Գերմանիոյ մէջ գործող «Վտանգուած ժողովուրդներ» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը պահանջէ գերմանական քաղաքներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամանսութիւններու զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձաններ կանգնեցնել:
«Էրմենիհապեր»ի փոխանցմամբ՝ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը պահանջ ներկայացուցած է Գերմանիոյ քաղաքներու աւագաժողովին: Պահանջ-նամակը փոխանցուած է աւագաժողովին նախագահ Եւա Լոհսէին: «Վտանգուած ժողովուրդներ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Քեմալ Սիտոն նշած է, որ Գերմանիա տեղեակ եղած է Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրագործուող կոտորածներուն մասին: «Այդ իսկ պատճառով շատ կարեւոր է ջանքեր գործադրել, որպէսզի հոս ապրող հայերուն եւ միւս տուժած ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն թոյլ չտանք, որ մոռնան կատարուածը, նաեւ՝ վայր մը յատկացնենք, ուր յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի զոհերուն»: Կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Օսմանեան Կայսրութիւնը բացի հայերու ցեղասպանութենէն իրականացուցած է նաեւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու կոտորածներ, որոնց զոհ դարձած են մօտ 1,5 միլիոն մարդ:
«Վտանգուած ժողովուրդներ»
Գերմանիոյ մէջ կը պահանջեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յուշարձաններ կանգնեցնել