­Հա­յու­թեան պայ­քա­րի ո­գիի աշ­խու­ժա­ցու­մը՝ հրա­մա­յա­կան պա­հանջ է այ­սօր

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայ­րե­նա­կից­ներ,
­Հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ ­Թուր­քիոյ կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 105ա­մեակն է այս տա­րի։
Հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման եւ հայ­րե­նազրկ­ման թրքա­կան պե­տու­թեան ոճ­րա­յին ծրագ­րի բո­լոր հանգ­րո­ւան­նե­րը՝ կան­խամ­տա­ծո­ւած, սեր­տո­ւած ու ման­րա­մաս­նօ­րէն մշա­կուած ու գոր­ծադ­րո­ւած ծրա­գիր մըն էր, որ կը մի­տէր ոչն­չաց­նել մեր ազ­գը։ ­Մարդ­կու­թեան դէմ գոր­ծո­ւած 20րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն էր, ո­րուն հե­տե­ւանք­նե­րը մեր ազ­գը կը կրէ մին­չեւ այ­սօր։
Վերջ­նա­կան մեր յաղ­թա­նա­կը՝ պատ­մա­կան մեր ի­րա­ւունք­նե­րու տի­րա­ցումն է։ Գլ­խա­ւոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը կը յա­մե­նան մեր առ­ջեւ, այն­քան ա­տեն որ ­Թուր­քիա կ­’ու­րա­նայ իր յան­ցա­պար­տու­թիւ­նը եւ կը փոր­ձէ թա­փան­ցել մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան մէջ, գոր­ծա­ծե­լով իր պե­տա­կան-տնտե­սա­կան ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան լայն մի­ջոց­նե­րը, հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ձայ­նը լռեց­նե­լու նպա­տա­կով։ ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ո­ճի­րը կը շա­րու­նա­կէ մնալ ան­պա­տիժ եւ ան­հա­տոյց։
Հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­նոր սե­րունդ­նե­րը նո­ւի­րա­կան կտակ մը ժա­ռան­գած են մեր ազ­գի նա­հա­տակ­նե­րէն։ ­Մեր ազ­գի հե­րո­սա­կան վե­րապ­րու­մը եւ վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը՝ հայ­կա­կան ո­գիի յա­րա­տեւ պայ­քա­րի պատ­գամն է որ կը պա­րու­նա­կէ։ ­Պայ­քա­րի այս ո­գիի աշ­խու­ժա­ցու­մը, հրա­մա­յա­կան պա­հանջ է այ­սօր, հայ­րե­նի­քի եւ սփիւռ­քի մէջ ապ­րող հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար։
Յաղ­թա­նակ­ներ ա­պա­հո­վե­լու ճա­նա­պար­հը մեր բո­լո­րի ու­ժե­րով կա­րե­լի է հար­թել, ո­րե­ւէ պայ­ման­նե­րու տակ։
Այս տա­րի պար­տա­ւո­րո­ւած ենք հա­մա­կեր­պե­լու հա­մաշ­խար­հա­յին մե­կու­սաց­ման ար­գելք­նե­րու օ­րէնք­նե­րուն, որ երկ­րէն ներս կը տի­րեն՝ COVID 19 հա­մա­վա­րա­կի պատ­ճա­ռով ստեղ­ծո­ւած կա­ցու­թեան կան­խար­գիլ­ման հա­մար։
Այս նպա­տա­կով, հա­մա­ցան­ցա­յին յա­տուկ սփռում մը նա­խա­տե­սո­ւած է, քա­ղա­քա­կան տա­րե­կան մեր ձեռ­նար­կին եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան ցոյ­ցին փո­խա­րէն, որ պի­տի հա­ղոր­դո­ւի`

Ուր­բաթ 24 Ապ­րիլ 2020ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 19։30ին,
«Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի կայ­քէ­ջէն www.azator.gr,
Youtubeի կա­յա­նէն (Azat Or) եւ ­Հայ դա­տի
յանձ­նա­խում­բի ­Դի­մա­տետ­րի է­ջէն Facebook
(Αρμενική Εθνική Επιτροπή Ελλάδος)

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