Տի­լեա­նա ­Կայ­թան­ճիե­ւա­յ

Ատր­պէյ­ճան կը ճնշէ ­Պուլ­կա­րիոյ վրայ՝ դէ­պի ա­հա­բե­կիչ­ներ զի­նամ­թեր­քի իր ա­ռա­քում­նե­րը բա­ցա­յայ­տած լրագ­րո­ղը գոր­ծէն ար­ձա­կե­լու պա­հան­ջով

0
9701

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ — «­Քա­լի­ֆոր­նիա ­Քու­րիըր»

Ան­ցեալ ա­միս գրած էի պուլ­կա­րա­ցի լրագ­րող ­Տի­լեա­նա ­Կայ­թան­ճիե­ւա­յի բա­ցա­յայ­տում­նե­րուն մա­սին, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի Silk Way պե­տա­կան օ­դա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թիւ­նը դի­ւա­նա­գի­տա­կան թռիչք­նե­րու քո­ղին տակ վեր­ջին ե­րեք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին 350 թռիչք ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է՝ ծանր զէն­քեր եւ զի­նամ­թերք ա­ռա­քե­լով ա­հա­բեկ­չա­կան խում­բե­րու, ո­րոնք կը գտնո­ւին ­Սու­րիա եւ այլ եր­կիր­ներ:
Օ­գոս­տոս 24ին ­Տի­լեա­նա իր թո­ւի­թը­րեան է­ջին մէջ գրած է.- «­Զիս պար­զա­պէս գոր­ծէ ար­ձա­կե­ցին՝ դի­ւա­նա­գի­տա­կան թռիչք­նե­րով ­Սու­րիոյ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն ուղ­ղո­ւած զի­նամ­թեր­քի մա­տա­կա­րա­րում­նե­րու մա­սին ճշմար­տու­թիւ­նը ը­սած ըլ­լա­լուս հա­մար»:
­Տի­լեա­նա իր ֆէյս­պու­քեան է­ջին մէջ գրած է, որ ինք աշ­խա­տան­քէ ար­ձա­կո­ւած է ­Պուլ­կա­րիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նե­ցու­ցած ճնշում­նե­րուն պատ­ճա­ռով, քա­նի որ կը պատ­րաս­տուէր ­Սու­րիա մեկ­նիլ՝ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար իր հե­տաքն­նու­թիւ­նը:
«Ար­մէնփ­րէս»ի տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ­Տի­լեա­նա ը­սած է, որ զինք գոր­ծէ ար­ձա­կե­լէ ա­ռաջ, ­Պուլ­կա­րիոյ ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան գոր­ծա­կա­լու­թե­նէն հե­ռա­ձայ­նած են ի­րեն եւ հար­ցու­ցած իր բա­ցա­յայ­տում­նե­րու աղ­բիւր­նե­րուն մա­սին: ­Պա­տաս­խա­նած է, որ իր աղ­բիւ­րը ե­ղած է Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան կայ­քը, զոր մինչ այդ կոտ­րած էին, սա­կայն այլ ման­րա­մաս­ներ չ­՛ու­զեր ներ­կա­յաց­նել: Եր­կու ժամ ետք, ան հե­ռա­ձայն ստա­ցած է «Թ­րուտ» օ­րա­թեր­թէն եւ ի­րեն փո­խան­ցո­ւած՝ աշ­խա­տան­քէ հե­ռա­ցո­ւած ըլ­լա­լուն մա­սին:
­Յօ­դո­ւա­ծը հրա­պա­րա­կե­լէ ետք, ­Տի­լեա­նա բա­ցա­յայ­տած է, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան դես­պա­նա­տու­նը յոր­դո­րած է ­Պուլ­կա­րիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան՝ հե­տաքն­նե­լու զինք. իբ­րեւ հե­տե­ւանք՝ ան ար­ձա­կո­ւած է գոր­ծէն:
