Երկուշաբթի 13 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Քրիստոսի տաճար ընծայման` Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւնը:
Ժամերգութիւնը կատարեց հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ դպիրներուն: Ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդը:
Անդաստանի արարողութենէն ետք, քահանայ հայրը վառեց մոմը եւ ծնողներու կողմէ տաճար ընծայուած փոքրիկները դարձուց Ս. խորանին շուրջը:
Աւարտին ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ բակը, ուր Տ. Պարէտ քհնյ. հայրը վառեց աւանդական խարոյկը: Ան հաւատացեալներուն իր բարեմաղթութիւնները փոխանցելէ ետք յայտնեց, թէ կրակը մարդուն ջերմացնող եւ շուրջը լուսաւորող միջոցն է: Կրակը ունի նաեւ այրելու եւ չեզոքացնելու յատուկ ուժականութիւն: Ուստի մեր բոլորին մաղթանքը թող ըլլայ, որ այս աւանդական կրակը չեզոքացնէ ու անյետացնէ պատերազմները, հիւանդութիւնները եւ ամէն տեսակի չարիքները: Ապա ներկաները եւ մանաւանդ համախմբուած աշակերտները սկսան ցատկել կրակին վրայէն ու երգել ազգային երգեր:
Ետքը եկեղեցւոյ սրահին մէջ Տիկնանց մարմինը կազմակերպեց հիւրասիրութիւն մը, որուն ընթացքին տիկ. Հռիփսիմէ Կարապետեան խոր ապրումով ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիների պարը» բանաստեղծութիւնը: Ներկայ հաւատացեալները ետքը լայն ժամանակը ունեցան ուրախ ու զուարթ մթնոլորտի մէջ իրար հետ զրուցելու: Աւարտին անոնք իրենց մոմերը վառած եւ հոգեկան գոհունակութեամբ մեկնեցան իրենց բնակարանները:
ԹՂԹԱԿԻՑ