Մ. Ք.

­Մեր ազ­գի պար­զած ներ­կա­յի անմ­խի­թար ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ուր գրե­թէ ա­մէն ճա­կա­տի վրայ հաս­տա­տե­լի են տե­ղա­տո­ւու­թիւ­նը, նա­հանջն ու հա­մա­տա­րած յու­սա­բե­կու­թիւ­նը, իս­կա­պէս մխի­թա­րու­թեան նշոյլ մը կը բե­րէ հայ մար­դուն ո­րե­ւէ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն, որ գա­ղու­թա­յին-հա­մայն­քա­յին կեան­քի վե­րաշ­խու­ժաց­ման քիչ մը յոյս կը ներշն­չէ։
Վս­տա­հա­բար, որ ին­ծի պէս յոյ­սի այդ նշոյ­լը տե­սան նաեւ ա­նոնք, ո­րոնք ­Շա­բաթ՝ 25 ­Սեպտ.ին փու­թա­ցած էին ­Նէա Զ­միռ­նիի պու­րա­կին բա­ցօ­դեայ հան­դի­սա­վայ­րը, ուր ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» կո­մի­տէի եւ շրջա­նի Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միա­ւո­րի գոր­ծակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ազ­գա­յին ու հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով ե­րաժշ­տա­կան ե­րե­կոյ՝ ­Հա­յաս­տա­նէն յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած ե­ռան­դամ «ՆՈՒՌ» նո­ւա­գա­խում­բի կա­տա­րո­ղու­թեամբ:
­Յու­նա­հայ ծա­ռա­յող­նե­րու ան­ցեա­լի ցու­ցա­կի փայ­լուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն՝ ան­թա­ռամ յի­շա­տա­կովն ­Կա­րօ ­Մի­նա­սեան, որ ոչ խրախ­ճան­քի մարդ էր եւ ոչ ալ խմիչ­քի, հո­գե­կան բա­ւա­րա­րու­թիւն պար­գե­ւող ե­րե­ւոյ­թի առ­ջեւ երբ գտնո­ւէր, գո­հու­նա­կու­թեամբ կը բարձ­րա­ձայ­նէր. «սանկ կը տես­նես՝ քէֆդ կու գայ…»
­Հան­գու­ցեալ գա­ղա­փա­րա­կից ըն­կե­րոջս ը­սա­ծին պէս իմ ալ «քէֆս ե­կաւ», երբ Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ե­րե­կո­յին պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րե­լու հա­մար բե­մի վրայ յաղթ ու ինք­նավս­տահ՝ յոյն եւ հայ ճա­կա­տագ­րա­կից ժո­ղո­վուրդ­նե­րու եղ­բայ­րա­կան զգա­ցում­նե­րուն գով­քը հիւ­սե­լէ եւ քա­ղա­քա­պե­տին ու քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի խոր­հուր­դի ներ­կա­յու­թեանց հա­մար շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քե­րէ ետք յայտ­նեց, թէ Ար­ցա­խեան երկ­րորդ պա­տե­րազ­մի տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով այս մի­ջո­ցա­ռու­մը նո­ւի­րո­ւած է նա­հա­տա­կո­ւած բազ­մա­հա­զար մեր հե­րոս­նե­րու յի­շա­տա­կին, ո­րոնք ի­րենց ե­րի­տա­սարդ կեան­քը մա­տաղ ը­րին հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան՝ զոհ եր­թա­լով ա­զե­րի-թուրք բար­բա­րո­սա­կան միա­ցեալ վայ­րա­գու­թեանց…: Եւ շա­րու­նա­կեց. «­Բա­ցա­յայտ է, որ դար մը ա­ռաջ իր կա­տա­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան մեծ ո­ճի­րին հա­մար պատ­ժո­ւած չըլ­լա­լով, ­Թուր­քիան եւ ի­րեն ցե­ղա­կից-զի­նա­կից Ատր­պէյ­ճա­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին վրայ կրկնե­ցին ցե­ղաս­պա­նա­կան նոր ո­ճի­րը: Դժ­բախ­տա­բար, այ­սօր իսկ, հա­յե­րը են­թա­կայ կը մնան բար­բա­րոս­նե­րու վայ­րագ յար­ձա­կում­նե­րուն եւ մի­ջամ­տող­ներ չկան, աշ­խար­հի վրայ կար­ծես քա­ղա­քա­կիրթ­ներ չեն մնա­ցած, ան­գոյ են…» Ա­պա, ա­ւել­ցուց. «­Մենք հա­յերս այն ժո­ղո­վուրդն ենք, որ եր­բեք չէ դադ­րած ու չի դադ­րիր պայ­քա­րե­լէ ա­զա­տու­թեան եւ իր ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար: ­Հա­զա­րա­ւոր տա­րի­նե­րու եր­կայն­քին, բազ­մա­պի­սի դժուա­րու­թեանց դէմ մեր պայ­քա­րին զու­գա­հեռ քա­ղա­քակր­թու­թիւն ար­տադ­րած ժո­ղո­վուրդ ենք մենք ու կը շա­րու­նա­կենք ար­տադ­րել: ­Հա­յաս­տա­նի ա­մէն քա­ղաք ու գիւղ եւ ա­մէն ան­կիւն քա­ղա­քակր­թա­կան ե­զա­կի պատ­կեր­ներ ու­նի, ո­րոնք կը պատ­կա­նին ազ­գա­յին մեր հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան, ո­րուն մէկ մասն է հա­յեր­գը, հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, զոր պի­տի ունկդ­րէք ու վա­յե­լէք հի­մա…»
­Քէֆս ե­կած էր ար­դէն, երբ ոտքս հա­զիւ հան­դի­սա­վայ­րի մուտ­քէն ներս դրած՝ հան­դի­սա­կան­նե­րու ապ­շեցնող ներ­կա­յու­թիւն մը տե­սայ:
­Յայ­տա­րա­րո­ւա­ծէն շուրջ ժամ մը ա­ռաջ ըն­դար­ձակ հան­դի­սա­վայ­րը լե­ցո­ւած էր: Նս­տե­լիք, չգրա­ւո­ւած ա­թոռ գրե­թէ չէր մնա­ցած: ­Թէեւ ե­րե­ւոյ­թը նո­րու­թիւն չէր: Ա­ռաջ ալ, միեւ­նոյն վայ­րին մէջ եւ ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ տա­րա­ծու­թեան վրայ ա­մէն տա­րի կա­տա­րո­ւող նոյ­նօ­րի­նակ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին նո­ւի­րո­ւած մի­ջո­ցա­ռու­մը կը մէկ­տե­ղէր 1500-2000 հայ եւ յոյն հան­դի­սա­կան­նե­րու բազ­մու­թիւն մը: ­Բայց այն ա­տեն հա­մա­վա­րակ ու ծայ­րա­յեղ զգու­շա­ցում չկա­յին, հա­մայն­քա­յին աշ­խու­ժու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նոն ըն­թաց­քին մէջն էին, ա­մէն ինչ «սա­ռած» չէր անց­նող եր­կա­մեա­կին նման: ­Կը նշա­նա­կէր, որ վա­րա­կէն ետք հա­մայն­քա­յին կեանքն ու ե­ռու­զե­ռը պի­տի վե­րագտ­նեն ի­րենց սո­վո­րա­կան կշռոյ­թը: Ընդ­հա­նուր յու­սա­բե­կու­թեան մէջ յոյ­սի նշոյլ մը: ­Քէֆս…:
­Հան­դի­սա­կան­նե­րու հոծ ներ­կա­յու­թիւ­նը կը զար­մաց­նէր նաեւ այն պատ­ճա­ռով, որ յու­նա­հա­յու ե­րաժշտա­կան ճա­շա­կը եր­կար ա­տե­նէ տի­րա­պե­տո­ւած ըլ­լա­լով յու­նա­կան ժո­ղովր­դա­յին երգ-նո­ւա­գի զմայ­լան­քով , ան­հա­ւա­նա­կան չէր, որ ան­տար­բե­րու­թեան մատ­նո­ւէր ձեռ­նար­կը ու չըն­դա­ռա­ջո­ւէր:
­Նոյ­նիսկ անձս վա­րան­քի մէջ էր, թէ ար­դեօ՞ք եր­կու նո­ւա­գող եւ մէկ եր­գիչ պի­տի կա­րե­նա­յին լից­քա­ւո­րել լման մի­ջո­ցառ­ման մը ամ­բողջ յայ­տա­գի­րը, երբ մա­նա­ւանդ յու­նա­կան ճա­շա­կը վար­ժո­ւած էր բե­մի վրայ տես­նե­լու տե­սա­կա­ւոր նո­ւա­գա­րան­նե­րով բազ­ման­դամ նո­ւա­գա­խումբ եւ եր­գիչ­նե­րու հոյլ, ո­րոնք իս­կա­կան քէ­ֆի մէջ կը դնեն ունկն­դի­րը եւ զայն քէ­ֆի սի­րա­հար կը դարձ­նեն:
­Խօս­նա­կը յայ­տա­րա­րեց, որ ա­ռա­ջին եր­կու կա­տա­րում­նե­րը կը նո­ւի­րուին վեր­ջին պա­տե­րազ­մին նա­հա­տա­կո­ւած, հաշ­ման­դա­մո­ւած կամ մար­տա­դաշ­տէն վե­րա­դար­ձած մեր հե­րոս­նե­րուն: ­Դաշ­նա­մու­րի վրայ նո­ւա­գա­խում­բի ղե­կա­վար՝ ­Սար­գիս Ա­դա­մեան նո­ւա­գա­կից ու­նե­նա­լով ջու­թա­կա­հար ­Շանթ ­Դա­նիէ­լեա­նը, միաս­նա­բար «Կ­ռունկ»ի մերթ տխուր ու ա­ղա­չա­կան եւ մերթ խրոխտ ու պա­հանջ­կոտ ե­ղա­նա­կի ե­լե­ւէ­ջող ա­լիք­նե­րով պա­րու­րե­ցին մթնո­լոր­տը: ­Յա­ջոր­դեց յայ­տագ­րին իբ­րեւ հիւ­րըն­կա­լո­ւած երգ­չու­հի (guest star) յու­նա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­հի ­Թա­մա­րին (­Պար­սա­մեան) ­Թո­վիչ մե­նա­կա­տա­րու­մը «Թռ­չէի մտքով տուն» եր­գին: ­Մինչ ես ին­ծի կ­’ը­սէի, թէ մեր պատ­մու­թեան ող­բեր­գա­կան դէպ­քերն են պատ­ճա­ռը, որ մեր տոհ­միկ եր­գե­րու բա­ռերն ու մե­ղե­դին այս­պէս տխուր են ու մե­լա­մաղ­ձոտ:
Կ­՚ա­ւելց­նէի նաեւ, թէ ար­դեօ՞ք ցե­ղա­յին բնազդ մըն ալ դե­րա­կա­տար է, որ հո­գե­պէս նա­խա­պատ­րաս­տո­ւած ըլ­լանք գա­լիք ող­բեր­գու­թիւն­նե­րու հա­մար…:
­Բե­մի վրայ եր­գիչն էր՝ ­Գէորգ ­Սար­գի­սեան: Ազ­գա­յին ու տոհ­միկ եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով, հան­դի­սա­կան­նե­րու խան­դա­վառ մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ ծա­փե­րով կը թնդար հան­դի­սա­վայ­րը՝ սկիզ­բէն մին­չեւ ա­ւար­տը: «­Հա­յեր միա­ցէք» «Ար­դեօք ով­քե՞ր են», «­Զար­թիր որ­դեակ», «­Գե­տա­շէն» «­Զար­թիր լաօ», «­Պի­տի գնանք յաղ­թե­լու» եւ այս­պէս լման եր­գա­ցանկ մը հայ­րե­նա­սի­րա­կան մար­տա­կոչ եր­գե­րու…:
­Չեմ գի­տեր, թէ ող­բա­ցեալ ­Կա­րօ ­Մի­նա­սեան ե­թէ ողջ ըլ­լար պի­տի ը­սէ՞ր «լսէիր՝ քէֆդ կու գար»…։
Ես լսե­ցի, բայց քէ­ֆիս տեղ աչ­քե­րէս ար­ցունք ե­կաւ…:

ԱԹԷՆՔ, 27 ՍԵՊՏ. 2021