5 ­Նո­յեմ­բե­րին ­Հա­յաս­տա­նի 69 հա­մայնք­նե­րու մէջ տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են: ­Հա­մայն­քի ղե­կա­վա­րի 135 թեկ­նա­ծու­նե­րէն 56ը ան­կու­սակ­ցա­կան են, 67ը` ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան, 6ը` ­Բար­գա­ւաճ ­Հա­յաս­տան կու­սակ­ցու­թեան, 4ը` ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան, 1ը` ­Քա­ղա­քա­ցիա­կան ­Պայ­մա­նա­գիր կու­սակ­ցու­թեան եւ 1ը՝ ­Հա­մե­րաշ­խու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­ներ: ­Կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­խում­բի մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թեան հա­մա­ձայն, հան­րա­պե­տու­թեան 69 հա­մայնք­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցած տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րու քո­ւէար­կու­թեան մաս­նա­կից­նե­րուն թի­ւը կազ­մած է 243.335 կամ 50,06 առ հա­րիւր:
­Տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րուն Հ.Յ.Դ.ի յաղ­թած թեկ­նա­ծու­ներն են.- ­Շի­րա­կի մար­զի ­Մար­մա­շէն հա­մայն­քին մէջ ղե­կա­վար ընտ­րո­ւած է Հ.Յ.Դ. կու­սակ­ցու­թե­նէն ­Կա­րէն Ար­շա­կեան (1463 ձայն).
Ա­խու­րեան հա­մայն­քը պի­տի ղե­կա­վա­րէ Հ.Յ.Դ.էն Արծ­րու­նի Ի­գի­թեան (2393 ձայն).
Ա­րա­գա­ծոտ­նի մար­զի ­Ծաղ­կա­հո­վիտ հա­մայն­քին մէջ յաղ­թած է Հ.Յ.Դ. թեկ­նա­ծու ­Նո­րա­յին ­Յա­կո­բեան (2467 ձայն).
­Լո­ռիի մար­զի ­Շի­րա­կա­մուտ հա­մայն­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քով հա­մայն­քը պի­տի ղե­կա­վա­րէ Հ.Յ.Դ.ի թեկ­նա­ծու Ա­շոտ Ե­րա­նո­սեան (410 ձայն):

Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեան.-
«Ընտ­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցած են հան­գիստ մթնո­լոր­տի մէջ»

Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան քար­տու­ղար Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեա­նի բնո­րո­շու­մով` ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը 5 ­Նո­յեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցած տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մեստ ձե­ւով մաս­նակ­ցած է:
«­Մենք միայն 5 հա­մայնք­նե­րու մէջ ա­ռա­ջադ­րած էինք հա­մայն­քի ղե­կա­վա­րի թեկ­նա­ծու­ներ, ո­րոնց­մէ եր­կու­քին մէջ տե­ղի կ­՛ու­նե­նա­յին ար­տա­հերթ ընտ­րու­թիւն­ներ: Այդ թեկ­նա­ծու­նե­րէն չոր­սը ընտ­րո­ւած են:
«34 հա­մայնք­նե­րու մէջ ալ ու­նէինք Ա­ւա­գա­նիի թեկ­նա­ծու­ներ` մէ­կէն մին­չեւ 6-7 հո­գի: Ա­ւա­գա­նիի թեկ­նա­ծու­նե­րու մօտ 70 առ հա­րիւ­րը ընտ­րո­ւած է: ­Շի­րա­կի մար­զին մէջ, օ­րի­նակ, կայ ե­րեք խո­շո­րա­ցող հա­մայնք, ո­րոնց­մէ եր­կու­քին մէջ յաղ­թած են մեր թեկ­նա­ծու­նե­րը: Ա­խու­րեա­նի եւ ­Մար­մա­շէ­նի մէջ յաղ­թած են դաշ­նակ­ցա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րը, ­Շի­րա­կա­մու­տի մէջ ալ մեր թեկ­նա­ծուն յաղ­թած է:
«Ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը այն է, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րը ան­ցած են հան­գիստ մթնո­լոր­տի մէջ, ար­տա­ռոց բան տե­ղի չէ ու­նե­ցած»,- «Հ­րա­պա­րակ»ի հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին ը­սած է Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեան: