Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րը Եր­կու­շաբ­թի՝ 15 ­Մա­յի­սին, ե­րեք հրթի­ռա­յին հա­րո­ւած հաս­ցու­ցած են Ար­ցա­խի ուղ­ղու­թեամբ, վնա­սե­լով եր­կու ռազ­մա­կան սար­քե­րու, ո­րոնց­մէ մէ­կը «ՕՍԱ» տե­սա­կի զե­նի­թահր­թի­ռա­յին հա­մա­կարգ է, միւ­սը՝ ոչ-մար­տա­կան:
­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան խօս­նակ Արծ­րուն ­Յով­հան­նի­սեան, տե­ղե­կաց­նե­լով այս սադ­րան­քին մա­սին՝ յայտ­նեց, որ հա­րո­ւած­նե­րէն միայն մէ­կը հա­սած է նշա­նա­կէ­տին: «Հր­թի­ռով փոր­ձել են խո­ցել զին­տեխ­նի­կա, տո­ւեալ դէպ­քում՝ հա­կաօ­դա­յին մի­ջոց (սարք), բայց կոնկ­րետ (ո­րո­շա­կի) այդ մի­ջոցն այդ­քան չի վնա­սո­ւել: Այ­րո­ւել է ու­րիշ մե­քե­նայ, որ ոչ մի կապ ու­նի զե­նի­թահր­թի­ռա­յին «ՕՍԱ» հա­մա­կար­գի հետ, եւ մարդ­կա­յին կո­րուստ­ներ էլ չեն ե­ղել:
Այդ մա­սին յայտ­նել է նաեւ պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը»: Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը Եր­կու­շաբ­թի օր յայ­տա­րա­րած էր, որ ոչնչա­ցու­ցած է մէկ «ՕՍԱ» հա­մա­կարգ, մէկ լից­քա­ւո­րող մե­քե­նայ եւ ա­նոնց սպա­սար­կող անձ­նա­կազ­մը: Հր­թի­ռա­յին հա­րո­ւած­նե­րու հե­տե­ւան­քով հայ­կա­կան կող­մը վի­րա­ւոր­ներ չու­նի,- վստա­հե­ցու­ցած է ­Յով­հան­նի­սեան: Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը Ե­րեք­շաբ­թի օր տե­ղե­կա­ցուց, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը կի­րա­ռած է «Ս­պայկ» տե­սա­կի իս­րա­յէ­լա­կան հե­ռա­կա­ռա­վա­րո­ւող հրթիռ­ներ:
«Էն­պէս էլ չի, որ հէնց ա­ռա­ջին խո­ցու­մից, ա­ռա­ջին ար­ձա­կու­մից կա­րո­ղա­ցել են դիպ­չել: ­Դա, բնա­կա­նա­բար, ի­րենք չեն խոս­տո­վա­նի: ­Քո­ղարկ­ման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, գրա­գէտ մար­տա­վա­րա­կան աշ­խա­տան­քը թոյլ է տո­ւել խու­սա­փե­լու մեծ վնաս­նե­րից, տո­ւեալ դէպ­քում՝ հա­մա­կար­գի կորստից»,- պար­զա­բա­նեց Արծ­րուն ­Յով­հան­նի­սեան:
­Վեր­ջին ան­գամ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը «Ս­պայկ» հրթիռ­ներ կի­րա­ռած էր ան­ցեալ տա­րի՝ Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն: ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս դա­տա­պար­տեց ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի հրթի­ռա­յին հա­րո­ւած­նե­րը՝ զա­նոնք «սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ» ո­րա­կե­լով: ­Ղա­րա­բա­ղեան կող­մը, իր կար­գին, յայ­տա­րա­րած է, որ «սադ­րանքն ան­պա­տաս­խան չի մնա­լու»:
­Նա­խորդ օ­րո­ւան ըն­թաց­քին ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րուն վրայ կրա­կոց­նե­րը շատ չեն ե­ղած, մինչ­դեռ ­Ղա­րա­բա­ղեան սահ­մա­նին վրայ թշնա­մի ու­ժե­րը 1200 կրա­կոց ար­ձա­կած են, օգ­տա­գոր­ծո­ւած է նաեւ ա­կա­նա­նետ եւ նռնա­կա­նետ: Ար­ցա­խի նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վա­րի տե­ղա­կալ ­Դա­ւիթ ­Բա­բա­յեա­նի խօս­քով՝ «սահ­մա­նում ի­րա­վի­ճա­կը վե­րահս­կե­լի է»:
«­Սա կա­րե­լի է ո­րա­կել որ­պէս ա­հա­բեկ­չու­թիւն, ընդ ո­րում ա­հա­բեկ­չու­թիւն, որն ուղ­ղո­ւած է ոչ միայն Ար­ցա­խի, ­Հա­յաս­տա­նի դէմ, այլ՝ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեանն առ­հա­սա­րակ, եւ նոյն Ե.Ա.Հ.Կ. գրա­սե­նեա­կի փա­կու­մը Ադր­բե­ջա­նի ջան­քե­րով ողջ հա­րաւ-կով­կա­սեան տա­րա­ծաշր­ջա­նում դրա վառ վկա­յու­թիւնն է»,- յայտ­նեց ­Բա­բա­յեան:
­Ղա­րա­բա­ղեան հար­ցի կար­գա­ւո­րու­մով զբա­ղուող Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ ­Յու­նի­սին կամ ­Յու­լի­սին պի­տի այ­ցե­լեն տա­րա­ծաշր­ջան: