­Տա­րի մը՝ ա­ռանց ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեա­նին։ «Աղմ­կոտ» իր կեան­քէն ի վեր­ջոյ հե­ռա­ցաւ ան­ձայն, գա­մո­ւած հի­ւան­դա­նո­ցի ան­կո­ղի­նին վրայ, անս­պա­սե­լի ու­ղե­ղի կա­թո­ւա­ծի մը հե­տե­ւան­քով, որ յան­կարծ մթագ­նեց իր յոր­դա­ռատ ապ­րում­նե­րը ու ա­նա­ւարտ մնա­ցած գոր­ծը։
Իւ­րա­յա­տուկ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր ընկ. ­Յով­սէփ։ ­Պինդ՝ իր տե­սա­կէտ­նե­րով, միա­ժա­մա­նակ լե­ցուն՝ իր ապ­րած հան­րա­յին կեան­քով ու մա­նա­ւանդ կազ­մա­կեր­պա­կան փոր­ձա­ռու­թեամբ։
Իր կեան­քի մեծ ան­կիւ­նա­դար­ձը՝ սա­կայն, ե­ղաւ իր սի­րած ու պաշ­տած «Ա­զատ Օր»ը։ Ան նոյ­նա­ցաւ թեր­թին հետ, թեր­թը նոյ­նա­ցաւ ա­նոր հետ։ 40 եր­կար տա­րի­նե­րու խմբագ­րա­կան վաս­տակ, ան­կէ ետք՝ ա­ւե­լի քան 10 տա­րի­նե­րու ան­խոնջ աշ­խա­տա­կից «Ա­զատ Օր»ի ու ընդ­հան­րա­պէս հայ մա­մու­լին. նո­ւա­ճում­ներ, ո­րոնք սփիւռ­քա­հայ հան­րա­յին կեան­քին մէջ քի­չե­րու ար­ժա­նիք­նե­րը ե­ղած են։
Լ­րագ­րու­թիւնն ու խմբագ­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը թե­րեւս ի ծնէ բնո­րոշ յատ­կա­նիշ­ներ ե­ղան ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեա­նին հա­մար, որ իր ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­ռա­ջին ծլար­ձա­կու­մին, հայ մա­մու­լին մէջ գտաւ իր ար­ժա­նի տեղն ու ծա­ռա­յու­թեան հսկայ չա­փա­նի­շե­րը։ ­Հայ մա­մու­լը ի­րեն սոր­վե­ցուց ըլ­լալ զգա­յուն ու միա­ժա­մա­նակ հա­ւա­տա­րիմ՝ այս­պէս կո­չո­ւած հա­յու իւ­րա­յա­տուկ «ար­ժէք­նե­րուն», ո­րոնք իր գրի­չի, խօս­քի ու գոր­ծի հետ­քե­րով անջն­ջե­լի կը մնան «Ա­զատ Օր»ի 50 տա­րի­նե­րու թի­ւե­րուն մէջ, իր հրա­տա­րա­կած գիր­քե­րուն մէջ, իր դաշ­նակ­ցա­կա­նի կազ­մա­կեր­պա­կան հմտու­թեան, միու­թե­նա­կան անս­պառ նե­րու­ժին ու նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեան մէջ։
­Նո­ւի­րեալ­նե­րու ան­ժա­մա­նակ կո­րուս­տը միշտ ծանր կը կշռէ մեր գա­ղու­թա­յին կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­քին վրայ։ ­Գոր­ծե­րը ա­նա­ւարտ ձգած ըլ­լա­լու դառն զգա­ցու­մը ճնշիչ կը դառ­նայ սի­րե­լիի մը ան­դարձ մեկ­նու­մով։ Ընկ. ­Յով­սէփ ա­նա­ւարտ գոր­ծեր ձգեց իր ե­տին…։ Գ­րա­կա­նու­թեան, մշա­կոյ­թի, հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան, հրա­տա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­ներ մնա­ցին գա­ղա­փար եւ յղա­ցում՝ կի­սա­ւարտ է­ջե­րու մէջ։
Ան­դին, հա­մակ նո­ւի­րու­մի իր բո­վան­դակ կեան­քը դրոշ­մո­ւած կը մնայ յու­նա­հայ գա­ղու­թի մա­տեա­նին մէջ։ «Ա­զատ Օր»ի ըն­տա­նի­քը յար­գան­քով կը յի­շէ ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեա­նի թո­ղած վաս­տա­կը։ Ար­ժան եւ ի­րաւ։