­Սա­կայն պուլ­կա­րա­ցի խի­զախ լրագ­րո­ղը կը հրա­ժա­րի լռե­լէ…: Ան «Ար­մէնփ­րես»ին յայտ­նած է, որ ոչ ոք կրնայ զինք կեց­նել՝ իր հե­տաքն­նու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­լէ.- «Ա­նոնք չկրցան կեց­նել զիս եր­կու ա­միս ա­ռաջ. ա­նոնք չկրցան կեց­նել զիս ե­րէկ՝ բարձ­րա­ձայն ար­տա­յայ­տո­ւե­լէ: Ես տա­կա­ւին նոր գրե­ցի ըն­կե­րա­յին լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րու մէջ: Ա­նոնք ան­կախ լրագ­րո­ղին չեն կրնար ստի­պել՝ լռե­լու: Ես պար­տա­ւո­րու­թիւն մը չու­նիմ ոե­ւէ մէ­կուն: Ես պար­տա­ւոր եմ մար­դոց ը­սե­լու ճշմար­տու­թիւ­նը, սա՛ է իմ գործս»:
­Տի­լեա­նա շեշ­տած է, որ ­Պուլ­կա­րիա քա­ջա­տե­ղեակ էր զի­նամ­թեր­քի ա­պօ­րի­նի ա­ռա­քում­նե­րուն մա­սին, քա­նի որ ա­նոր ձեռ­քին տակ էին այն բո­լոր փաս­տա­թուղ­թե­րը, ո­րոնք կը հաս­տա­տէին, թէ ­Պուլ­կա­րիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, քա­նի մը եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը եւ շատ ու­րիշ­ներ ի­րենց հա­ւա­նու­թիւ­նը տո­ւած են այդ գաղտ­նի եւ ա­նօ­րի­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն…
­Պուլ­կա­րա­ցի լրագ­րո­ղը կոչ ը­րած է Մ.Ա.Կ.ին՝ հե­տաքն­նու­թիւն բա­նա­լու Ատր­պէյ­ճա­նի, ­Պուլ­կա­րիոյ, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու, ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ եւ այլ եր­կիր­նե­րու դէմ: ­Բա­ցի ատ­կէ, ­Տի­լեա­նա ա­ջակ­ցու­թեան խնդրան­քով դի­մած է ան­կախ լրագ­րող­նե­րուն եւ լայն հա­սա­րա­կու­թեան: Ան ընդգ­ծած է.- «Ես ա­ռա­ջին եւ վեր­ջին լրագ­րո­ղը չեմ, ո­րուն գոր­ծէ կ­՛ար­ձա­կեն: Ես մեծ ակն­կա­լիք­ներ չու­նիմ մեծ լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րէն, քա­նի որ ա­նոնք ու­նին ի­րենց քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գը, նպա­տակ­նե­րը եւ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը:
Այն, ինչ կ­՛ակն­կա­լեմ՝ կա­րե­նալ տա­րա­ծելն է այս տե­ղե­կու­թիւ­նը ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ, ոչ-մեծ լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րու ճամ­բով»:
­Տի­լեա­նա նաեւ բա­ցա­յայ­տած է, որ Ատր­պէյ­ճան վճա­րած է պուլ­կա­րա­ցի լրագ­րող­նե­րուն՝ ­Պա­քո­ւի հա­մար նպաս­տա­ւոր յօ­դո­ւած­ներ հրա­պա­րա­կե­լու նպա­տա­կով.- «Ես կրնամ ձե­զի տրա­մադ­րել փաստ մը, որ ձեռք բե­րուած է Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տան վրայ հա­մա­կարգ­չա­յին յար­ձա­կու­մէ ետք գաղտ­նա­զեր­ծո­ւած փաս­տա­թուղ­թե­րէ: Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տու­նը գու­մար­ներ վճա­րած է լրագ­րող­նե­րուն՝ յօ­գուտ Ատր­պէյ­ճա­նի կամ Ատր­պէյ­ճա­նի հրա­հան­գով հրա­պա­րա­կո­ւած յօ­դո­ւած­նե­րու հա­մար»:
­Տի­լեա­նա կը պնդէ, որ ինք վճռա­կան տրա­մադ­րո­ւած է՝ շա­րու­նա­կե­լու իր աշ­խա­տան­քը.- «Ես կը պատ­րաս­տո­ւիմ ստեղ­ծե­լու իմ սե­փա­կան առ­ցանց լրա­տո­ւա­կան մի­ջո­ցը, քա­նի որ հի­մա ­Պուլ­կա­րիոյ մէջ ոչ ոք կ­՛ըն­դու­նի հրա­պա­րա­կել հե­տաքն­նու­թիւն­ներս: ­Պուլ­կա­րա­կան լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րը աշ­խա­տանք չեն ա­ռա­ջար­կեր ին­ծի: Ուս­տի՝ ես կը մտա­ծեմ իմ սե­փա­կան լրա­տո­ւա­կան մի­ջոցս ստեղ­ծե­լու մա­սին. սա՛ է լու­ծու­մը»:
