Յունաստանի հայոց թեմի Կրօնական Ժողովի կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի՝ 13 Փետրուար 2019ի երեկոյեան ժամը 5:30ին, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառն մերոյ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւնը։
Ժամերգութեան նախագահեց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, մասնակցութեամբ՝ Աթէնքի եւ Նէոս Գոզմոսի Հոգեւոր Հովիւներուն։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան ու ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեան, Թաղային Խորհուրդներու անդամներ, մեծ թիւով հաւատացեալ ժողովուրդ եւ Հայ Կապոյտ Խաչի Ազգային «Զաւարեան» վարժարանի աշակերտութենէն խումբ մը։
Ժամերգութեան ընթացքին, Նարեկ Քհնյ. Շահինեան սուրբ խորանին շուրջը դարձուց ծնողներու կողմէ տաճար ընծայուած փոքրիկները եւ ետքը կատարուեցաւ անդաստանը։
Ապա՝ քարոզեց Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ Տեառնընդառաջի տօնին մէջ կը տեսնենք երկու պատկերներ, մէկը՝ եկեղեցիէն ներս, եւ միւսը՝ եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Եկեղեցիէն ներս մանուկ Յիսուսի ծնողքը՝ Յովսէփ եւ Մարիամ, օրինապահ պարտաճանաչութեամբ կը կատարեն Աստուծոյ պատուիրանները, ըստ որուն իւրաքանչիւր անդրանիկ արու զաւակ պէտք է Աստուծոյ նուիրուի։
Երկրորդ՝ եկեղեցւոյ բակին մէջ հնադարեան հայկական աւանդութեանց համաձայն, խարոյկ վառելը եւ անոր հետ կապուած ժողովրդային սովորութիւններու եւ հաւատալիքներու պահպանումը։ Յատկապէս նորապսակներու հարսանեկան հագուստով ներկայ ըլլալը, որ կրկնապսակի երեւոյթ կը պարզէր։ Այս երկու պատկերները կը միաւորուին հայ ծնողքին, յատկապէս հայ մօր տիպարին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազանը թելադրեց հայ մայրերուն, որ անձնական կեանքի օրինակով հետամուտ ըլլան Տեառնընդառաջի տօնի պատուիրանապահ եւ աւանդապահ թելադրանքներով դաստիարակելու իրենց զաւակները։
Սրբազան Հայրը ետքը բացատրեց Տեառնընդառաջին կրակ վառելու աւանդութեան մասին։ Ան շեշտեց, թէ իւրաքանչիւր ընտանիք երբ եկեղեցիէն լոյս առնելով իր տունը կը տանի, հայկական այդ օճախը առաւել եւս կը լուսաւորուի ու քրիստոնէական հաւատքով կ’օրհնուի։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, մեր ժողովուրդի հինաւուրց աւանդութեան համաձայն՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եկեղեցիէն կրակը առնելով ուղղուեցաւ բակ եւ ժողովուրդի ներկայութեան վառեց խարոյկը։ Ապա՝ ներկաները խարոյկին շուրջ պարեցին եւ շատեր անոր վրայէն ցատկեցին։
Ետքը՝ եկեղեցւոյ Տիկնանց Մարմինը սրահին մէջ կազմակերպեց հիւրասիրութիւն մը, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց յատկապէս ներկայ երիտասարդները եւ մօտէն զրոյց ունեցաւ անոնց հետ։
Աւարտին՝ մեկնումի ժամանակ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը հաւատացեալներուն բաժնեց լապտերներ, որպէսզի անոնք օրհնուած լոյսը տանին իրենց տուները։
ԹՂԹԱԿԻՑ