Չորեքշաբթի, 14 Փետրուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Առաջնորդ Սրբազան հօր նախագահութեամբ, Առաջնորդական Փոխանորդ հայր սուրբի, շրջանիս հոգեւոր հովիւին, եկեղեցւոյս սարկաւագներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ, նշուեցաւ մեր Տիրոջ ու Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսին տաճար ընծայման տօնը՝ Տեառնընդառաջը: Կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, Տեառնընդառաջի նախատօնակ, ապա անդաստան:
Քարոզի պահուն, Սրբազան հայրը անդրադարձաւ Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման աւետարանական հատուածին, հաւատացեալներուն փոխանցելով Տեառնընդառաջին խորհուրդն ու պատգամը: Ապա, հոգեւոր հովիւը կատարեց մանուկներու ընծայումը Ս. Խորան՝ «Քրիստոս Փառաց Թագաւոր…» շարականին երգեցողութեամբ: Յետոյ Սրբազան հայրը Ս. Խորանէն վառեց եկեղեցւոյ ատեանը զետեղուած հինգ մոմերը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներուն մոմերը, իբրեւ Քրիստոսի լոյս՝ զայն տարածելու համայն աշխարհին:
Արարողութեան աւարտին, Սրբազան հայրը հայր սուրբերուն եւ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն ընկերակցութեամբ, թափօր կազմած, ուղղուեցաւ վառելու աւանդական խարոյկը: Ընթացքին, «Համազգային»ի «Մասիս» պարախումբը ճոխացուց մթնոլորտը՝ կրակին շուրջ շուրջպար բռնելով:
Թղթակից