Տէրոյենց Պատուելի (Յովհաննէս Չամուրճեան, 1801-1888)

Տէրոյենց Պատուելի (Յովհաննէս Չամուրճեան, 1801-1888). Հայոց Աւանդապաշտութեան ախոյեանն ու մարտաշունչ Պահպանողականը Ն.

0
3026

Յու­լիս 6ի այս օ­րը կը լրա­նայ մա­հո­ւան 130ա­մեա­կը հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թեան ար­դի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մե­ծա­նուն ե­րախ­տա­ւոր­նե­րէն Տէ­րո­յենց Պա­տո­ւե­լիին, որ իբ­րեւ բա­նա­սէ­րի եւ դա­ւա­նա­բա­նի, հա­յա­գէ­տի ու ման­կա­վար­ժի, 19րդ դա­րու կէ­սե­րուն իր շեշ­տա­կի դրոշ­մը դրաւ հայ մտքի եւ գրա­կա­նու­թեան դե­գե­րում­նե­րուն վրայ՝ Ազ­գա­յին Զար­թօն­քի ու­ղին ին­քնո­ւրոյն հար­թե­լու ա­ւան­դա­պաշտ իր պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թեամբ։
Հայ մտքի եւ գրա­կա­նու­թեան ե­րախ­տա­շատ ար­ժա­նա­ւոր­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած հրա­պա­րա­կում­նե­րու մէջ, յա­ճախ կա­րե­լի է հան­դի­պիլ Տէ­րո­յենց Պա­տո­ւե­լիի ար­ժէքն ու հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը շեշ­տող յի­շա­տա­կու­թեանց կամ յղում­նե­րու։ Այ­սու­հան­դերձ՝ մեր սե­րունդ­նե­րը ընդ­հան­րա­պէս շատ քիչ բան գի­տեն Տէ­րո­յեն­ցի մա­սին, ան­շուշտ… համ­բա­ւա­ւոր իր ա­նու­նէն ան­դին։
Մո­ռա­ցու­թեան կամ ան­տե­սու­մի հե­տե­ւան­քով չէ, սա­կայն, որ մեր սե­րունդ­նե­րը մօ­տէն ծա­նօթ չեն Յով­հան­նէս «պա­տո­ւե­լի» Չա­մուր­ճեան Տէ­րո­յեն­ցին, որ իր ժա­մա­նա­կին, հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ իր երկրպա­գու­նե­րուն, թէ՛ ընդ­դի­մա­խօս­նե­րուն գնա­հա­տու­մով՝ ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան ու ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն պաշ­տա­մուն­քը բա­ցար­ձա­կու­թեան հաս­ցու­ցած, խո­րա­պէս ա­ւան­դա­պաշտ, դա­ւա­նա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան բա­նա­վէճ­նե­րու անմր­ցե­լի ա­խո­յեան ու ծայ­րա­յե­ղօ­րէն պահ­պա­նո­ղա­կան հե­ղի­նա­կու­թիւն մը։
Այն աս­տի­ճան, որ Տէ­րո­յեն­ցէն եր­կու սե­րունդ ետք, մեծն Յա­կոբ Օ­շա­կան քննա­դա­տի իր դա­ժան խստա­պա­հան­ջու­թեամբ հան­դերձ պի­տի հաս­տա­տէր, թէ «այս պա­տո­ւե­լիին դէմ­քը ոչ միայն տի­րա­կան, այ­լեւ հա­մադ­րա­կան, խորհրդան­շա­կան տա­րո­ղու­թիւն մը կը պար­զէ։ Ա­նի­կա միս-մի­նա­կը կը ներ­կա­յաց­նէ ԺԹ. դա­րու ա­ռա­ջին կէ­սին ամ­բողջ մտայ­նու­թիւ­նը, տե­սակ մը կեդ­րո­նա­կան ա­ւա­զան, ուր ըլ­լա­յին ամ­բա­րո­ւած մեր ԺԸ. դա­րու բո­լոր ցան­կու­թիւն­նե­րը, վստա­հու­թիւն­նե­րը, ապ­րու­մի այն տախ­տակ­նե­րը, ո­րոնց վրայ մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը, ա­ւա­գա­նին, ա­մի­րա­յու­թիւ­նը, մեր այդ օ­րե­րուն յար­դա­րան­քը ե­ղող մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը դրած է իր վճռա­կան կնի­քը։ Ի՜նչ ըն­դար­ձակ մարդ։ Ի՜նչ ան­հուն ա­ռա­ջադ­րու­թիւն­ներ։ Ի՜նչ ալ՝ իր ժո­ղո­վուր­դին ա­մէ­նէն գաղտ տուր­քե­րուն կող­մէ ամ­րա­պէս պաշտ­պա­նո­ւած տի­պար մըն է այդ պա­տո­ւե­լին։ Իր հա­րիւր յի­սու­նը անց­նող մեծ ու պզտիկ, ինք­նա­գիր թէ թարգ­մա­նա­ծոյ, գրա­բար թէ աշ­խար­հա­բար, տպեալ թէ ան­տիպ հա­տոր­նե­րով, Չա­մուր­ճեան պա­տո­ւե­լին տի­տա­նեան աշ­խա­տա­ւոր մըն է»։
Պա­տա­հա­կան չէ, նաեւ, որ Յա­կոբ Պա­րո­նեան «Ազ­գա­յին Ջո­ջեր»ը ձաղ­կող իր եր­գի­ծան­քին մէջ, իբ­րեւ հե­ղի­նա­կա­ւոր խօս­քի եւ մար­տա­շունչ տե­սա­կէ­տի բա­ցար­ձա­կա­պաշտ կեր­պա­րի, թի­րախ ընտ­րեց Տէ­րո­յենց Պա­տուե­լին։
Բա­ռին բուն ի­մաս­տով ի՛ր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին մար­դը ե­ղաւ Տէ­րո­յենց եւ այդ է պատ­ճա­ռը, որ 19րդ դա­րու հա­յոց Ազ­գա­յին Զար­թօն­քի նա­խա­կա­րա­պետ­նե­րուն մէջ ա­մէ­նէն հան­րա­գի­տակ եւ հե­ղի­նա­կա­ւոր հսկան ըլ­լա­լով հան­դերձ, իս­կա­պէս պատ­կա­ռազ­դու եւ ըստ ա­մե­նայ­նի պա­տո­ւի ար­ժա­նի՝ «պա­տո­ւե­լի՛» այս դէմ­քը ու­ղին հար­թեց, բայց խօ­սա­կի­ցը չե­ղաւ հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն։
Իր պաշ­տած ար­ժէք­ներն ու դա­ւա­նած սկզբունք­նե­րը, սե­փա­կան հա­մո­զում­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան եւ հիմ­նա­ւոր­ման հա­մար ան­նա­հանջ պայ­քա­րո­ղի իր ան­հա­տա­կա­նու­թեան դրոշ­մով, վճռո­րոշ դեր ու­նե­ցան իր ժա­մա­նա­կի հայ հան­րա­յին կար­ծի­քին ձե­ւա­ւոր­ման ու հու­նա­ւոր­ման մէջ։
Աշ­խար­հա­բա­րի որ­դեգր­ման եւ մշակ­ման ռահ­վի­րա­նե­րէն ե­ղաւ, բայց հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան եւ ա­մի­րա­յա­կան խա­ւի հա­ւա­տա­ւոր պաշտ­պա­նի իր դիր­քե­րէն ոչ մէկ զի­ջում ըն­դու­նեց կա­տա­րել։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ պահ­պա­նո­ղա­կան կա­տա­ղի ընդ­դի­մա­խօ­սը ե­ղաւ ա­զա­տա­խո­հու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րաց­ման այն ա­լի­քին, որ 1850ա­կան­նե­րուն թափ ա­ռաւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, Ս­տե­փան Ոս­կան­նե­րու եւ Մի­քա­յէլ Նալ­բան­դեան­նե­րու ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դով։
Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը եւ ազ­գա­յին դա­ւա­նա­բա­նու­թիւ­նը հար­ցա­կա­նի տակ դնող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին զու­գա­դի­պե­ցաւ Տէ­րո­յեն­ցի հան­րա­յին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ ան կանգ­նե­ցաւ ա­ռա­ջին դիր­քե­րուն վրայ՝ բո­ղո­քա­կան թէ կա­թո­լիկ քա­րոզ­չու­թեանց դէմ ծա­ւա­լած հրա­պա­րա­կա­յին բուռն բա­նա­վէ­ճե­րու եւ պայ­քար­նե­րու ըն­թաց­քին։ Բո­ղո­քա­կա­նու­թեան եւ կա­թո­լի­կու­թեան դէմ իր հա­կադ­րու­թիւնն ու մղած դա­ւա­նա­բա­նա­կան պայ­քա­րը ե­ղան այն­քան բա­ցար­ձա­կա­պաշտ եւ ան­հաշտ, որ Ար­փիար Ար­փիա­րեան հե­տա­գա­յին Տէ­րո­յեն­ցը նկա­տեց «կրօ­նա­սի­րու­թիւ­նը կրօ­նա­մո­լու­թեան տա­րած հռչա­կա­նուն աստուա­ծա­բան» մը։
Այդ պատ­ճա­ռով ալ «աշ­խար­հիկ վա­նա­կան» կոչուե­ցաւ իր կեն­սա­գիր­նե­րէն Յա­րու­թիւն Մրմրեա­նի կող­մէ։
Ի­րա­պէս ալ վա­նա­կան դառ­նա­լու բո­լոր տուեալ­նե­րը կ­’ամ­բող­ջաց­նէր 7 Օ­գոս­տոս 1801ին Պ­րու­սա ծնած՝ մուշ­տա­կա­վա­ճառ Սե­րոբ Չա­մուր­ճեա­նի որ­դի Յով­հան­նէ­սը։ Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ Պ­րու­սա­յի հա­յոց ա­ռաջ­նորդ Պօ­ղոս Գա­րա­գա­շեա­նի վար­ժա­րա­նին մէջ, որ հռչակ ու­նէր հա­յա­գի­տա­կան եւ կրօ­նա­գի­տա­կան ուս­մանց դա­սա­ւանդ­ման մէջ։
Օր­մա­նեան Պատ­րիարք, որ ակն­յայ­տօ­րէն հա­մակ­րանք չէ ու­նե­ցած Տէ­րո­յենց Պա­տո­ւե­լիին նկատ­մամբ, հե­տա­գա­յին իր «Ազ­գա­պա­տում»ին մէջ հա­կիրճ կեն­սագ­րա­կա­նը տա­լով Տէ­րո­յեն­ցի՝ պի­տի ընդգ­ծէր, որ Յով­հան­նէս Չա­մուր­ճեան իր դա­սե­րուն մէջ շատ փայ­լուն էր, բայց «յա­մառ եւ ինք­նա­հա­ւան» նկա­տո­ւե­լով Գա­րա­գա­շեա­նի կող­մէ, հե­ռու պա­հո­ւե­ցաւ հո­գե­ւո­րա­կան դառ­նա­լէ, մինչ­դեռ ա­նոր դա­սա­կից­նե­րը մեծ մա­սամբ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սար­կու­նե­րը դար­ձան։
Բայց «­Պրու­սա­ցի Յով­հան­նէս Չա­մուր­ճեան» ստո­րագ­րու­թեամբ ար­դէն գրե­լու սկսած ե­րի­տա­սարդ Տէ­րո­յեն­ցը տե­ղի տո­ւո­ղը չէր։ Ժ­րա­ջան ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ եւ կու­սակ­րօն ճգնա­ւո­րի ինք­նամ­փոփ կեանք վա­րե­լով՝ ան ան­յագ եւ ան­խոնջ ըն­թեր­ցո­ղը եւ ու­սում­նա­սի­րո­ղը դար­ձաւ հին թէ նոր գրա­կա­նու­թեանց, աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան թէ դա­ւա­նա­բա­նա­կան հո­սանք­նե­րու եւ հայ թէ օ­տար մտքի ժա­ռան­գու­թեանց։ Ու­սուց­չու­թիւն ը­րաւ Պ­րու­սա­յի, Ար­մա­շի եւ Ա­տա­բա­զա­րի մէջ՝ լե­զու­նե­րու ըն­տե­լաց­ման եւ ի­մա­ցու­թեան իր բնա­տուր ձիր­քը մե­ծա­պէս զար­գաց­նե­լով։ Եւ երբ Պո­լիս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ 1828ին, Տէ­րո­յենց Պա­տո­ւե­լին ար­դէն հռչա­կա­ւոր էր, թարգ­մա­նա­կան եւ դա­ւա­նա­բա­նա­կան հա­տոր­նե­րու հե­ղի­նակ էր ու ա­ւե­լի քան տա­սը լե­զու­նե­րու քա­ջա­ծա­նօթ էր։ Այդ բո­լո­րը դեր ու­նե­ցան 1835ին բա­ցո­ւած Ս­կիւ­տա­րի Ճե­մա­րա­նին տնօ­րէ­նու­թիւ­նը Տէ­րո­յեն­ցի վստա­հե­լու օ­րուան Մատ­թէոս Պատ­րիար­քի ո­րո­շու­մին մէջ։
Տէ­րո­յեն­ցի վստա­հո­ւե­ցաւ նաեւ Պատ­րիար­քա­րա­նի դա­ւա­նա­բա­նա­կան հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին էր, որ ան հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւանդ­նե­րուն ար­թուն պա­հա­կը դար­ձաւ ոչ միայն բո­ղո­քա­կա­նաց դէմ պայ­քա­րին ժա­մա­նակ, այ­լեւ Հ­ռո­մի Պա­պա­կան Ա­թո­ռին հետ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րա­նի վա­րած դա­ւա­նա­բա­նա­կան բա­նակ­ցու­թեանց ըն­թաց­քին։
Տէ­րո­յենց պա­տո­ւե­լի եր­կար ապ­րե­ցաւ, մե­նա­ւո­րի կեանք ու­նե­ցաւ եւ ի­րեն շնոր­հո­ւած կեան­քի ժա­մա­նա­կին մե­ծա­գոյն մա­սը նո­ւի­րեց իր ըն­թեր­ցում­նե­րուն, ինք­նա­զար­գաց­ման ու գրե­լուն։ Ա­ւե­լի քան 150 հա­տոր աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն ու­նինք Տէ­րո­յենց Պա­տո­ւե­լիէն, ձե­ռա­գիր թէ տպա­գիր, ո­րոնք ցրուած են աջ ու ձախ եւ տա­կա­ւին կը սպա­սեն զի­րենք ի մի բե­րող հո­գա­տար ձեռ­քի, որ­պէս­զի հայ մտքի եւ գրա­կա­նու­թեան այս հե­ղի­նա­կա­ւոր ու գի­տուն հսկան, իր ա­ւան­դա­պաշ­տու­թեամբ եւ պահ­պա­նո­ղա­կա­նու­թեամբ հան­դերձ, մեծ ան­ծա­նօթ մը չմնայ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։
Տա­րի­նե­րով իր հրա­տա­րա­կած ու խմբագրած «Ե­րե­ւակ» հան­դէ­սը, ձե­ռա­գիր վի­ճա­կի մէջ գտնո­ւող «Ե­կե­ղե­ցա­կան Պատ­մու­թիւն» բազ­մա­հա­տո­րեա­կը եւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ դէմ Մ­խի­թա­րեան Միա­բա­նու­թե­նէն Հայր Յով­սէփ Գաթր­ճա­նի գրած քննա­դա­տա­կա­նին առ պա­տաս­խան պատ­րաս­տած բուռն, սպա­ռիչ եւ ծա­ւա­լուն պա­տաս­խա­նը՝ «Ի­րա­ւա­խոհ»ը միայն մէկ քա­նին են Տէ­րո­յեն­ցի հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւ­նը կազ­մող գոր­ծե­րուն։
Տէ­րո­յենց Պա­տո­ւե­լին վախ­ճա­նե­ցաւ 1888ի Յու­լիս 6ին, 87 տա­րե­կա­նին: Ար­ժա­նա­ցաւ ազ­գա­յին մեծ յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան Պոլ­սոյ գրե­թէ բո­լոր ե­կե­ղե­ցա­կան­ներն ու աշ­խար­հա­կան մտա­ւո­րա­կան­նե­րը, հայ հա­մայն­քը եւ մե­ծա­թիւ օ­տար պաշ­տօ­նա­տար­ներ: Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ դամ­բա­նա­կա­նը կար­դաց Իզ­միր­լեան Պատ­րիար­քը, իսկ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ դամ­բա­նա­կան խօս­քով հան­դէս ե­կաւ մե­ծահռ­չակ հայ գրող Ե­ղիա Տէ­միր­ճի­պա­շեան:
1988ին, Տէ­րո­յեն­ցի մա­հո­ւան 100ա­մեա­կը մեծ շու­քով ո­գե­կո­չո­ւե­ցաւ Պոլ­սոյ մէջ։ «­Տաս­նին­նե­րորդ դա­րու հան­ճա­րեղ մտա­ւո­րա­կա­նը՝ պրու­սա­ցի Յով­հան­նէս Տէ­րո­յեն­ցը» նիւ­թով բա­նա­խօ­սեց ա­տե­նի Թուր­քիոյ Հա­յոց Պատ­րիարք եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Շ­նորհք Արք. Գա­լուս­տեան, ո­րուն բնու­թագ­րա­կան հե­տե­ւեալ գնա­հա­տա­կա­նով կ­’ար­ժէ ա­ւար­տել յար­գան­քի եւ յի­շա­տա­կի այս է­ջը.
«­Յով­հան­նէս Տէ­րո­յեն­ցը 19րդ դա­րու ա­րեւմը­տա­հա­յու­թեան մե­ծա­գոյն մտա­ւո­րա­կանն է՝ բազ­մահ­մուտ եւ բա­նի­մաց կրօ­նա­գէ­տը, զինուած ճկուն տրա­մա­բա­նու­թեամբ, մա­տե­նա­գի­տա­կան ու պատ­մա­կան հա­րուստ պա­շա­րով, տե­սա­կան ու գործ­նա­կան փի­լի­սո­փա­յու­թեամբ, գի­տա­կան ու աս­տո­ւա­ծաշն­չա­կան զի­նամ­թեր­քով, որ գրե­թէ միայ­նակ ու հա­մար­ձակ կը մա­քա­ռէր իւր հա­կա­ռա­կորդ­նե­րուն դէմ…»։