Պ­սա­կա­ձեւ ժահ­րի սար­սա­փազ­դու վտանգն ու տա­րո­ղու­թիւ­նը մեզ ստի­պեց ամ­բող­ջու­թեամբ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել Ապ­րի­լեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան ե­լոյթ­նե­րու ծրագ­րու­մը։ Ոչ միայն ­Յու­նաս­տա­նի մէջ, այ­լեւ ­Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ Ս­փիւռ­քի գա­ղութ­նե­րը ու մին­չեւ այն հե­ռա­ւոր մա­սե­րը, ուր նոյ­նիսկ՝ սա­րո­յեա­նա­կան բնու­թագրու­մով եր­կու հա­յեր քով-քո­վի կու գան, այս տա­րի հա­ղորդ պի­տի չըլ­լանք ժո­ղովր­դա­յին պա­հան­ջա­տի­րա­կան այն հա­ւաք­նե­րուն, ո­րոնք կը յատ­կան­շեն 24 Ապ­րի­լի յի­շա­տա­կի ու պայ­քա­րի օ­րը։
­Հայ­րե­նի­քի եւ սփիւռ­քի տա­րած­քին, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ե­լոյթ­նե­րը եւ յի­շա­տա­կի ձեռ­նարկ­նե­րը պի­տի պատ­շա­ճին առ­ցանց սփռու­մին։
Պ­սա­կա­ձեւ ժահ­րի պատ­ճա­ռած տնա­յին մե­կու­սա­ցու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դը ստի­պած է ամ­բող­ջու­թեամբ դի­մե­լու հա­մա­ցան­ցին, իսկ այ­սօր՝ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րը փակ պի­տի մնայ հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ։
­Սա­կայն, տու­նէն ներս կամ ան­կէ դուրս, հա­մա­ցան­ցին վրայ կամ հա­ւա­քա­կան մէկ­տե­ղու­մի ժա­մա­նակ, հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ո­գին, որ էա­պէս կ­՚ի­մաս­տա­ւո­րո­ւի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին հաս­տա­տո­ւած «­Կը ­Յի­շեմ եւ կը ­Պա­հան­ջեմ» կար­գա­խօ­սով, է՛ ու կը մնա՛յ ան­ժա­ման­ցե­լի։
­Կը շա­րու­նա­կենք ոտ­քի կանգ­նիլ ­Յի­շե­լո՛վ եւ ­Պա­հան­ջե­լո՛վ։
­Թող մեզ չհանգս­տաց­նեն 2019ին՝ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Ծե­րա­կոյ­տի եւ ­Ներ­կա­յա­ցուցչ­նե­րու ­Տան՝ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման զոյգ ո­րո­շում­նե­րը, ո­րոնք զօ­րա­ւոր ապ­տակ մը ե­ղան թրքա­կան պե­տու­թեան ե­րե­սին, լկտիու­թեան եւ անկր­թու­թեան վար­մուն­քին դէմ, զոր ­Թուր­քիա տաս­նեակ տա­րի­նե­րէ ի վեր ցու­ցա­բե­րեց իր դաշ­նա­կից ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու հան­դէպ։
­Թող մեզ չհանգս­տաց­նեն, նոյ­նիսկ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին եւ ան­կէ ետք՝ պե­տու­թիւն­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ի­րե­րա­յա­ջորդ ճա­նա­չում­նե­րը եւ ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած մեծ ո­ճի­րի դա­տա­պար­տու­մը։
Այ­սօր, թուրք պե­տու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մեր­ժե­լով մեր­ժել հայ ժո­ղո­վուր­դին վրայ գոր­ծո­ւած եւ 105 տա­րի շա­րու­նակ հա­տու­ցում չգտած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։
Այ­սօր, ­Թուր­քիա կը շա­րու­նա­կէ գրա­ւուած պա­հել հա­յու ա­րեամբ ո­ռո­գո­ւած ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի հո­ղե­րը, կը շա­րու­նա­կէ քան­դել հա­զա­րա­մեայ մեր ժա­ռան­գու­թեան կո­թող­նե­րը, կը շա­րու­նա­կէ ջնջել ա­մէն ինչ որ հայ­կա­կան է, մե՛րն է, մե՛ր սիրտն է։
