­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի տա­ճար ըն­ծայ­ման տօ­նին՝ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի առ­թիւ, ­Կի­րա­կի, 13 ­Փետ­րո­ւար 2022-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6:00-ին, ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի նա­խա­տօ­նա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեա­նի։ Ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից դար­ձան Ա­թէն­քի եւ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ՝ արժ. Տ. Հ­րայր Աւ. քհնյ. ­Նի­կո­լեան եւ արժ. Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան:
­Ներ­կայ էին Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, շրջա­նի կա­ռոյց­նե­րու ան­դամ­ներ, ազգ. վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­հի­ներ եւ ու­սուց­չու­հի­ներ, գնա­հա­տե­լի թի­ւով ա­շա­կերտ­ներ ու ծնող­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։
­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեան փո­խան­ցեց յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զը։ Ան սկիզ­բը մա­նուկ ­Յի­սու­սի տա­ճար ըն­ծայ­ման ա­ւե­տա­րա­նա­կան դրո­ւա­գը կա­տա­րեց, ա­պա ա­նոր ընդ­մէ­ջէն եր­կու կա­րե­ւոր կէ­տե­րու անդ­րա­դար­ձաւ։ Ա­ռա­ջի­նը ծնող­նե­րու պար­տա­ճա­նա­չու­թիւնն է։ ­Յով­սէփ եւ ­Մա­րիամ, յար­գե­լով ­Հին կտա­կա­րա­նի մով­սի­սա­կան օ­րէն­քը, ի­րենց անդ­րա­նիկ մանչ զա­ւա­կը ­Յի­սուս նո­ւի­րե­ցին տա­ճար։ Ծ­նո­ղա­կան պար­տա­ճա­նա­չու­թիւ­նը շատ հիմ­նա­կան է փոք­րի­կին եւ ըն­տա­նիք կո­չո­ւած կա­ռոյ­ցին հա­մար։ ­Փոք­րի­կի մը ֆի­զի­քա­կան խնա­մա­տա­րու­թիւ­նը, դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը եւ կրթու­թիւ­նը չա­փա­զանց կա­րե­ւոր է։ Եւ ոե­ւէ մէկ ծնո­ղա­կան թե­րա­ցում, իր ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւնն ու ար­դիւն­քը կ’ու­նե­նայ փոք­րի­կին վրայ։
Եւ երկ­րորդ, փոք­րի­կի մը դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ հո­գա­տա­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան մէջ, ծնող­քը ինք պէտք է ըլ­լայ մե­ծա­գոյն օ­րի­նա­կը։ ­Հայ ծնող­քը հրա­ւի­րո­ւած է յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թեան։ ­Մեր հայ­րե­նի­քէն հե­ռու, ֆի­զի­քա­կան հո­գա­տա­րու­թեան կող­քին ծնող­քը պէտք է իր զաւ­կին տայ նաեւ հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թիւն։ ­Սոյն սրբա­զան նպա­տա­կին հա­մար, մեր ժո­ղո­վուր­դը հայ­րե­նի­քէն դուրս ե­կե­ղե­ցի, դպրոց եւ միու­թիւն­ներ կա­ռու­ցեց։ Ուս­տի հայ ծնող­քը իր զաւ­կին ինք­նու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու մար­տահ­րա­ւէ­րին դի­մաց, պէտք է զինք ներշն­չէ ու մղէ դէ­պի ազ­գա­յին կա­ռոյց­ներ, ո­րոնք հաս­տա­տո­ւած են մեր ըն­տա­նիք­նե­րուն կող­քին ըլ­լա­լու եւ ծնող­նե­րուն օ­ժան­դա­կե­լու նոր սե­րուն­դի դաս­տիա­րա­կու­թեան սերն­դա­կերտ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան։
­Քա­րո­զի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ե­կե­ղեց­ւոյ սուրբ խո­րա­նէն վա­ռե­լով մո­մը բե­րաւ ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն որ­պէս­զի ի­րենց մո­մե­րը վա­ռե­լով, տա­նին եւ ի­րենց օ­ճախ­նե­րը լու­սա­ւո­րեն Ք­րիս­տո­սի լոյ­սով։
­Բա­ցատ­րու­թիւն տա­լով ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նին խա­րոյկ վա­ռե­լու մա­սին, ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը նշեց, որ մեր նախ­նեաց նա­խաք­րիս­տո­նէա­կան հա­ւա­տա­լիք­նե­րուն հետ կա­պո­ւած կրա­կի եւ լոյ­սի պաշ­տա­մուն­քը, հայ ե­կե­ղե­ցին փո­խա­կեր­պեց աս­տո­ւա­ծա­յին լոյ­սին՝ Ք­րիս­տո­սի։ Իսկ խա­րոյկ վա­ռե­լու ա­ւան­դու­թիւ­նը չխա­փա­նեց, որ­պէս­զի հայ ժո­ղո­վուր­դը շա­րու­նա­կէ կա­պո­ւած մնալ նա­խա­հայ­րե­րու պատ­մու­թեան խոր ան­ցեա­լէն ե­կած դա­րա­ւոր ար­մատ­նե­րուն եւ պատ­կա­նե­լիու­թեան։
­Բա­րե­պաշ­տա­կան ա­ւան­դու­թեամբ լե­ցուն տօն ըլ­լա­լով ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջը, ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը, նաեւ ծնող­նե­րուն յոր­դո­րեց պա­հել ազ­գա­յին եւ ժո­ղովր­դա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ոչ թէ հին ան­ցեա­լի յու­շեր են, այլ մեր ա­ռօ­րեա­յին կա­պո­ւած ապ­րող ա­ւան­դու­թիւն­ներ են։ ­Հե­տե­ւա­բար, թե­լադ­րեց ծնող­նե­րուն որ չմոռ­նան ու պա­հեն ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նին ի­րենց նո­րա­ծին եւ փոքր մա­նուկ­նե­րը խո­րա­նին ըն­ծա­յե­լու ա­ւան­դու­թիւ­նը եւ հրա­ւի­րեց ծնող­նե­րը մօ­տեց­նե­լու ի­րենց զա­ւակ­նե­րը սուրբ խո­րա­նին, ո­րոնք քա­հա­նայ հայ­րե­րու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ըն­ծա­յո­ւե­ցան սուրբ խո­րա­նին։
Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, հայ ժո­ղո­վուր­դի գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեան ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ վա­ռեց խա­րոյ­կը, ո­րուն շուրջ բո­լո­րը միա­սին եր­գե­ցին ազ­գա­յին եր­գեր, ինչ­պէս նաեւ «­Մեր հայ­րե­նիք» եւ «­Կի­լի­կիա» ո­գերգ­նե­րը։
Ա­պա ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր բա­րե­մաղ­թու­թեան խօս­քե­րէն ու օրհ­նու­թե­նէն ետք, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը եւ նա մա­նա­ւանդ փոք­րիկ­նե­րը սկսան ցատ­կիլ կրա­կին վրա­յէն։
­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի ա­րա­րո­ղո­ւթեան ա­ւար­տին, ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց մար­մի­նը, ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր, քա­հա­նայ հայ­րե­րուն եւ հիւ­րե­րուն կազ­մա­կեր­պեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն մը։
ԹՂԹԱԿԻՑ