Ան­մա­հու­թեան ձգտու­մը դա­րեր շա­րու­նակ զբա­ղե­ցու­ցած է ու պի­տի շա­րու­նա­կէ զբա­ղեց­նել մարդ­կու­թեան:
Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, ժա­մա­նա­կը իր թա­գա­ւո­րու­թեան ամ­րա­մուր թե­ւե­րը պար­զած կը սլա­նայ՝ ինք­նավստահ ու ան­տար­բեր. Իր ո­լորտ­նե­րուն մէջ մո­լո­րեց­նե­լով պար­զու­նակ մարդ­կանց, ո­րոնք աննշ­մար` կու­գան ու կ­՚եր­թան: Ո­մանք ի­րենց ինք­նա­հաս­տատ­ման պայ­քա­րին ըն­թաց­քին ՝ կարճ ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի մը հա­մար, յուշ ու պատ­մու­թիւն կը դառ­նան: ­Քի­չերն են միայն, որ կը կա­րո­ղա­նան ժա­մա­նա­կի թե­ւե­րով, ո­գիիով ու ներ­հուն միտ­քով՝ պա­րու­նա­կո­ւիլ ա­նոր հան­ճա­րեղ տա­րեր­քին մէջ, ու միաս­նա­բար սլա­նալ՝ յա­ւերժ-յա­ւի­տեան:
Այս կար­գի տա­ղան­դա­ւոր­նե­րէն են՝ ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեանն ու ­Կո­մի­տաս ­Վար­դա­պե­տը, ո­րոնց ծննդեան 150 ա­մեա­կը կը տօ­նենք այս տա­րի:
­Բո­լորս մեր կեան­քին մէջ, ինչ որ չա­փով, կը փոր­ձենք յաղ­թա­հա­րել ժա­մա­նա­կի ա­լե­կոծ ա­լիք­նե­րը՝ ջա­նա­լով օգ­տա­կար դառ­նալ մեր ան­ձին, ըն­տա­նի­քին, ազ­գին կամ մարդ­կու­թեան. ­Բայց ե­րա­նի այն հա­յուն, որ իր աշ­խա­տան­քով ու տա­ղան­դով՝ լիո­վին մաս­նա­կից կը դառ­նայ մեր սի­րե­լի ու տա­ռա­պեալ ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին բար­գա­ւաճ­ման՝ ու այդ­պի­սով կ­‘ան­մա­հա­նայ:

­Գե­րա­զանց ա­շա­կերտ­ներ
­Սի­րե­լի ծնող­ներ, դպրո­ցիս տնօ­րէ­նու­թիւ­նը ու­րա­խու­թեամբ ու հպար­տան­քով կ’ու­զէ յայ­տա­րա­րել 2018-2019 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի գե­րա­զանց ա­շա­կերտ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը.-

Ա. ­Դա­սա­րան
I. Ս­պո­նիա ­Թէո­տո­րա 19 07/13
II. ­Քե­րո­բեան ­Մա­րիա 19 05/13
III. ­Մահ­տե­սեան ­Տիգ­րան 18 08/13

Բ. ­Դա­սա­րան
I. ­Փար­սե­խեան Ա­նա­հիտ 19 08/14
II. ­Թէր­զեան ­Վար­դան 19 03/14

Գ. ­Դա­սա­րան
I. ­Չի­նա­րեան ­Սար­գիս 19 02/14
II. ­Պար­տագ­ճեան ­Յով­հան­նէս-­Ժան 18 07/14
Սր­տանց կը շնոր­հա­ւո­րենք մեր գե­րա­զանց ա­շա­կերտ­նե­րը. մաղ­թե­լով ա­նոնց նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ:

Մր­ցա­նակ­ներ
­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը, տնօ­րէ­նու­թեանս հետ հա­մա­խոր­հուրդ, հաս­տա­տած է մրցա­նակ մը` հա­յե­րէ­նի մէջ լա­ւա­գոյն ճի­գը ցու­ցա­բե­րող եւ հա­մա­պա­տաս­խան ար­դիւն­քի հաս­նող ա­ւար­տա­կան ա­շա­կեր­տին հա­մար: Մր­ցա­նա­կը կը կազ­մէ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ա­մառ­նա­յին բա­նա­կու­մին անվ­ճար մաս­նակ­ցու­թիւն` Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան հո­գա­տա­րու­թեամբ: Այս տա­րի մրցա­նա­կը կը շնոր­հենք՝ ­Պար­տագ­ճեան ­Ժա­նո­յին:
Կը շնոր­հա­ւո­րենք եւ մե­ծա­պէս կը գնա­հա­տենք նմա­նօ­րի­նակ քայ­լեր, ո­րոնք քա­ջա­լեր կը հան­դի­սա­նան մեր ա­շա­կեր­տու­թեան` ա­ւե­լի լաւ սոր­վե­լու եւ ամ­րապն­դե­լու հա­յոց լե­զո­ւի եւ պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ ի­րենց ու­նե­ցած գի­տե­լիք­նե­րը:

Ուխ­տագ­նա­ծու­թիւն դէ­պի հայ­րե­նիք
­Բա­րե­բախ­տա­բար, այս տա­րի պի­տի կա­րո­ղա­նանք վար­ժա­րա­նիս ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի կարգ մը ա­շա­կերտ­նե­րու հետ միա­սին ­Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ այ­ցե­լել:
Ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն մը, որ­մէ միայն լաւ յու­շե­րով կը վե­րա­դար­նան մեր սի­րե­լի ա­շա­կերտ­նե­րը. Ի­րա­գոր­ծե­լով ­Միջ­նա­կար­գի ե­րեք տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին տա­քուկ փայ­փա­յած ի­րենց ե­րա­զան­քը:

Շ­նոր­հա­կա­լիք
­Սի­րե­լի ներ­կա­ներ, այ­սօ­րո­ւան իմ ան­կեղծ ու հայ­րա­կան շնոր­հա­կա­լու­թիւնս կը յայտ­նեմ՝ նա­խա­պէս մեր սի­րե­լի ա­շա­կերտ­նե­րուն: Ի­րենք էին հան­դէ­սը պատ­րաս­տո­ղը եւ ի­րա­կա­նաց­նո­ղը: իւ­րա­քան­չիւ­րը իր դե­րին հե­ղի­նակն էր ու դե­րա­կա­տա­րը: ­Գի­շե­րո­ւան ժա­մե­րուն փոր­ձե­րու ե­կողն ու տքնա­ջան աշ­խա­տո­ղը: Ան­շուշտ միշտ ալ, այս­պի­սի ա­ռիթ­նե­րուն, ե­րե­ւան կու­գան ա­րո­ւես­տա­գէտ ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնք ի­րենց հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը կ­՚ու­նե­նան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բաժ­նի լիաց­ման: Ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնք հան­դէ­սի պա­րե­րը սոր­վե­ցու­ցին ի­րենց դա­սըն­կեր­նե­րուն՝ մեր սի­րե­լի ­Քա­րէնն ու ­Ժէ­նին: Իսկ ­Սո­նան՝ պատ­րաս­տեց նկար­նե­րու տե­սա­նիւ­թը:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, յա­րա­կից եւ պատ­կան մար­մին­նե­րուն, Ու­սում­նա­կան եւ Տն­տե­սա­կան խոր­հուրդ­նե­րուն, ի­րենց կա­տա­րած ան­խոնջ աշ­խա­տան­քին հա­մար:
­Խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն Հ.Կ.Խ.ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ի­րենց նո­ւի­րա­կան ու ան­սա­կարկ նիւ­թա­բա­րո­յա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մար:
Հ­րա­պա­րա­կա­յին շնոր­հա­կա­լու­թիւն կ’ուղ­ղենք Հ.Օ.Մ.ին, ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, Հ.Յ.Դ. «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ­Կո­մի­տէին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Ֆիք­սի սկաուտ­նե­րու վար­չու­թեան: «­Կիւլ­պէն­կեան» եւ «Ա­ւե­տի­քեան» հիմ­նար­կու­թիւն­նե­րուն, կրթա­սէր ազ­գա­յին­նե­րուն եւ ծնող­նե­րուն մեր վար­ժա­րա­նին հան­դէպ ի­րենց ցու­ցա­բե­րած բա­րեա­ցա­կամ վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն շրջա­նիս քա­հա­նայ տէր ­Նա­րեկ ­Շա­հի­նեա­նին:
­Մեր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը նաեւ կրթա­կան նա­խա­րա­րու­թեան, նոյն­պէս «Δευτεροβάθμια Εκπαίδευση Α’ Αθήνας»ի տնօ­րէ­նու­թեան եւ անձ­նա­կազ­մին, ո­րոնք մե­ծա­պէս օ­ժան­դա­կե­ցին մեր վար­ժա­րա­նի ան­խա­փան գոր­ծու­նէու­թեան եւ գո­յա­տեւ­ման հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ նաեւ «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րու­թեան, որ ո­րե­ւէ ճիգ չի խնա­յեր օգ­տա­կար դառ­նա­լու հա­մար մեր դպրո­ցի աշ­խա­տանք­նե­րուն:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ դպրո­ցիս ծնո­ղա­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք ամ­բողջ տա­րին ե­ղան մեր կող­քին, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար պատ­րաս­տե­ցին գե­ղե­ցիկ նո­ւէր­ներ:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն տիկ. ­Սա­րա ­Մի­սա­քեա­նին, որ սի­րա­յօ­ժար յանձն ա­ռաւ՝ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բարձր ճա­շա­կով բե­մադ­րե­լու մեր հան­դէ­սը:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ տի­կին ­Փա­փաի­լիա ­Նաւ­սի­քա­յին, ո­րուն շնոր­հիւ ճա­շա­կե­ցինք հո­յա­կապ եր­գեր մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն կա­տա­րո­ղու­թեամբ:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ մեր դպրո­ցի փայ­լուն շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն՝ հա­մալ­սա­րա­նա­կան ըն­կեր Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեա­նին, որ իր ե­րաժշ­տա­կան գի­տե­լիք­նե­րով օգ­տա­կար դար­ձաւ մեր ա­շա­կերտ­նե­րու ձայ­նա­մարզ­ման:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ տիկ. Ա­նէ­թա Ն­շա­նեա­նին, որ օգ­նեց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան լաւ ձե­ւով ներ­կա­յաց­նել ­Քա­րէ­նի եւ ­Սար­գի­սի միա­սին պա­րած պա­րը:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք պրն. ­Մի­նա­սեան ­Խա­չի­կին, որ ծնո­ղա­կա­նին մի­ջո­ցով պատ­րաս­տո­ւած ա­շա­կերտ­նե­րու նո­ւէր­նե­րուն վրայ փո­րագ­րեց դպրո­ցին ա­նունն ու իւ­րա­քան­չիւր ա­շա­կեր­տի ա­նու­նը:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ պրն. ­Պէ­քէ­րէ­ճեան Ա­րա­մին, մեր դպրո­ցի ա­ւար­տա­կան ա­շա­կերտ­նե­րուն նկար­նե­րը տե­ղա­ւո­րո­ւե­լու հո­յա­կապ ցու­ցա­տախ­տա­կի պատ­րաս­տու­թեան հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ պրն. ­Կա­րօ ­Պար­տագճեա­նին, ձայ­նա­յին սար­քե­րու դա­սա­ւոր­ման եւ կար­գա­ւոր­ման հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ պրն. ­Մա­նո­ւէլ ­Սա­վու­լեա­նին, նկար­նե­րու եւ ձայ­նաե­րիզ­նե­րու պատ­րաստ­ման հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝ մեր վար­ժա­րա­նի յա­րա­կից պաշ­տօ­նէու­թեան` բո­լոր վա­ռորդ­նե­րուն՝ պրն. Ան­տո­նի­յին, պրն. ­Նի­կո­լա­սին եւ պրն. ­Յո­վի­կին: Ըն­կե­րակ­ցող տի­կին­նե­րուն՝ տիկ. ­Վեր­ժի­նին, տիկ. Ով­սան­նա­յին, տիկ. ­Զո­ւար­թին եւ տիկ. Իոան­նա­յին, ինչ­պէս նաեւ տի­կին Ա­նիին, ո­րոնք ի­րենց նպաս­տը բե­րին մեր աշ­խա­տանք­նե­րու յա­ջո­ղու­թեան:
Վեր­ջա­պէս, սրտա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն իմ բո­լոր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուս` տիկ. ­Գոլ­ցի­տա Ա­լեք­սանտ­րա­յին, տիկ. ­Փա­փաի­լիա ­Նաւ­սի­քա­յին, տիկ. ­Փի­փե­րի­տու Է­լէ­նիին, տիկ. Վ­լա­խօ­փու­լու ­Նի­քի­յին, տիկ. ­Ճա­մու­զեան ­Նա­զի­կին, պրն. ­Մա­նո­լա­քոս Է­վան­կե­լո­սին, պրն. Ս­տա­մա­թա­քիս Ար­կի­րի­սին, պրն. ­Տու­մաս ­Թէո­տո­րո­սին, ո­րոնց հա­մա­խումբ ճի­գե­րուն շնոր­հիւ հնա­րա­ւոր ե­ղաւ ար­դիւ­նա­ւոր տա­րի մը բո­լո­րել:

Գ. կարգ
1.- Ան­ճու­լա­քու ­Փա­նա­ղիո­թա
2.- ­Գաւ­լա­քեան ­Քա­րէն
3.- ­Գու­յում­ճեան ­Նի­քո­լէ­թա
4.- ­Մար­տի­կեան Ա­լեք­սան
5.- ­Մի­նա­սեան ­Լե­ւոն
6.- ­Միր­զո­յեան Ա­նա­հիտ
7.- ­Յով­հան­նէս ­Սո­նա
8.- ­Նալ­պան­տեան ­Լու­սի­նէ
9.- ­Չի­նա­րեան ­Սար­գիս
10.- ­Պար­տաք­ճեան ­Ժան
11.- ­Պէ­քէ­րէ­ճեան ­Կա­րի
12.- ­Փա­փա­զեան ­Սու­սան­նա
13.- ­Քե­րո­բեան ­Ժէ­նի
14.- ­Քէ­շի­շեան ­Մա­րի­նա

­Սի­րե­լի ներ­կա­ներ, 2018-19 տա­րեշր­ջա­նը իւ­րա­յա­տուկ դի­մա­գիծ մը տո­ւաւ մեր դպրո­ցին, ո­րով­հե­տեւ յա­ւե­լեալ դա­սեր ը­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թեան ըն­ձեռ­մամբ՝ կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նե­ցանք ի­րա­գոր­ծե­լու շատ մը ծրա­գիր­ներ: իւ­րա­քան­չիւր դա­սա­տու իր մաս­նա­գի­տու­թեան ծի­րին մէջ ի­րա­կա­նա­ցուց, պե­տա­կան ո­րո­շո­ւած ծրա­գի­րէն դուրս, օգ­տա­ւէտ ծրա­գիր­ներ: ­Լու­ծո­ւե­ցան թո­ւա­բա­նու­թեան, բնա­գի­տու­թեան յա­ւե­լեալ խնդիր­ներ՝ պա­րոն ­Մա­նո­լա­քո­յի եւ տի­կին ­Փի­փե­րի­տու­յի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ:
Կար­դա­ցո­ւե­ցաւ եւ վեր­լու­ծո­ւե­ցաւ գրա­կա­նու­թեան լրա­ցու­ցիչ գիրք մը՝ տի­կին Վ­լա­խու­բու­լո­յի եւ տի­կին ­Քոլ­ցի­տա­յի աշ­խա­տան­քով: ­Կա­տա­րո­ւե­ցան ֆրան­սե­րէն լե­զո­ւի հմտաց­ման դա­սըն­թացք­ներ եւ ե­րաժշ­տա­կան գի­տե­լիք­նե­րու ըն­դար­ձա­կում՝ տի­կին ­Փա­փի­լիա­յի կա­տար­մամբ:
Դպ­րո­ցա­կան այս տա­րեշր­ջա­նը՝ ու­սո­ղու­թեան (մա­թե­մա­թի­քա­յի) հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րի հռչա­կո­ւած ըլ­լա­լուն շնոր­հիւ, մեր ա­շա­կերտ­նե­րը կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նե­ցան մաս­նակ­ցե­լու շատ մը մրցում­նե­րու: ­Յա­ջո­ղու­թիւ­նը ու­նե­ցանք, շնոր­հիւ մեր թուա­բա­նու­թեան ու­սու­ցի­չին՝ պա­րոն ­Մա­նո­լա­քո­յին, ծրագ­րե­լու եւ ի­րա­կա­նաց­նե­լու մա­թե­մա­թի­կի մրցա­շարք մը, քննա­կան կեդ­րոն ու­նե­նա­լով մեր դպրո­ցը, ուր մաս­նակ­ցե­ցան նաե՛ւ օ­տար դպրոց­նե­րէ ա­շա­կերտ­ներ:
‘Տի­կին ­Փի­փէ­րի­տու­յի պար­տա­ճա­նաչ ու աշ­խոյժ աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ՝ մշա­կե­ցինք մեր դպրո­ցի փոք­րիկ հո­ղա­մա­սը՝ ցա­նե­լով օգ­տա­ւէտ բոյ­սեր, ինչ­պէս ծոթ­րին, ա­նա­նուխ, ար­մի­նան ե­ւայլն: Օգ­տա­ւէտ բոյ­սե­րու այս յա­տուկ ծրա­գի­րը, որ կա­րո­ղա­ցանք ի­րա­կա­նաց­նել դպրո­ցա­կան ժա­մե­րէն դուրս. մե­զի կա­րե­լիու­թիւն տո­ւաւ այ­ցե­լե­լու ­Վո­լօ եւ մաս­նակ­ցե­լու «­Բոյ­սե­րու Աշ­խարհ» պե­տա­կան յա­տուկ ծրա­գի­րին:

Միջնակարգ վարժարանի տնօրէն
Բաբգէն Գասապեան