2018-2019 ուսումնական տարեշրջանը կը հասնի իր աւարտին այս ամավերջի հանդիսութեամբ, որ ուրախութեամբ ներկայացուցին մեզի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի «Արթին Գալուստեան» մանկապարտէզի մեր սիրելի աշակերտները:
Մեր ազգային վարժարաններուն մէջ երեխան կը քաջալերուի պաշտպանելու իր ազգային ինքնութիւնը, պահելու իր մշակոյթը, ազգային ժառանգութիւնն ու արժէքները, պատմութիւնը եւ մանաւանդ իր լեզուն:
Հայակրթական եւ ազգասիրական մեր ճիգերուն ծիրէն ներս 9 ամսուայ կրթական աշխատանքի ընթացքին ջանք թափեցինք, որպէսզի մեր փոքրիկներուն սրտերը լեցնենք հայկական ոգիով, ազգային հպարտութեամբ եւ հայրենիքի տենչով:
Մանկապարտէզին մէջ ջանացինք ստեղծել հայաշունչ մթնոլորտ մը, որ կը նպաստէ հայ ոգիի զարգացման. Մեսրոպեան այբուբենով ճիգ թափեցինք հայախօսութեան հիմերը դնելու եւ դէպի այդ ուղղութեամբ ընթանալ երգերով, հեքիաթներով, արտասանութիւններով եւ խաղերով:
Միաժամանակ քաջալերեցինք մեր փոքրիկները ստեղծելու մանկային երեւակայութիւնը գրգռող գծագրութիւններ ու ձեռային աշխատանքներ: Սորվեցուցինք մեր աշակերտներուն հետեւելու կարգ ու կանոնի՝ միաժամանակ նկատի ունենալով իրենց կարիքը խաղի եւ զուարճութեան համար: Միշտ քաջալերեցինք իրենց նախաձեռնութիւնները, որպէսզի երեխաները ինքնավստահութիւն ձեռք ձգեն ու յառաջդիմեն ուրախ, ջերմ ու մտերիմ միջավայրի մը մէջ:
Տարուան ընթացքին կատարեցինք 3 տօնական աշխատանոցներ, ուր փոքրիկները առիթը ունեցան ծանօթանալու մեր աւանդութիւններուն եւ ստեղծագործելու իրենց ծնողներուն հետ:
Ամառնային մեր աշխատանոցին մասնակցեցան նաեւ մատղաշ փոքրիկներ, որոնք Սեպտեմբերէն սկսեալ մաս պիտի կազմեն մեր աշակերտութեան ու այս ձեւով առիթը ունեցան ընտելանալու իրենց նոր միջավայրին հետ: Աշխատանոցին ընթացքին փոքրիկները կատարեցին ձեռային աշխատանքներ ու խաղեր, ինչպէս նաեւ պատրաստեցին իրենց տարազները ու վերնաշապիկները, որոնցմով հանդէս եկան ձեր առջեւ:
Այսօր փոքրիկները հանդէսի բացումը կատարեցին «Մանկութիւն» երգով, խորապէս գիտակցելով, որ մանկութիւնը մարդուս կեանքին ամէնէն կարեւոր հանգրուանն է, ուր կը կերտուի վաղուայ չափահաս մարդու նկարագիրը: Երեխաները կը ջանան պահել իրենց կեանքին մէջ, մանկական յատկանիշները՝ ուրախութիւնը, անմեղութիւնը, բարեսիրութիւնը եւ համեստութիւնը:
2018-2019 ուսումնական տարեփակի առիթով մեր ջերմագին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Առաջնորդ սրբազան հօր, շրջանիս հոգեւոր հովիւին, Ազգային Վարչութեան, Ուսումնական եւ Տնտեսական խորհուրդներուն, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց:
Յատուկ շնորհակալութիւններ կը յայտնենք մեր սիրելի աշակերտներուն ծնողներուն եւ մեր վարժարանի Ծնողական միութեան իրենց ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ կատարեալ համագործակցութեան համար, բոլոր տարուան ընթացքին թիկունք կանգնեցան մեզի, հոգալով մեր կարիքները:
Շնորհակալութիւն մեր վարժարանի տնօրէնութեան պրն. Ռիքարտօ Երկանեանին, հայ եւ յոյն պաշտօնակիցներուն եւ անձնակազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ընծայեցին մեր ճիգերուն արդիւնաւորման համար:
Եզրափակելով, մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները կը յայտնենք մեր մանկապարտէզի սիրելի շրջանաւարտներուն, որ պատճառեցին մեզի յուզումի, հպարտութեան եւ ուրախութեան զգացումներ: Այս փոքրիկներն են մեր հայութեան փայլուն ու յուսալի ապագան:
Սրտանց կը մաղթենք իրենց յաջողութիւն բոլոր մարզերուն մէջ, յառաջդիմութիւն ու լուսաշող ապագայ մը:
Բարի արձակուրդ եւ բարի վերամուտ
Վիքի Մաղաքեան
Մանկապարտիզպանուհի