Այ­սօր, ­Թուր­քիա եւ իր ա­րիւ­նար­բու դաշ­նա­կից Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կեն ա­մէն գնով ջլա­տել հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ Ար­ցա­խի հե­րո­սա­կան հա­յու­թեան պա­պե­նա­կան հո­ղե­րուն վրայ ա­զա­տօ­րէն ապ­րե­լու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու գե­րա­գոյն ի­րա­ւուն­քը։
Այ­սօր, Ատր­պէյ­ճան՝ ­Թուր­քիոյ մղու­մով, ա­մէն օր եւ ա­մէն վայր­կեան կը փոր­ձէ ար­շա­ւել մեր ար­ծո­ւա­բոյն Ար­ցա­խի վրայ, հայ զի­նո­ւոր­նե­րու կեան­քեր կը խլէ, ա­րեան մէջ թաթ­խած հսկայ գու­մար­ներ ար­ժող սպա­ռա­զի­նու­թամբ եւ սադ­րանք­նե­րով։
Այ­սօր, Ատր­պէյ­ճան հո­ղին կը հա­ւա­սա­րեց­նէ ­Ջու­ղա­յի պատ­մա­կան գե­րեզ­մա­նա­տան հա­զա­րա­ւոր խաչ­քա­րե­րը, քա­րու­քանդ ը­րած է ե­կե­ղե­ցի­ներն ու կո­թող­նե­րը, հա­յու հետ­քը միան­գա­մընդ­միշտ վե­րաց­նե­լու՝ հա­ւա­տա­րիմ թրքա­բա­րոյ իր ա­ւան­դա­կան գոր­ծե­լաո­ճին։
Այ­սօր, ­Թուր­քիա եւ Ատր­պէյ­ճան ­Նա­խի­ջե­ւա­նի սահ­մա­գի­ծէն սադ­րանք­ներ կը լա­րեն, հա­յու թի­կուն­քէն հա­րո­ւած հասց­նե­լու հա­մար։
Այս բո­լո­րը կ­՚ըլ­լան մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի աչ­քե­րուն առ­ջեւ, այն ըն­տա­նի­քին, որ կը ճանչ­նայ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, սա­կայն կը շա­րու­նա­կէ աչք գո­ցել ­Թուր­քիոյ ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան գար­շե­լի մո­լուց­քին առ­ջեւ, ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ պի­տի շա­րու­նա­կէ աչք գո­ցել հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար հա­տուց­ման եւ իր պատ­մա­կան հո­ղե­րու ու ժա­ռան­գու­թեան վե­րա­դար­ձին դի­մաց։
Այս տա­րի ­Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րի 100ա­մեակն է։
­Մի­ջազ­գայ­նօ­րէն հաս­տա­տո­ւած, հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­ղա­յին եւ ազ­գա­յին լի­նե­լու­թեան ի­րա­ւա­կան եւ վա­ւե­րա­կան այն փաս­տա­թուղթն է, որ­մէ կա­րե­լի չէ հա­յու­թիւ­նը պո­կել։ Այ­սօր, ա­ւե­լի քան եր­բեք, այժ­մէա­կան կը դառ­նայ ­Սեւ­րի դաշ­նա­գի­րով հիմ­նա­ւո­րո­ւած ու նո­ւա­ճած հա­յու­թեան պատ­մա­կան գո­յա­տեւ­ման մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի պա­հան­ջը։
Ու­րեմն, տար­բե՞ր Ապ­րիլ մըն է։
Ո՛չ, տար­բեր Ապ­րիլ մը չէ՛։
­Մե­զի առ­ժա­մա­բար պար­տադ­րո­ւած տնա­յին մե­կու­սա­ցու­մին դի­մաց, այ­սօ՛ր, ա­ւե­լի քան եր­բեք, ուժ­գին պի­տի բարձ­րա­ձայ­նենք մեր պայ­քա­րը ու յի­շե­լով պի­տի պա­հան­ջե՛նք։
­Մեր տու­նե­րու չորս պա­տե­րէն իսկ, մեր ձայ­նե­րը լսե­լի պի­տի դարձնենք ա­մէն տեղ, մեր բռունցք­նե­րը պի­տի սեղ­մենք ­Թուր­քիոյ հա­յա­տեաց քա­ղա­քա­կա­նու­թեան դէմ, Ար­ցա­խի ա­զա­տա­տենչ զի­նո­ւո­րի կող­քին պի­տի կանգ­նինք, պի­տի շա­րու­նա­կենք չհա­տու­ցո­ւած հայ­րե­նի մեր ժա­ռան­գու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան տէր կանգ­նիլ։
­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 105ա­մեա­կը մեզ կը գտնէ ոտ­քի՛, պայ­քա­րի շար­քե­րուն վրայ, անն­կուն կամ­քով եւ պա­հան­ջա­տէր ո­գիով։
Ի խնդիր Ար­դա­րու­թեան, ի խնդիր ­Մե՛ր ­Հո­ղե­րուն։

ԿԸ ՅԻՇԵ՛ՆՔ ՈՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵ՛ՆՔ։