­Կի­րա­կի, 13 ­Փետ­րո­ւար 2022-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։00-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի նա­խա­տօ­նա­կի ե­կե­ղե­ցա­կան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, նա­խա­գա­հու­թեամբ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ գերպ. տ. Ս­տե­փա­նոս ծ. վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի, մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս սպա­սա­ւոր­նե­րուն եւ ներ­կա­յու­թեամբ թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հոծ բազ­մու­թեան։
­Մեր ­Տի­րոջ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ­Քա­ռաս­նօ­րեայ ­Տա­ճար ըն­ծայ­ման տօ­նին ա­ռի­թով, նա­խա­տօ­նա­կի ա­ւար­տին, գերպ. հայր սուր­բը կա­տա­րեց նաեւ մա­նուկ­նե­րու ըն­ծա­յու­մը ս. ­խո­րա­նին` «Ք­րիս­տոս ­Փա­ռաց ­Թա­գա­ւոր…» տա­ղին ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ Ա­ռանձ­նա­պէս ո­գե­ւո­րիչ էր՝ հե­տե­ւե­լով գերպ. հայր սուր­բի կո­չին, բազ­մա­թիւ ծնող­ներ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը բե­րած էին, ինչ­պէս նաեւ թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, թէ՛ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ թէ շրջա­բա­կին մէջ ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ քա­ջա­լեր հան­դի­սա­նա­լու այս գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թեանց ու սո­վո­րու­թեանց պահ­պան­ման ի խնդիր։
­Գերպ. հայր սուր­բը իր քա­րո­զին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­տո­ւա­ծին՝ Ք­րիս­տո­սի ­Քա­ռաս­նօ­րեայ ­Տա­ճար ըն­ծա­յու­մին։ Իր խօս­քին մէջ, գերպ. հայր սուր­բը ը­սաւ. «Որ­պէս ծնող­ներ, պար­տա­ւո­րու­թիւն ու պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նիք ձեր զա­ւակ­նե­րը ու­ղար­կե­լու ե­կե­ղե­ցի, որ­պէս­զի ա­նոնք կա­մաց-կա­մաց գիտ­նան մեր ե­կե­ղեց­ւոյ սո­վո­րու­թիւն­ներն ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, սոր­վի՛ն, մտա­ծե՛ն, խօ­սի՛ն, վկա­յե՛ն ու մա­նա­ւանդ ի­րենք ալ ի­րենց կար­գին, ի­րենց յա­ջորդ­նե­րուն փո­խան­ցեն։ Այս տօ­նը մե­զի պատ­գամ մը կու տայ, եւ այդ պատ­գա­մը կը թե­լադ­րէ մեր զա­ւակ­նե­րը նո­ւի­րել ազ­գին, ըն­ծա­յել ե­կե­ղեց­ւոյ, որ­պէս­զի ա­նոնք մեծ­նան բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րով ու ազ­գա­յին վառ ապ­րում­նե­րով»։
Ա­պա, գերպ. հայր սուր­բը ս. ­խո­րա­նին վրայ զե­տե­ղո­ւած Ք­րիս­տո­սի մո­մէն վա­ռեց ե­կե­ղեց­ւոյ ա­տեա­նը դրո­ւած ե­րեք մո­մե­րը, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն մո­մե­րը, որ­պէս խորհր­դա­նիշ Ս. Եր­րոր­դու­թեան եւ որ­պէս Ք­րիս­տո­սի լոյս՝ տա­րա­ծե­լու հա­մայն աշ­խար­հին։ ­Նա­խա­տօ­նա­կի ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ տա­րո­ւան ա­ռա­ջին ան­դաս­տա­նի գե­ղե­ցիկ ու զմայ­լիչ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ օրհ­նե­լով աշ­խար­հի չորս կող­մե­րը։
­Հուսկ, գերպ. հայր սուր­բը, ե­կե­ղեց­ւոյս սպա­սա­ւոր­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ եւ «Ու­րախ ­Լեր…» շա­րա­կա­նով թա­փօր կազ­մած ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ վա­ռեց ա­ւան­դա­կան կրա­կը։ ­Հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ որ­պէս զո­ւար­ճանք ցատ­կե­ցին կրա­կին վրա­յէն եւ ի­րենց հետ առ­նե­լով Ք­րիս­տո­սի լոյ­սը, տա­րին ի­րենց տու­նե­րը՝ որ­պէս օրհ­նու­թիւն։ ­Ներ­կա­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ եր­գո­ւե­ցան ազ­գա­յին եր­գեր, Հ.Հ. ­քայ­լերգն ու «­Կի­լի­կիա» մաղ­թեր­գը։

ԹՂԹԱԿԻՑ