Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի տօնին առթիւ¸ Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւնը։
Նախատօնակի արարողութեան պիտի հանդիսապետէ
Յունաստանի թեմի Առաջնորդ
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Արարողութեան աւարտին, պահելով հայ ժողովուրդի դարաւոր աւանդութիւնը եկեղեցւոյ բակին մէջ պիտի վառուի նաեւ խարոյկը։
Ուստի կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը, ներկայ գտնուելու Տեառնընդառաջի արարողութեան: Ինչպէս նաեւ կը հրաւիրենք ծնողները, որպէսզի իրենց մանուկ զաւակները բերեն եկեղեցի, ընծայաբերելու համար Ս. Խորանին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ
«Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ» ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