Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւն

0
61

­Մեր ­Տի­րոջ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի տա­ճար ըն­ծայ­ման տօ­նին՝ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի առ­թիւ Ե­րեք­շաբ­թի, 13 ­Փետ­րո­ւար 2024-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6:00-ին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ եւ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցի­ներուն մէջ պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի նա­խա­տօ­նա­կի ա­րա­րո­ղութիւ­նը։
­Գո­մո­թի­նիի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը պի­տի կա­տա­րո­ւի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8։00-ին։
­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի նա­խա­տօ­նա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Չո­րեք­շաբ­թի, 14 ­Փետ­րուար 2024-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին:
Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, պա­հե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­րա­ւոր ա­ւան­դու­թիւ­նը պի­տի վա­ռո­ւի նաեւ խա­րոյ­կը։
Ուս­տի կը հրա­ւի­րենք հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը, ներ­կայ գտնո­ւե­լու ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի ա­րա­րո­ղու­թեան:
Ինչ­պէս նաեւ կը հրա­ւի­րենք ծնող­նե­րը, որ­պէս­զի ի­րենց մա­նուկ զա­ւակ­նե­րը բե­րեն ե­կե­ղե­ցի, ըն­ծա­յա­բե­րե­լու հա­մար Ս. ­Խո­րա­նին:

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԹԵՄԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