Տաւուշի Դիտաւան գիւղին մէջ, դժուար արտասանուող Էքսերճեան մականունը վարժ գիտեն նոյնիսկ մանուկները. 2007ին արժանթինահայ բարերար Արմէն եւ Նատիա Էքսերճեանները սկսան համապարփակ կերպով աջակցիլ գիւղին: Դիտաւանը այսօր ունի բարեկարգ դպրոց, համայնքային կեդրոն, ջրամատակարարման համակարգ: Դիտաւանին բաժին հասաւ նաեւ Տաւուշի մարզի 11 գիւղի արժանթինահայ բարերարներու նիւթական աջակցութեամբ կառուցուած ջերմոցներէն 100րդը:
Յուլիս 12ին, արժանթինահայ բարերարներ Էքսերճեան, Տէվէճեան, Շիմշիրօղլու ընտանիքներու, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ներկայացուցիչներու, Հիմնադրամի Արժանթինի տեղական մարմնի ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ՝ կայացաւ 100րդ ջերմոցին բացումը: Ինչպէս ջերմոցներէն իւրաքանչիւրը, այդպէս ալ 100րդը նուիրուեցաւ մէկ ընտանիքի:
Ջերմոցի շահառու Մարինէ Մեսրոպեանի ընտանիքը բաղկացած է հինգ անդամէ: Ընտանիքը ջերմոցը նուէր ստանալուն զուգահեռ՝ հողագործութեան դասընթացներ անցած է «փորձառու» ջերմոցապահներու այն ընտանիքներուն մօտ, որոնք իրենց ջերմոցը կը գործարկեն արդէն երրորդ տարին ըլլալով: Բացման արարողութեան՝ արժանթինահայ բարերար Պօղոս Էքսերճեան շեշտեց, որ թէեւ բացման ներկայ են քանի մը արժանթինահայ ընտանիք միայն, սակայն Արժանթինի ամբողջ հայ համայնքը խոշոր նուիրատուութիւններ ըրած է Տաւուշի մարզի ընտանիքներուն կայուն եկամուտի հնարաւորութիւն ապահովելու համար:
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը, իր արժանթինահայ բարերարներուն նիւթական աջակցութեամբ, կեանքի կոչած է 100 քմ. մակերեսով, մետաղեայ կառուցուածքով եւ բարձրորակ ծածկով 100 ջերմոցներու ծրագիրը՝ Տաւուշի Դիտաւան, Ոսկեւան, Արծուաբերդ, Կոթի, Ներքին Ծաղկաւան, Բերդաւան, Այգեհովիտ, Կողբ, Զօրական, Կիրանց համայնքներուն մէջ: Իւրաքանչիւր ջերմոց արժած է 5500 Ա.Մ.Ն. տոլար:
Տաւուշի մէջ բացուեցաւ 100րդ ջերմոցը
Արժանթինահայերու նիւթական աջակցութեամբ Տաւուշի մէջ բացուեցաւ 100րդ ջերմոցը