­Մինչ ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ «­Քո­րո­նա» ժահ­րը իր մա­հա­ցու թե­ւե­րը եր­կա­րած է՝ կեան­քեր անխնայ խլե­լով, պե­տու­թիւն­նե­րը մէ­կը միւ­սին ե­տե­ւէն ա­մէ­նէն խիստ մի­ջոց­նե­րու եւ սեղ­մում­նե­րու կը դի­մեն, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, կար­ծէք, մար­դիկ չեն ու­զեր ըմբռ­նել վտան­գի լրջու­թիւնն ու տա­րո­ղու­թիւ­նը։
­Վեր­ջին եր­կու օ­րե­րու ըն­թաց­քին, ապ­շա­հար կը կար­դանք հայ­րե­նի լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րու լու­րե­րը, ո­րոնց հա­մա­ձայն՝ Էջ­միա­ծին քա­ղա­քին մէջ նշա­նա­խօ­սու­թեան խնջոյ­քի ըն­թաց­քին ժահ­րէն վա­րա­կո­ւած անձ մը վա­րա­կեց մեծ թի­ւով ներ­կա­ներ, ո­րոնց կար­գին նաեւ դպրո­ցա­կան ա­շա­կերտ մը։
­Զար­ման­քը կը դառ­նայ զայ­րոյթ, երբ կը կար­դաս, որ հա­կա­ռակ այս լուրջ պա­տա­հա­րին, նոյն քա­ղա­քը գտնո­ւող «Ս. ­Գա­յեա­նէ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, այս օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցան պսա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, իսկ մար­դիկ ի­րենց հան­գիս­տը չխան­գա­րե­ցին եւ շա­րու­նա­կե­ցին մաս­նակ­ցիլ հար­սա­նիք­նե­րու եւ նշա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րու ճոխ խնջոյք­նե­րու։
­Հա­յաս­տա­նի ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Ար­սէն ­Թո­րո­սեան կոչ ուղ­ղեց կրօ­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն զերծ մնալ կրօ­նա­կան ծէ­սե­րէ՝ յայտ­նե­լով հե­տե­ւեալ­նե­րը.- «Ան­կեղծ ա­սած տե­ղեակ չեմ, թէ մեր երկ­րում գոր­ծող կրօ­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ի՛նչ ո­րո­շում­ներ ու­նեն ի­րենց ծի­սա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կե­լու կամ դա­դա­րեց­նե­լու վե­րա­բե­րեալ, սա­կայն ու­զում եմ յի­շեց­նել, որ առ­նո­ւազն ­Հա­րա­ւա­յին ­Կո­րեա­յում եւ մեր հա­րե­ւան Ի­րա­նում նոր կո­րո­նա­վի­րու­սա­յին վա­րա­կը իր պայ­թիւ­նա­ձեւ տա­րա­ծումն է ստա­ցել հենց կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րի պատ­ճա­ռով։
­Հե­տե­ւա­բար, կոչ եմ ա­նում մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րին եւ բո­լոր կրօ­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րին զերծ մնալ զան­գո­ւա­ծա­յին ծէ­սե­րից՝ չե­ղար­կե­լով դրանք՝ մին­չեւ հա­մա­ճա­րա­կի վտան­գի ի սպառ վե­րա­ցու­մը։ ­Մարդ­կանց ա­ռող­ջու­թիւ­նը վեր է ա­մէն ին­չից»։
Եւ մինչ պի­տի սպա­սո­ւէր, որ ­Հա­յաս­տա­նեայց ե­կե­ղե­ցին, աշ­խար­հասփիւռ թե­մե­րուն նման, յայ­տա­րա­րու­թիւն ը­րած ըլ­լար, որ­պէս­զի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ­Կի­րա­կի օր տուն մնան եւ ան­կէ ա­ղօ­թեն, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­պիս­կո­պոս­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը փո­խա­նակ տուն մնա­լու հա­մար յոր­դոր­ներ ուղ­ղե­լու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն, ընդ­հա­նուր յոր­դոր մը ար­տա­յայ­տեց՝ հե­տե­ւե­լու պատ­կան մար­մին­նե­րու ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ցուց­մունք­նե­րուն։
­Կի­րա­կի օր, խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւն­ներ փու­թա­ցին ե­կե­ղե­ցի, ա­ռանց ո­րե­ւէ զգու­շու­թեան, մէ­կը միւ­սին կող­քին նստած, կա­տա­րե­լու հա­մար ի­րենց հո­գե­ւոր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ ա­ղօթ­քը։
­Հա­յը հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուրդ է։ Իր ե­կե­ղեց­ւոյ հան­դէպ տա­ծած յար­գան­քը անգ­նա­հա­տե­լի է, խո­րա­պէս դրոշ­մո­ւած է հա­յու ինք­նու­թեան վրայ, ցե­ղի յատ­կա­նիշն է, որ դա­րե­րէն ե­կող մա­սուն­քի նման վառ կը մնայ իւ­րա­քան­չիւ­րիս հո­գիին մէջ։
­Սա­կայն, ին­չո՞ւ հայ­րե­նի մեր ե­կե­ղե­ցին չի սթա­փիր, երբ պէտք է գէթ ո­րոշ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը հա­մար ա­մէն տե­սա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն սեղմ ըլ­լայ։ ­Չենք կրնար հասկ­նալ, ին­չո՞ւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Մեծ ­Պա­հոց օ­րե­րուն կ­՚ար­տօ­նո­ւի պսակ կամ նշա­նա­խօ­սու­թիւն կա­տա­րել։ Ինչ­պէս կա­րե­լի է ան­տե­սել պե­տու­թեան յոր­դոր­նե­րը եւ ա­մէն ինչ թո­ղել «բախ­տի պատ­մու­թեան», ինչ­պէս մեծ բա­նաս­տեղծ ­Յով­հան­նէս ­Շի­րազ պի­տի ը­սէր։
­Հա­պա՞ պե­տու­թիւ­նը։ Երբ քա­ղա­քի մը մէջ հա­մա­տա­րած վա­րա­կում­նե­րու լուրջ պա­տա­հար մը մէջ­տեղ կու գայ, ին­չո՞ւ այդ քա­ղա­քը՝ Էջ­միա­ծին քա­ղա­քը, ար­գե­լա­փա­կու­մի չէ են­թար­կուած։ ­Մար­դիկ ա­զա­տօ­րէն ճամ­բա­նե­րը կը շրջին, հա­ւա­նա­բար Ե­րե­ւան կամ այլ քա­ղաք­ներ կը ճամ­բոր­դեն, մար­դոց հետ շփման մէջ կու գան։ Եր­կու խօս­քով, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ռումբ մը ա­զատ ձգո­ւած է, մին­չեւ որ ա­նի­կա պայ­թի, ան­հա­ւա­տա­լի հե­տե­ւանք­նե­րով։
Ան­դին, օ­րե­րէ ի վեր, վար­չա­պե­տը ինք­նա­մե­կու­սա­ցո­ւած է ­Սե­ւա­նի հանգս­տա­րա­նը եւ ան­կէ դի­մա­տետ­րի մի­ջո­ցով, ար­տա­կարգ կա­ցու­թիւն­նե­րու հա­մար յա­տուկ հա­մազ­գեստ հա­գած… կը խօ­սի…։ «­Քո­րո­նա» ժահ­րի կան­խար­գիլ­ման մի­ջոց­նե­րու կի­րարկ­ման հա­մար կա­ռա­վա­րա­կան բո­լոր նիս­տե­րը եւ աշ­խա­տանք­նե­րը կը կա­տա­րո­ւին փոխ վար­չա­պետ ­Տիգ­րան Ա­ւի­նեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ։
­Չէ՞ որ վար­չա­պե­տը ժահ­րին պատ­ճա­ռով ընդ­հա­տեց իր ար­ձա­կուր­դը եւ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան քո­ւէար­կու­թեան քա­րո­զար­շա­ւը։ Ին­չո՞ւ այս ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հե­րուն ան տա­կա­ւին ­Սե­ւան ա­ռանձ­նա­ցած է եւ չէ կանգ­նած կա­ռա­վա­րու­թեան գլու­խը, ժո­ղո­վուր­դին մօտ՝ ա­նոր խրա­խու­սե­լու, յոր­դո­րե­լու, հարկ ե­ղած պա­րա­գա­նե­րուն սաստ­կաց­նե­լու, ուղ­ղու­թիւն­ներ տա­լու, ծրա­գիր­ներ մշա­կե­լու։
Ս­խալ չհասկ­ցո­ւինք։ ­Քա­ղա­քա­կան ըն­դի­մու­թիւն ը­նե­լու թոյզն իսկ փա­փա­քը չու­նինք այս պա­հուն։ Ո՛չ ալ՝ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­կա­րե­լի դե­րին հան­դէպ կաս­կա­ծամ­տու­թեամբ կամ վի­րա­ւո­րա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով կը մօ­տե­նանք։
­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուրդն է, որ ա­հա­ւոր վտանգ սպառ­նա­ցող այս ժա­մա­նա­կին իր ցա­սու­մը կ­՚ար­տա­յայ­տէ եւ իր ղե­կա­վար­նե­րէն ա­ւե­լին կը սպա­սէ։
Վս­տահ ենք, որ պատ­կան մար­մին­նե­րը ի­րենց կա­րե­լին կ­՚ը­նեն ա­պա­հո­վե­լու հա­մար ժո­ղո­վուր­դի ա­ռող­ջու­թեան պահ­պա­նու­մը։ Ա­սի­կա, պե­տու­թեան մը տար­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւնն է։
­Հին ա­սա­ցո­ւած­քին հա­մա­ձայն՝ «­Կայ­սեր կի­նը ոչ միայն պար­կեշտ պէտք է ըլ­լայ, այ­լեւ ա­մէն ձե­ւով այդ պար­կեշ­տու­թիւ­նը ցոյց պի­տի տայ»։
­Կը սպա­սենք, որ հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ճա­կա­տագ­րա­կան ներ­կայ կա­ցու­թիւն­նե­րուն տէր պի­տի կանգ­նի։


ԴԻՏՈՂ