Ե­րեք­շաբ­թի՝ 24 Հոկ­տեմ­բեր 2017-ին, ­Ռու­սիոյ վար­չա­պետ Տ­միթ­րի ­Մետ­վե­տեւ հա­սաւ Ե­րե­ւան:
­Մետ­վե­տեւ դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ:
­Դի­մա­ւոր­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, ­Ռու­սիոյ վար­չա­պե­տը ուղ­ղո­ւե­ցաւ ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր` յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լու ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին:
Այ­նու­հե­տեւ ­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան շէն­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կու եր­կիր­նե­րու վար­չա­պետ­նե­րուն հան­դի­պու­մը, որ­ուն յաջորդեց միջ­-կա­ռա­վա­րա­կան, միջ­նա­խա­րա­րա­կան եւ միջշր­ջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան առն­չո­ւող փաս­տա­թուղ­թե­րու ստո­րագ­րումը:
­Հա­յաս­տան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ­Ռու­սիոյ  վար­չա­պե­տը հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան  նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի հետ:
25 Հոկ­տեմ­բե­րին Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Եւ­րա­սիա­կան Միջռ­կա­ռա­վա­րա­կան Խոր­հուր­դի նիս­տը:
Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ըն­դու­նեց ­Ռու­սիոյ վար­չա­պետ Տ­միթ­րի ­Մետ­վե­տե­ւը: ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ող­ջու­նե­լով հիւ­րը, ընդգ­ծած է, որ ­Ռու­սիոյ վար­չա­պե­տին այ­ցե­լու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Ռու­սիոյ մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման 25ա­մեա­կի տա­րո­ւան ըն­թաց­քին` գո­հու­նա­կու­թեամբ փաս­տե­լով, որ այդ ըն­թաց­քին հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք կա­տա­րո­ւած է:
«Այ­սօր մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը յատ­կան­շո­ւին  քա­ղա­քա­կան մնա­յուն երկ­խօ­սու­թեամբ բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ` ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան լայն հա­մա­կար­գու­մով, մի­ջազ­գա­յին եւ շրջա­նա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ լաւ աշ­խա­տան­քով, տնտե­սու­թեան, զի­նո­ւո­րա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ եւ յատ­կա­պէս փո­խա­դարձ ա­ռեւ­տու­րի մար­զին մէջ ար­գա­սա­բեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ. ան­ցեալ տա­րի մենք ա­ւար­տած ենք 15 առ հա­րիւր ա­ճով, իսկ ըն­թա­ցիկ տա­րո­ւան ութ ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին մեր ապ­րան­քաշր­ջա­նա­ռու­թեան ա­ճը 23 առ հա­րիւ­րէն քիչ մը ա­ւե­լի է: Ա­սի­կա շատ լաւ է: Ես վստահ եմ, որ ձեր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ կա­րե­ւոր քայլ մը եւս մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հե­տա­գայ ամ­րապնդ­ման ճամ­բուն վրայ»,- ը­սաւ նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան:
­Ռու­սիոյ վար­չա­պե­տը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նին ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար եւ յայտ­նեց նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր ­Փու­թի­նի ող­ջոյն­ներն ու բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը: Տ­միթ­րի ­Մետ­վե­տեւ ու­րա­խու­թեամբ տե­ղե­կա­ցուց նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նին, որ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ ապ­րան­քաշրջա­նա­ռու­թեան ա­ճը նոյ­նիսկ ա­ւե­լին է, քան ինչ որ նշեց նա­խա­գա­հը` գրե­թէ 30 առ հա­րիւր:
«Այս­պի­սով, ա­սի­կա դրա­կան տե­ղե­կու­թիւն է, որ ես կ­՛ու­զեմ կի­սել ձե­զի  հետ: Շ­նոր­հա­կալ եմ հան­դիպ­ման հա­մար: Ի­րա­պէս, մենք գոր­ծըն­կեր­ներ ենք, բա­րե­կամ­ներ ենք, մենք ու­նինք շատ զար­գա­ցած յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ բո­լոր մար­զե­րուն մէջ: ­Քիչ ա­ռաջ կը քննար­կէինք Ի­րա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ ձեր քով  ստեղ­ծո­ւող ա­զատ տնտե­սա­կան գօ­տիի տա­րած­քին մէջ աշ­խա­տան­քի կա­րե­լիու­թիւ­նը եւ շարք մը այլ ծրա­գիր­ներ: Ուս­տի պի­տի աշ­խա­տինք, հա­մա­գոր­ծակ­ցինք»,- ը­սաւ ­Ռու­սիոյ վար­չա­պետ Տ­միթ­րի ­Մետ­վե­տեւ:

«Ու­րո­ւագ­ծած Ենք Ա­պա­գա­յի Ծ­րա­գիր­նե­րը»

­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեա­ն եւ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ ­Հա­յաս­տան գտնո­ւող ­Ռու­սիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Տ­միթ­րի ­Մետ­վե­տե­ւ, ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցէն եւ ընդ­լայ­նո­ւած կազ­մով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն ետք, հան­դի­պե­ցան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ եւ հան­դէս ե­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու  ար­դիւնք­նե­րը ամ­փո­փող յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով:

­Հ.­Հ.­վար­չա­պետԿարէն ­­Կա­րա­պե­տեա­նի­ խօս­քը

«­Յար­գե­լի՛ Տ­միթ­րի ­Մետ­վե­տեւ, գոր­ծըն­կեր­ներ, կ­՛ու­զեմ ձե­զի հետ կի­սել մեր բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը: ­Նախ եւ ա­ռաջ մենք ամ­փո­փե­ցինք վեր­ջին շրջա­նին ի­րա­կա­նա­ցած աշ­խա­տանք­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը: Ար­ձա­նագ­րած ենք, որ մեր եր­կիր­նե­րու դաշ­նակ­ցա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը տա­րո­ւէ-տա­րի աշ­խու­ժօ­րէն կը զար­գա­նան, մենք աճ ար­ձա­նագ­րած ենք նաեւ թի­ւե­րով եւ միա­ժա­մա­նակ ընդգ­ծած ենք, որ ու­նինք ա­ճի մեծ կա­րե­լիու­թիւն:
Քն­նար­կած ենք միա­ցեալ ե՛ւ ներդ­րու­մա­յին, ե՛ւ այլ ծրա­գիր­նե­րու  ի­րա­կա­նաց­ման կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը` հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ: Այ­սօր ստո­րագ­րո­ւած են փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնք միան­շա­նակ կը նպաս­տեն մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­տա­գայ զար­գաց­ման եւ ամ­րապնդ­ման:
Երկ­կող­մա­նի տնտե­սա­կան փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թեան բո­լոր հո­լո­վոյթ­նե­րուն մէջ մենք ընդգ­ծած ենք միջ­-կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­խում­բին կա­րե­ւոր դե­րը եւ շեշ­տած վեր­ջին շրջա­նին շատ յա­ճա­խա­կի, պար­բե­րա­կան ու կա­ռու­ցո­ղա­կան հան­դի­պում­նե­րու փաս­տը միջ­-նա­խա­րա­րա­կան եւ հո­րի­զո­նա­կան մա­կար­դա­կի վրայ, ինչ որ լրա­ցու­ցիչ խթան եւ ա­րա­գու­թիւն կը հա­ղոր­դէ, որ­պէս­զի այն ծրա­գիր­նե­րը, ո­րոնք մենք կը նա­խա­տե­սենք` ա­րագ կեան­քի կո­չո­ւին: Ա­ւար­տե­լով խօսքս, կ­՛ու­զեմ ար­ձա­նագ­րել, որ մենք գոհ ենք կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քէն: ­Նաեւ կ­՛ու­զեմ ընդգ­ծել, որ մեր բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը,  ինչ­պէս միշտ ե­ղած են շատ կա­ռու­ցո­ղա­կան, յա­գե­ցած եւ բա­րե­կա­մա­կան:
Վս­տահ եմ, որ այն, ինչ որ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած ենք` շու­տով պի­տի  ի­րա­կա­նա­ցո­ւի, եւ մենք միայն յա­ռաջ պի­տի եր­թանք»:

­Ռու­սիոյ ­վար­չա­պետ Տ­միթ­րի ­Մետ­վե­տե­ւի ­խօս­քը

«­Յար­գե­լի՛ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեան, յար­գե­լի՛ գոր­ծըն­կեր­ներ, լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու յար­գե­լի՛ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեա­նի խօս­քը հա­կիրճ էր, ես կը փոր­ձեմ ա­ւե­լի հա­կիրճ խօ­սիլ, սա­կայն ա­տի­կա չի նշա­նա­կեր, որ մենք ու­նե­ցած ենք ոչ ճիշդ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ, հա­կա­ռա­կը, ա­մէն ինչ լաւ ե­ղած է, մենք հա­մո­զո­ւե­ցանք, որ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով կա­պե­րը կը զար­գա­նան: Ի դէպ, այժմ մեր եր­կիր­նե­րուն   մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու 25ա­մեակն է, իսկ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թեան մա­սին ես չեմ խօ­սիր, քա­նի որ ա­նոնք ա­ւե­լի եր­կար ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւած կը ներ­կա­յաց­նեն: ­Ռու­սիան կը մնայ ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին տնտե­սա­կան յա­ռա­ջա­տար գոր­ծըն­կե­րը, երկ­կող­մա­նի ա­ռեւտ­րա­կան շրջա­նա­ռու­թիւ­նը ա­ճած է ե՛ւ 2016ին, ե՛ւ 2017ին, ընդ ո­րում` կը զար­գա­նայ բա­ւա­կան լաւ կշռոյ­թով, մենք այդ մա­սին ար­դէն ը­սած ենք:
­Մեր միա­ցեալ բո­լոր ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րը կ­՛աշ­խա­տին բո­լոր մար­զե­րուն մէջ` ե՛ւ բարձր ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­նե­րու, ե՛ւ ու­ժա­նիւ­թի, ե՛ւ շի­նա­րա­րու­թեան, ե՛ւ հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան: ­Մենք ու­րուագ­ծած ենք ա­պա­գա­յի ծրա­գիր­նե­րը, թէ ին­չո՛վ կա­րե­լի է զբա­ղիլ մօ­տա­կայ տա­րի­նե­րուն: ­Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը մար­դա­սի­րա­կան մար­զին մէջ եւս կը զար­գա­նայ, մենք կը պատ­րաս­տո­ւինք ­Ռու­սիոյ մէջ ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի օ­րեր կազ­մա­կեր­պե­լու, ո­րոնք տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Նո­յեմ­բե­րին: ­Յոյս ու­նիմ, որ մար­դա­սի­րա­կան մար­զին մէջ շարք մը նոր ծրա­գիր­ներ եւս ի­րա­կա­նա­ցուին: Կ­՛ու­զեմ սրտանց շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել գոր­ծըն­կե­րոջս` աշ­խա­տան­քի հիա­նա­լի պայ­ման­նե­րուն եւ հիւ­րըն­կա­լու­թեան հա­մար»:
­Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով Տ­միթ­րի ­Մետ­վե­տեւ ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղեց ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րին՝ յար­գանք մա­տու­ցա­նե­լով ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: