Ս­թոք­հոլ­մի մէջ կա­յա­ցած Ե.Ա.Հ.Կ. խոհր­դա­ժո­ղո­վի լու­սանց­քին, ե­րէկ՝ 2 ­­Դեկ­տեմ­բե­րին, ­­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­­Նի­քոս ­­Տեն­տիաս հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­րա­րատ ­­Միր­զո­յեա­նի հետ։
«­­Թո­ւի­թըր»ի վրայ կա­տա­րած գրա­ռու­մին մէջ, յոյն նա­խա­րա­րը կը նշէ, թէ իր պաշ­տօ­նա­կի­ցին հետ ու­նե­ցած է ջերմ զրոյց մը տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին եւ երկ­կող­մա­նի օ­րա­կար­գի հար­ցե­րուն մա­սին, իսկ խօ­սակ­ցու­թեան նիւթ դար­ձած են նաեւ ­­Կով­կա­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցում­նե­րը։
­­Նի­քոս ­­Տեն­տիաս կը նշէ նաեւ, թէ ­­Յու­նաս­տան ան­վե­րա­պա­հօ­րէն զօ­րա­վիգ կը կանգ­նի Ե.Ա.Հ.Կ. ­­Մինք­սի խում­բի միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րուն։
Ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, երկու նախարարները գոհունակութիւն յայտնած են իրենց երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան ուժականութեան առնչութեամբ՝ այդ առումով նշելով նաեւ խորհրդարանական մակարդակի վրայ շփումներու գործնականացման կարեւորութիւնը։
Արարատ Միրզոյեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Յունաստանի կառավարութեան՝ Հայաստանի համար դժուարին ժամանակաշրջանին ցուցաբերած աջակցութեան, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի ժողովուրդին դէմ ատրպէյճանական յարձակողականութեան հետեւանքով յառաջացած ճգնաժամի յաղթահարման ուղղուած մարդասիրական օգնութեան տրամադրութեան համար։
Հայաստանի եւ Յունաստանի Ա.Գ. նախարարները միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ։ Արարատ Միրզոյեան Նիքոս Տենտիասին ներկայացուցած է ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ սանձազերծուած շարունակական յարձակումներուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ անոր հետեւած վերջին զարգացումները։
Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ: Նախարար Միրզոյեան կարեւորած է Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ երկիրներու դիրքորոշումը՝ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի խումբի համանախագահութեան տակ Լ.Ղ. հակամարտութեան տեւական եւ համապարփակ կարգաւորման վերաբերեալ։
Ընդգծուած է նաեւ ռազմագերիներու ու Ատրպէյճանի մէջ պահուող անձերու շուտափոյթ հայրենադարձումի, ինչպէս նաեւ միջազգային կառոյցներու՝ Արցախ անխոչընդոտ մուտքի ապահովման անհրաժեշտութիւնը։

­­Հան­դի­պում Ատր­պէյ­ճա­նի Ա.Գ. նա­խա­րա­րին հետ

­­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­­Նի­քոս ­­Տեն­տիաս նաեւ իր ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը ու­նե­ցած է ատր­պէյ­ճան­ցի իր պաշ­տօ­նա­կից ­­Ճէյ­հուն ­­Պայ­րա­մո­վի հետ եւ զրու­ցած է ու­ժա­նիւ­թա­յին ո­լոր­տին մէջ գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ ­­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ «­­Թո­ւի­թըր»ի վրայ տա­րա­ծո­ւած յայ­տա­րու­թեան մէջ կը նշո­ւի, որ հան­դի­պու­մը ար­դիւ­նա­ւէտ ե­ղած է։
Ն­շենք, որ ­­Յու­նաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­պե­րուն մէջ ո­րո­շա­կի տագ­նապ յա­ռա­ջա­ցաւ, երբ ան­ցեալ տա­րո­ւան ­­Սեպ­տեմ­բե­րին նա­խա­գահ Ա­լիեւ դի­ւա­նա­գի­տու­թե­նէ զուրկ կե­ցո­ւածք մը պա­հեց ­­Յու­նաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պա­նի հա­ւա­տար­մա­գի­րե­րու յանձն­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։ ­­Ժա­մա­նա­կի մը հա­մար դես­պա­նը յետս կան­չո­ւե­ցաւ, իսկ ա­ւե­լի յե­տոյ ան վե­րա­դար­ձաւ իր պաշ­տօ­նին վրայ։ ­­Նոյն ժա­մա­նա­կին, ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն, յոյն նա­խա­րա­րը այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան եւ իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց հայ­կա­կան կող­մին։