ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Երկ­րի մը բարձ­րա­գոյն պաշ­տօ­նին հաս­նո­ղը, ի­րեն տրո­ւած լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րով գոր­ծե­լէ ետք, ընդ­հան­րա­պէս կը նկա­տո­ւի իր ժա­մա­նա­կին մէջ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը կա­տա­րած ու ա­ւար­տած քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ ե՛ւ ինքն ի­րեն, ե՛ւ հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար:
Այս տե­սա­կէ­տէն բա­րա­ցու­ցա­կան է պա­րա­գան Ու. ­Չըր­չի­լի, որ իբ­րեւ Անգ­լիոյ ա­տե­նի վար­չա­պե­տը՝ Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի մեծ յաղ­թա­կա­նը, իր երկ­րին ու ամ­բողջ Եւ­րո­պա­յի փրկի­չը հա­մա­րո­ւե­լէ ետքն իսկ, պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ չկրցաւ վե­րընտ­րո­ւիլ, ո­րով­հե­տեւ հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ա­ւար­տած նկա­տո­ւե­ցաւ, ու՝ վերջ:
­Զար­մա­նա­լի է, որ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն քսան­հինգ տա­րի­ներ ետք ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հը՝ ­Լե­ւոն ­Տէր-­Պետ­րո­սեան տա­կա­ւին տի­րա­պե­տող ներ­կա­յու­թիւն կը շա­րու­նա­կէ մնալ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան բե­մին վրայ եւ իր մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րով ` մերթ ա­լիք­ներ կ­՚ա­ռա­ջաց­նէ:
­Նոյն­պէս զար­մա­նա­լի է, որ եր­կի­րը կը շա­րու­նա­կէ աք­ցա­նո­ւած մնալ յա­ջոր­դա­կան ե­րեք նա­խա­գահ­նե­րու կազ­մած ե­ռան­կիւ­նին մէջ: ­Մինչ­դեռ, ա­նոնց­մէ ա­մէն մէ­կը գէշ-ա­ղէկ իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ա­ւար­տած պէտք էր հա­մա­րէր, ու՝ վերջ:
Այս հաս­տա­տու­մը են­թադ­րել կու տայ, որ գոր­ծող նա­խա­գահ­նե­րը ի­րենց միա­հե­ծան տի­րա­կա­լու­թեամբ կա՛մ ար­գե­լա­կած են սե­րուն­դին ա­զատ զար­գա­ցու­մը, քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն ա­նոր կազ­մա­ւոր­ման կա­րե­լիու­թիւ­նը, եւ կա՛մ՝ պի­տի ըն­դու­նինք ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լին, ան­հա­ւա­տա­լին, թէ՝ սե­րուց­քը ինք­նըս­տին­քեան, ծնուն­դովն իւր ե­ղած է ա­մուլ:
­Կա­ցու­թիւ­նը տխուր է ու չա­փա­զանց մտա­հո­գիչ՝ ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի:
Այս նա­խա­բա­նէն վերջ, մեր բուն ը­սե­լի­քը՝ զու­գա­հե­ռով.
­Տա­րի­ներ ա­ռաջ Ա­թէնք ե­կած էին ա­զե­րի ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեան մը (կար­ծեմ Ազ­գա­յին Ան­կա­խու­թիւն էր ա­նու­նը) նա­խա­գահն ու փոխ-նա­խա­գա­հը, ո­րոնք յոյն թղթա­կի­ցի մը տրո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին կ՚ար­տա­յայ­տո­ւէին չա­փա­ւո­րու­թեան այն­պի­սի շեշ­տով, որ­մէ զգա­լի կը դառ­նար են­թա­կա­նե­րուն զգու­շա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ ի­րենց խօս­քե­րէն ան­պայ­ման դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն ստա­նայ ըն­թեր­ցո­ղը Ատր­պէյ­ճա­նի մա­սին՝ ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով:
Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի ­Ղա­րա­բա­ղի հար­ցին, ա­զե­րի եր­կու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րը, փո­խա­նակ ձաղ­կե­լու երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ա­ռանց դարձ­դար­ձիկ ու մա­նո­ւա­ծա­պատ վեր­լու­ծում­նե­րու, ո­րո­շա­կի կը յայ­տա­րա­րէին, թէ ի­րենց կե­ցո­ւածքն ու տե­սա­կէ­տը կը նոյ­նա­նան իշ­խա­նու­թեանց կե­ցո­ւած­քին ու տե­սա­կէ­տին հետ: … ­Թէ՝ ի­րենց եր­կի­րը ա­նարգ գրա­ւու­մի են­թար­կո­ւած է, թէ՝ հար­ցը կը լու­ծո­ւի, ե­թէ հա­յե­րը ըն­դու­նին, որ ­Ղա­րա­բա­ղը ան­բա­ժան մասն է Ատր­պէյ­ճա­նին, թէ՝ ­Ղա­րա­բաղ ա­նու­նը (թրքե­րէն՝ սեւ այ­գի) փաստ է ա­նոր պատ­կա­նե­լիու­թեան, թէ՝ ­Պա­քո­ւի մէջ միայն եր­կու թուր­քեր կան՝ զի­նո­ւո­րա­կան կցորդն ու ա­նոր օգ­նա­կա­նը, թէ՝ եւ այլն, եւ այլն:
Ա­տե­նին, հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թերց­ման ըն­թաց­քին, ինչ­պէս եւ հի­մա, փոր­ձու­թիւնն ու­նե­ցայ զու­գա­հեռ մը քա­շե­լու մէկ կող­մէ հայ եւ միւս կող­մէ ա­զե­րի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու ցու­ցա­բե­րած կե­ցո­ւածք­նե­րուն մի­ջեւ՝ ազ­գա­յին հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րու նկատ­մամբ եւ եզ­րա­կա­ցու­ցի, թէ մեր թշնա­մին մե­զի նա­խան­ձե­լու պատ­ճառ չու­նի:
Ընդ­հա­կա­ռակն:
Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը՝ ընդ­դի­մու­թիւն թէ իշ­խա­նու­թիւն, հա­մա­խո­հու­թեամբ մըն է, որ կը ներ­կա­յա­նայ յաչս աշ­խար­հին: ­Յայտ­նօ­րէն, մէկ ճա­կատ կազ­մած ՝ ա­մէն գնով ­Ղա­րա­բա­ղը (եւ ոչ միայն) վե­րագ­րա­ւե­լու իր յար­ձա­կա­պաշ­տու­թիւ­նը վե­րա­ծած է ազ­գա­յին մեծ նպա­տա­կի, ո­րու շուրջ հա­մախմ­բո­ւած են բո­լո­րը …:
­Մինչ մենք, ա­զա­տագ­րա­կան ար­դար պայ­քա­րի ա­րիւ­նի գի­նը ա­ւե­լիով տա­լէ եւ յաղ­թա­նակ ու­նե­նա­լէ ետքն իսկ, մա­նո­ւա­ծա­պատ վեր­լու­ծում­նե­րու յանձ­նո­ւած՝ քա­ղա­քա­կան շո­ւար դե­գե­րում­նե­րով խայ­տաբ­ղէտ ուղ­ղու­թիւն­ներ կ­՚ա­ռա­ջադ­րենք, զի­րար կ­՚ամ­բաս­տա­նենք, ան­յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն ու ար­ձա­նագ­րո­ւած սխալ­նե­րուն հա­մար քա­ւու­թեան նո­խազ­ներ կը փնտռենք:
Ան­պա­տո­ւա­բեր է գի­տա­կից ոե­ւէ հայ մար­դու հա­մար, որ քա­ղա­քա­կան մեր ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը մին­չեւ հի­մա ի վի­ճա­կի չէ ե­ղած ազ­գա­յին մեր հիմ­նա­կան խնդրին՝ ­Ղա­րա­բա­ղին հա­մար մշա­կել քա­ղա­քա­կան յստակ ու­ղե­գիծ, ո­րուն շուրջ հա­մախմ­բո­ւէին բո­լո­րը եւ կազ­մէին մէկ ճա­կատ:
Այն­քան դժո­ւա՞ր է հա­մո­զո­ւիլ եւ այդ հա­մո­զու­մին շուրջ հա­մա­կա­մու­թիւն ու ազ­գա­յին ճա­կատ կազ­մել, մա­նա­ւանդ որ ­Ղա­րա­բա­ղի խնդի­րը ազ­գա­յին իքնո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի հարց չէ միայն, այլ նաեւ ա­նա­ռար­կե­լի պայ­ման է ­Հա­յաս­տա­նի գո­յա­տե­ւու­մին հա­մար:
­Բարդ հար­ցի մը պար­զա­ցո­ւած բա­ցատ­րու­թիւ­նը չէ սա, այլ բուն էու­թիւնն իսկ է:
Ե­թէ նոյ­նիսկ պահ մը ըն­դու­նինք ղա­րա­բա­ղեան խնդրին մէջ մեր պատ­կե­րա­ցու­ցած լու­ծու­մը ան­կա­րե­լի հա­մա­րող «ծան­րա­խոհ» քա­ղա­քա­գէտ­նե­րու այն վար­կա­ծը, թէ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կա­րե­լիին ա­պա­հով­ման ա­րո­ւեստն է ու ան­կա­րե­լիին մեր­ժու­մը, ա­պա ու­րեմն հոն եւս փաս­տած կ­՚ըլ­լանք մեր ան­ճա­րա­կու­թիւ­նը:
­Քա­նի որ մե­զի հա­մար ան­կա­րե­լի մնա­ցած է այն, ինչ որ կա­րե­լի ե­ղած է ա­զե­րիին հա­մար.
­Միա­ճա­կատ ու ան­զի­ջող կե­ցո­ւածք՝ ­Ղա­րա­բա­ղի պատ­կա­նե­լիու­թեան հիմ­նա­կան խնդրին ու ազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի տի­րաց­ման պայ­քա­րին մէջ:

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածըNational Geographic
Յաջորդ յօդուածըԱղեքսանդր Մեծ