­Մեր ­Տի­րոջ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի տա­ճար ըն­ծայ­ման տօ­նին առ­թիւ, Ե­րեք­շաբ­թի 13 ­Փետ­րո­ւար 2024-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6-ին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի նա­խա­տօ­նա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, կա­տա­րո­ղու­թեամբ տեղ­ւոյն հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նի:
Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի տիկ. ­Հայ­կան ­Մի­նա­սեանն ու հայ ու­սուց­չու­հի­նե­րը, թիւ մը ա­շա­կերտ­ներ ու հա­ւա­տա­ցեալ­ներ:
Ա­ւար­տին, ծնող­նե­րու կող­մէ տա­ճար ըն­ծա­յո­ւած փոք­րիկ­նե­րը, քա­հա­նայ հօր հե­տե­ւե­լով դար­ձան Ս. խո­րա­նին շուր­ջը, որ­մէ ետք բո­լո­րը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կը:
Տ. ­Պա­րէտ քա­հա­նայ ­Հայ­րը, Ս. խո­րա­նին վրա­յէն մո­մը բե­րե­լով վա­ռեց ա­ւան­դա­կան խա­րոյ­կը, ա­պա ներ­կա­նե­րէն շա­տեր, հե­տե­ւե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­ւան­դու­թեան ցատ­կե­ցին ա­նոր վրա­յէն:
Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, ներ­կա­նե­րը հրա­ւի­րո­ւե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հը, ուր ­Տիկ­նանց մար­մի­նը թէ­յով ու տե­սա­կա­ւոր խմո­րե­ղէն­նե­րով հիւ­րա­սի­րեց ա­նոնց: Օ­րո­ւան ա­ւար­տին, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ի­րար լա­ւա­գոյն մաղ­թանք­ներ կա­տա­րե­լէ ետք, հո­գե­կան բա­ւա­րա­րու­թեամբ ու գո­հու­նա­կու­թեամբ մեկ­նե­ցան ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րը:

ԹՂԹԱԿԻՑ