Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւնը Նէա Զմիռնիի կեդրոնական հրապարակին վրայ տեղադրեց տեղեկատուական տաղաւար, Ուրբաթ՝ 23 Փետրուարէն մինչեւ Կիրակի՝ 25 Փետրուար, Արցախի ազատագրական շարժումի 30ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս:
Միութեան ընկեր-ընկերուհիները տեղեկութիւններ կուտային բոլոր անցորդներուն Արցախի եւ Հայ Դատի շուրջ: Նաեւ կը ծախէին Հայ Դատի վերաբերեալ գիրքեր, երգի cdներ,պլուզներ եւ այլն: