Չորեքշաբթի՝ 14 Փետրուար 2018ի երեկոյեան ժամը 7ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի եկեղեցական հանդիսաւոր արարողութիւնը, նախագահութեամբ՝ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի, մասնակցութեամբ՝ եկեղեցւոյ սարկաւագներուն, կիսասարկաւագներուն, ուրարակիրներուն եւ դպիրներուն, ինչպէս եւ ներկայութեամբ՝ Թեսաղոնիկահայ հոծ բազմութեան։
Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման տօնին առիթով, նախատօնակի արարողութեան աւարտին, Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան կատարեց նաեւ մանուկներու ընծայումը Ս. Խորանին՝ «Քրիստոս Փառաց Թագաւոր…» շարականի ընկերակցութեամբ։ Առանձնապէս ոգեւորիչ էր այն իրողութիւնը, որ բազմաթիւ ծնողներ իրենց զաւակները բերած էին, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկահայ մեծ թուով հաւատացեալներ, թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ բակին մէջ, իրենց ներկայութեամբ քաջալեր հանդիսացան այս գեղեցիկ աւանդութեան ու սովորութեան պահպանումին։ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ աւետարանի հատուածին՝ Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայումին։ Իր խօսքին մէջ, Հայր Սուրբը ըսաւ.- «Որպէս ծնողներ, պարտաւորութիւն ու պարտականութիւն ունիք ձեր զաւակները ուղարկելու եկեղեցի, որպէսզի անոնք կամաց-կամաց գիտնան մեր եկեղեցւոյ սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, սորվի՛ն, մտածե՛ն, խօսի՛ն, վկայե՛ն ու մանաւանդ իրենք ալ, իրենց կարգին, իրենց յաջորդներուն փոխանցեն։ Այս տօնը մեզի պատգամ մը կու տայ, եւ այդ պատգամը կը թելադրէ մեր զաւակները նուիրել ազգին, ընծայել եկեղեցւոյ, որպէսզի անոնք մեծնան բարոյական արժէքներով ու ազգային վառ ապրումներով»։
Ապա, Հայր Սուրբը Ս. Խորանին վրայ զետեղուած Քրիստոսի մոմէն վառեց եկեղեցւոյ ատեանը դրուած երեք մոմերը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներուն մոմերը, որպէս խորհրդանիշ Ս. Երրորդութեան եւ որպէս Քրիստոսի լոյս՝ տարածելու համայն աշխարհին։ Նախատօնակի ընթացքին, տեղի ունեցաւ տարուան առաջին Անդաստանի գեղեցիկ ու զմայլիչ եկեղեցական արարողութիւնը՝ օրհնելով աշխարհի չորս կողմերը։
Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ սպասաւորներուն ընկերակցութեամբ եւ «Ուրախ Լեր…» շարականով թափօր կազմած եկեղեցւոյ բակին մէջ՝ Հայր Սուրբը վառեց աւանդական խարոյկը։ Հաւատացեալներ եւ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որպէս զուարճանք, ցատկեցին կրակին վրայէն եւ, իրենց հետ առնելով Քրիստոսի լոյսը, տարին իրենց տուները՝ որպէս օրհնութիւն։
Հայկական աւանդութեան համաձայն, հոծ բազմութեան ներկայութեան, «Համազգային»ի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբը ճոխացուց յայտագիրը եւ, ներկաներուն առաւել եւս եռանդ տալով, շուրջպարեր կատարելով կրակին շուրջ՝ մեծ ուրախութիւն պատճառեցին բոլորին անխտիր։
Աւարտին, ներկաներուն մասնակցութեամբ, երգուեցան Հ.Հ. Քայլերգն ու «Կիլիկիա» մաղթերգը։
Եկեղեցական արարողութենէն եւ խարոյկահանդէսէն ետք, կազմակերպութեամբ՝ «Համազգային»ի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան, «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ փոքր հիւրասիրութիւն եւ դարձեալ «Մասիս» պարախումբի անդամ-անդամուհիները ունեցան պարային ելոյթ։ Օրուան թամատայութիւնը ստանձնած էր Հայր Սուրբը, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգտակար դարձան որպէսզի սոյն ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուի։
Ձեռնարկին իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ իր բարձր գնահատանքը արտայայտեց նաեւ շրջանի երիտասարդներէն՝ Յովիկ Գասապեան։
Աւարտին, Հայր Սուրբը անգամ մը եւս իր սրտի գոհունակութիւնը յայտնեց «Համազգային»ի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի անդամ-անդամուհիներուն, յատկապէս ատենապետուհիին՝ տիկ. Տիրուհի Գալֆայեանին։ Նոյնպէս՝ Թաղային Խորհուրդին եւ բոլոր անոնց, որոնք անձնուիրաբար ու կամաւոր կերպով իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն գաղութի վերելքին, թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս՝ առաւել վառ պահելով հայ մշակոյթն ու հայ ազգի գոյատեւման կռուանները։
Գեղարուեստական յայտագրի փակումէն ետք, ներկաները հաւաքուեցան ընթրիքի սեղանի շուրջ եւ շարունակեցին ուրախ ժամանակ անցընել սրահէն ներս՝ պարելով եւ երգելով։
Բոլորին վարձքը կատար։
Թղթակից