Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Թեհ­լի­րեան» Ե­րի­տա­սար­դա­կան խում­բի վար­չու­թեան, Կի­րա­կի՝ 4 եւ Եր­կու­շաբ­թի՝ 5 Մարտ 2018ին, Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­րիս­տո­տէ­լուս» հրա­պա­րա­կին վրայ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ազ­գա­յին դրօշ­նե­րու ներ­քեւ զե­տե­ղո­ւե­ցաւ տե­ղա­կա­տո­ւա­կան տա­ղա­ւար՝ նո­ւի­րո­ւած Ար­ցա­խի 30ա­մեա­կի ա­զա­տագր­ման ա­ռի­թով, տե­ղե­կու­թիւն փո­խան­ցե­լու յատ­կա­պէս ու մաս­նա­ւո­րա­բար օ­տար­նե­րուն՝ Ար­ցա­խի դիր­քին, ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան, տե­ղի ու­նե­ցող զար­գա­ցում­նե­րուն եւ ընդ­հան­րա­պէս Ար­ցա­խի մար­տու­նակ ո­գիին։
Առ այդ, Հ.Յ.Դ. Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Թեհ­լի­րեան» Ե­րի­տա­սար­դա­կան խում­բի վար­չու­թեան ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ եւ շարք մը կա­մա­ւոր­ներ, 2 օր շա­րու­նակ, մին­չեւ ուշ գի­շեր, տա­ղա­ւա­րի շուրջ գտնո­ւե­ցան, միաս­նա­կան անն­կուն կամ­քով ու ո­գիով, ըն­դու­նե­ցին հայ եւ օ­տար հիւ­րեր, տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին Ար­ցա­խի ա­զա­տագր­ման 30ա­մեա­կի կա­պակ­ցու­թեամբ, վա­ճա­ռե­ցին յու­շա­նո­ւէր­ներ, խտա­սա­լիկ­ներ, օ­րա­ցոյց­ներ եւ այլ ի­րեր։
Բ­նա­կա­նա­բար գա­ղու­թի պա­տաս­խա­նա­տու մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւս այ­ցե­լե­ցին սոյն վայ­րը՝ ա­ռա­ւել քա­ջա­լե­րե­լու մեր ե­րի­տա­սարդ-երի­տա­սար­դու­հի­նե­րուն տա­րած կա­րե­ւոր աշ­խա­տան­քը։ Գա­ղու­թիս հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ հոգշ. Տ. Ս­տե­փա­նոս Վրդ. Փա­շա­յեան եւս այ­ցե­լեց տա­ղա­ւար եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան խրա­խու­սեց եւ իր բարձր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց՝ նոյն ո­գիով եւ ա­ւե­լի ու­ժեղ թա­փով շա­րու­նա­կե­լու եւ ըն­դու­նե­լու նոր ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ գա­ղու­թէն ներս՝ որ­պէս­զի գա­ղու­թը ա­ւե­լի ե­րի­տա­սարդ վի­ճա­կով ներ­կա­յա­նայ հա­մայն հա­յու­թեան։

Թղ­թա­կից