­Տի­լեա­նա­յի բա­ցա­յայ­տում­նե­րը հաս­տա­տած է ­Թե­րի ­Մէյ­սան՝ sott.net կայ­քի մէջ տե­ղադ­րո­ւած յօ­դո­ւա­ծով մը՝ նշե­լով, որ Sycamore գոր­ծո­ղու­թիւ­նը կ­՛ընդգր­կէ առ­նո­ւազն 17 պե­տու­թիւն եւ կը ներ­կա­յաց­նէ տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր թոն զի­նամ­թերք.- «­Վեր­ջին եօ­թը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ա­պօ­րի­նի կեր­պով քա­նի մը մի­լիառ տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ սպա­ռա­զի­նու­թիւն ու­ղար­կո­ւած է ­Սու­րիա…: ­Բազ­մա­թիւ փաս­տա­թուղ­թեր կը վկա­յեն այն մա­սին, որ տե­ղա­փո­խու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր հրա­մա­նա­տար ­Տէյ­վիտ ­Փեթ­րէու­սի կող­մէ, ա­ռա­ջին հեր­թին բա­ցա­յայ­տօ­րէն, ­Կեդ­րո­նա­կան ­Հե­տա­խու­զա­կան ­Վար­չու­թեան (CIA-Կ.Հ.Վ.) մի­ջո­ցով, ո­րուն տնօ­րէնն էր ան, ա­պա՝ մաս­նա­ւոր կեր­պով, KKR ֆի­նան­սա­կան ըն­կե­րու­թեան մի­ջո­ցով, ո­րոշ բարձ­րաս­տի­ճան պե­տա­կան ծա­ռա­յող­նե­րու օգ­նու­թեամբ…: Այժմ նոր տար­րե­րը ցոյց կու տան Ատր­պէյ­ճա­նի գաղտ­նի­քը՝ պա­տե­րազ­մի զար­գաց­ման ըն­թաց­քին մա­սին [­Սու­րիոյ մէջ]…: ­Թէեւ դէ­պի ­Սու­րիա հիմ­նա­կան սպա­ռա­զի­նու­թիւն­ներ ար­տա­հա­նող­նե­րէն մէ­կը ­Պուլ­կա­րիան էր, սա­կայն ան օգ­նու­թիւն կը ստա­նար Ատր­պէյ­ճա­նէն»:
­Մէյ­սան իր յօ­դո­ւա­ծին մէջ կը մէջ­բե­րէ ­Հե­տաքն­նու­թիւն­նե­րու ­Դաշ­նա­յին ­Բիւ­րո­յի (FBI-Հ.Դ.Բ.) նախ­կին թարգ­մա­նիչ եւ ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան բա­ցա­յայ­տող­նե­րու հա­մախմբ­ման հիմ­նա­դիր ­Սի­պէլ Էտ­մընտ­զը՝ բա­ցա­յայ­տե­լով, որ «Ատր­պէյ­ճան, նա­խա­գահ ­Հէյ­տար Ա­լիե­ւի իշ­խա­նու­թեան օ­րով, 1997-2001 թո­ւա­կան­նե­րուն, ­Բա­քո­ւի մէջ հիւ­րըն­կա­լած է Այ­ման ալ-­Զա­ւա­հի­րին՝ Ալ-­Քա­յի­տա­յի թիւ 2 ան­դա­մին: Այդ կա­տա­րո­ւած է Կ.Հ.Վ.ի խնդրան­քով: ­Թէեւ ան պաշ­տօ­նա­պէս կը փնտռո­ւէր Հ.Դ.Բ.ի կող­մէ, սա­կայն այդ անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը, որ հե­տա­գա­յին մի­ջազ­գա­յին ճի­հա­տա­կան ցան­ցի մէջ թիւ 2ն­ էր, ՆԱԹՕի ինք­նա­թիռ­նե­րով կա­նո­նա­ւոր կեր­պով կը ճամ­բոր­դէր դէ­պի Աֆ­ղա­նիս­տան, Ալ­պա­նիա, Ե­գիպ­տոս եւ ­Թուր­քիա: Ան յա­ճախ կը հիւ­րըն­կա­լուէր ­Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ ար­քա­յազն ­Պան­տար ­Պըն ­Սուլ­թա­նի կող­մէ»:
Ա­մե­րի­կա­հայ հա­մայն­քը պէտք է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ հրա­ւի­րէ հան­րա­ճա­նաչ պուլ­կա­րա­ցի լրագ­րող ­Տի­լեա­նան, դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու եւ մամ­լոյ ա­սու­լիս­նե­րու ճամ­բով հրա­պա­րա­կա­յին դարձ­նե­լու հա­մար ա­նոր զգա­յա­ցունց բա­ցա­յայ­տում­նե­րը՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն ա­պօ­րի­նի կեր­պով զի­նամթերք ա­ռա­քե­լու մա­սին: