«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը գրէ, որ «Միացեալ Նահանգներ բնակող, ծագումով հայ թուրք տնտեսագէտ» Տարօն Աճեմօղլուն անցեալ տասը տարուան իր հրատարակութիւններուն համար գրաւած է առաջին դիրքը ազդեցիկ տնտեսագէտներու «Տնտեսագիտութեան մէջ հետազօտութիւններ»ու ցանկին վրայ։ 2223 յառաջատար տնտեսագէտներու մէջ Մասաչուսեցի Ճարտարագիտութեան Հիմնարկի (MIT) փրոֆեսոր Աճեմօղլուն գրաւած է առաջին դիրքը: Ան նախապէս առաջադրուած էր Նոպէլեան մրցանակին: Վերջերս ան մեծ հռչակ շահած է Ճէյմս Ռապինսընի հետ իր համահեղինակած «Ինչո՞ւ պետութիւններ կը ձախողին» խորագիրով գիրքին համար:
Տարօն Աճեմօղլու
Հայազգի Տարօն Աճեմօղլուն՝ աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ տնտեսագէտը