա­ւազ­նե­րուն մէջ»ը։ ­Մար­դեր, բնու­թիւն, յու­զու­մի ո­լորտ, տե­սո­ղու­թիւն, զգայ­նու­թիւն, բար­քեր։ Ու ա­սոնց քովն ի վեր, շրջա­նի մը յատ­կան­շա­կան ձգտու­մը, կեան­քի ճամ­բով բա­րո­յա­կա­նին դար­պա­սը։ ­Կա՛ն ա­սոնք այդ նո­րա­վէ­պին մէջ»։