Շաբաթ 11 Փետրուար 2017-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի արարողութիւնը։ Հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, ժամերգութեան աւարտին հաւատացեալներուն բացատրեց օրուան յիշատակութիւնը։
Ան յայտնեց, թէ փոքրիկներու տաճար ընծայումը կրօնական հնագոյն սովորութիւններէն մին կը հանդիսանայ։ Մեծապէս գնահատելի է ծնողներու մօտեցումը անոր հանդէպ։
Սակայն պէտք է ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ոչ միայն սովորութեան արտաքին երեւոյթին եւ կատարման ժամանակին վրայ, այլ իսկական միտքին ու հաւատքին մէջ։
Ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառուեցաւ կրակը։ Աւանդութեան համաձայն երիտասարդ զոյգ մը, փեսայի ու հարսի հագուստով ներկայ գտնուեցաւ ու ներկաներուն հետ միասնաբար շուրջպար բռնեցին եւ կրակին վրայէն ցատկեցին։ Ետքը Մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ընկերային երեկոյ։ Միութեան ատենապետուհի տիկ. Ճէնի Գասապեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։ Ապա հրաւիրեց Տէր Պարէտ քահանայ հայրը որպէսզի օրհնէ նոր տարուան գաթան։ Ետքը տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն ու գեղարուեստական յայտագիր եւ ներկաները հայկական երգերով ու պարերով ճոխ մթնոլորտ մը անցուցին։
Գոմոթինի, 14 Փետրուար 2017
ԹՂԹԱԿԻՑ