Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ) հայկական Սուրբ Սարգիս կաթոլիկ եկեղեցին կրնայ քանդուիլ: Թրքական «Karinca» թերթին կայքի տեղեկացմամբ՝ Տիարպեքիրի Սուր շրջանի Ալիփաշա եւ Լալեբէյ թաղամասերուն մէջ վերակառուցման աշխատանքներ կը նախատեսուին: Այդ աշխատանքներու ծիրէն ներս որոշուեցաւ քանդել նշուած թաղամասերուն մէջ գտնուող շարք մը շինութիւններ, որոնց միջեւ յայտնուած է նաեւ պատմական հայկական կառոյցը:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը կամ տեղական ինքնակառավարման մարմինները երբեւէ որեւէ քայլ չեն ըրած եկեղեցւոյ վերակառուցման կամ պահպանման ուղղութեամբ՝ միաժամանակ աչք փակելով գանձախոյզներուն կողմէ եկեղեցւոյ տարածքին մէջ գործուող աւերներուն վրայ:
«100 տարի առաջ տեղի ունեցած կոտորածներէն յետոյ, հայերը կ՚աքսորուէին կամ կը կոտորուէին: Այդ պատճառով՝ Սուրի մէջ շատ քիչ հայկական կառոյցներ պահպանուած են: Այսօր, այլ ազգերու հետ ալ կը վարուին այնպէս, ինչպէս 100 տարի առաջ հայերուն հետ վարուած են: Սակայն խնդիրը միայն եկեղեցւոյ կազմաքանդումը չէ: Խնդիրն այն է, որ մինչ կը քննարկուի հայերու պատկանող գոյքերու վերադարձի հարցը, իրական զարգացումները բոլորովին հակառակ ուղղութեամբ կ՚ընթանան»,- ըսաւ Մըհչըն: Ան ընդգծեց, որ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ կազմաքանդումը նպատակ ունի վերցնելու այդ տարածքին մէջ հայերէ մնացած հետքերը:
Մուրաթ Մըհչըն տեղեկացուցած է, նաեւ, որ եկեղեցւոյ քանդման դէմ իրաւական գործընթաց սկսած է եւ հայկական շինութիւններու ու պատմական կառոյցներու պահպանման համար մղուող պայքարը այսուհետեւ եւս պիտի շարունակուի:
Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, Տիարպեքիրի հայկական Սուրբ Սարգիս կաթոլիկ եկեղեցին օգտագործուած է որպէս հացահատիկի շտեմարան եւ ախոռ: Բացի այդ, եկեղեցին որոշ ժամանակ ծառայած է նաեւ որպէս անմշակ բրինձի գործարան, որու պատճառով ստացած է «Չելթիք Քիլիսեսի» (Անմշակ-բրինձի Եկեղեցի) անունը:
Նշենք, որ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ կառուցման ստոյգ տարեթիւը յայտնի չէ, քանի որ այդ մասին բաւարար գրաւոր աղբիւրներ կամ արձանագրութիւններ չկան: Սակայն որոշ մասնագէտներ, դատելով եկեղեցւոյ նախագիծէն եւ ճարտարապետական առանձնայատկութիւններէն, կենթադրեն, որ այն 16րդ դարու կառոյց է:
Տիարպեքիրի Սուրբ Սարգիս կաթոլիկ եկեղեցին
Որոշուած է քանդել Տիարպեքիրի հայկական Սուրբ Սարգիս կաթոլիկ եկեղեցին