Երկուշաբթի 12 Փետրուար երեկոյեան ժամը 5:30ին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Տեառընդառաջի Տօնակատարութիւնը Գոքինիոյ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան նախագահեց թեմիս կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանը: Ներկայ էին Գոյգինիոյ եկեղեցւոյ ինչպէս նաեւ Նէոս Գոզմոյի երկու Հոգեւոր Հովիւները:
Արարողութեան ընթացքին երգուեցան շարականները, որոնց ազդեցութեան տակ եղան յուզումներ: Ապա ծնողներ իրենց մանուկները բերին որպէսզի խորան բարձրանան, կանգնին Տիրոջ ներկայութեան եւ ստանան օրհնութիւնը Բարձրեալին: Քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը հարազատօրէն բացատրեց եւ մեկնաբանեց Տեանռընդառաջի խորհուրդը Աստուածաշունչէն, եւ ապա դառնալով առօրեայ կեանքին աւելցուց թէ. «Տեառնդառաջը մնայուն ներկայութիւնը պէտք է ըլլայ մեր կեանքին մէջ, որպէսզի Աստուծոյ տուած իւրաքանչիւր օրը կանգնինք անոր դիմաց, եւ Զինք ընդունինք որպէս մեր կեանքին անմար լոյսը»:
Քարոզի աւարտին Ս. Խորանէն բերուեցաւ Քրիստոսի Լոյսը եւ հաւատացեալներ իրենց մոմերով ստացան Քրիստոսի Լոյսը եւ թափօրով առաջնորդուեցան եկեղեցւոյ բակ, որպէսզի Սրբազան հօր ձեռամբ բոցավառուի Տեառընդառաջի աւանդական խարոյկը: Կրակին շուրջ հաւաքուած երգուեցան «Կիլիկեա» եւ «Մեր Հայրենիք» երգերը: Աւարտին ժողովուրդին բաժնուեցաւ հիւրասիրութիւն:
Թաղային Խորհուրդ եւ Տիկնաց մարմին Գոքինիոյ