ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

­Հինգ­շաբ­թի, 11 Օ­գոս­տոս 2022-ին, ծանր սրտով ու «­Վէր­քե­րով լի»ով հո­ղին յանձ­նո­ւե­ցաւ անշն­չա­ցած մար­մի­նը սի­րե­ցեալն ­Գո­գո­յին, ո­րուն վա­ղա­հաս ու անս­պա­սե­լի շի­ջու­մը ցնցած էր ոչ միայն հա­րա­զատ­նե­րը, այ­լեւ գա­ղու­թա­յին բո­լոր գոր­ծօն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, գա­ղա­փա­րի ե­րեց թէ ե­րի­տա­սարդ, հե­ռու թէ մօտ բո­լոր ըն­կեր­նե­րը, բա­րե­կամ­նե­րը, հան­գու­ցեա­լին կամ ա­նոր վաս­տա­կին ծա­նօթ բո­լոր ազ­գա­յին­նե­րը:
Այս գի­րով, իբ­րեւ սրտի դոյզն պարտք ու ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն՝ սի­րե­ցեալն Գ­րի­գո­րի կու­սակ­ցա­կան, միու­թե­նա­կան ու ազ­գա­յին ճա­կատ­նե­րու վրայ ու­նե­ցած վաս­տա­կին, օ­րա­թեր­թի մը «ար­տօ­նեալ» սահ­ման­նե­րու մէջ, սեղմ գի­ծե­րով ու­րուագ­ծա­յին կարճ անդ­րա­դարձ-վկա­յու­թիւն մը ըն­թեր­ցող­նե­րուն՝ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար դի­մաս­տո­ւե­րը ան­ձին:
Գ­րի­գոր Էր­ջէ­նեան, ա­ւան­դա­պահ հայ ըն­տա­նի­քի զա­ւակ, ե­րի­տա­սար­դու­թեան թե­ւա­կո­խած տա­րի­քին՝ գա­ղա­փա­րա­կան ու քա­ղա­քա­կան կազ­մա­ւոր­ման սկզբնա­կան խմո­րը կը ստա­նար հա­մալ­սա­րա­նի շրջա­պա­տէն ու մայ­թե­րու վրայ տո­ղան­ցող հո­սանք­նե­րէն: ­Հայ­րը, թշո­ւառ ման­կու­թե­նէ ետք յու­նա­կան շու­կա­յի մէջ հա­սակ ա­ռած ու յա­ջո­ղակ մարդ եւ ան­դամ Հ.Յ.Դ.ի, կու­սակ­ցա­կան շրջա­պա­տի մէջ լուռ ու հա­մեստ, միշտ հե­տե­ւո­ղի դիրք մը կը պա­հէր: ­Մայ­րը մտա­հո­գո­ւած, որ իր զա­ւա­կը կուլ պի­տի եր­թայ մայ­թի ձա­խա­կող­մեան հո­սանք­նե­րէն մէ­կուն կամ միւ­սին, կը ջա­նար, որ ­Գո­գոն կա­պո­ւի մեր ե­րի­տա­սար­դա­կա­նին: Այդ օ­րե­րուն, 1970-ա­կա­նի երկ­րորդ կի­սուն, 16 ե­րի­տա­սարդ­նե­րու խումբ մը կը հե­տե­ւէր դաս­տիա­րակ­չա­կան ըն­թաց­քի մը՝ իբ­րեւ նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն Հ.Յ.Դ.ի շար­քե­րուն միա­նա­լու: ­Ձեւ մը գտնո­ւե­ցաւ, որ ­Գո­գոն մաս­նակ­ցի այդ խում­բին, ո­րուն ե­րի­ցա­գոյնն էր մէկ-եր­կու տա­րիով: Ու­րեմն, 17 ե­րի­տա­սարդ­նե­րով հա­մալ­րո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի (այժմ՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեան) կո­մի­տէու­թիւ­նը, որ այդ օ­րե­րուն կը բաղ­կա­նար ե­րեց ու սա­կա­ւա­թիւ կու­սակ­ցա­կան­նե­րէ, ո­րոնք դաշ­նակ­ցա­կան ե­ղած էին հա­յը հայ պա­հե­լու, գա­ղու­թա­յին գոր­ծօն­նե­րուն կա­րիք­նե­րը մա­տա­կա­րա­րե­լու, ե­ռա­գոյ­նին հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու եւ ազ­գա­յին մեր մեծ տես­լա­կա­նին ծա­ռա­յե­լու ազ­նո­ւա­գոյն նպա­տակ­նե­րով…:
Ա­նոնք հե­ռու էին գա­ղա­փա­րա­բա­նա­կան խնդիր­նե­րէն եւ տար­բե­րու­թիւն չէին դներ ըն­կեր­վա­րու­թեան ու հա­մայ­նա­վա­րու­թեան մի­ջեւ եւ այս վեր­ջի­նին մա­նա­ւանդ թունդ հա­կա­ռա­կորդ էին ՝ քա­նի որ ան պատ­ճառ դար­ձած էր հայ­րե­նի­քի ան­կա­խու­թեան կո­րուս­տին: ­Մինչ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը կ­՚ե­ռար «փո­փո­խու­թիւն» լո­զուն­գով եւ ըն­կեր­վար գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան յաղ­թա­նա­կի ներշն­չու­մով՝ ինչ­պէս Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին, նոյն­պէս եւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ: ­Յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սարդ­ներ կ­՚ո­ղո­ղէին հրա­պա­րակ­նե­րը ըն­կեր­վա­րու­թեան յաղ­թա­նա­կի կար­գա­խօս­նե­րով, ո­րոնց­մէ ան­մասն չէին նաեւ հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ: Ե­րե­ւոյթ մը, որ մտա­հո­գու­թիւն կը պատ­ճա­ռէր ե­րեց­նե­րուն…:
17 նո­րա­գիր­նե­րու մուտ­քով կ­՚ե­րի­տա­սար­դա­նար Ա­թէն­քի կո­մի­տէու­թիւ­նը, ուր անն­շան էր, գրե­թէ ան­գոյ թի­ւը մի­ջին տա­րի­քի կու­սակ­ցա­կան­նե­րուն, ո­րոնց ներ­կա­յու­թիւ­նը թե­րեւս ժո­ղո­վա­կան կեան­քի մէջ կա­րե­նար կամր­ջու­մի օ­ղակ դառ­նալ նո­րեկ­նե­րուն եւ հի­նե­րուն մի­ջեւ: Այն­պէս որ, ի չգո­յէ նման կամր­ջու­մի, ան­խու­սա­փե­լի կը դառ­նար տե­սա­կէտ­նե­րու եւ մօ­տե­ցում­նե­րու սուր հա­կադրու­թիւ­նը, որ բնա­կա­նա­բար յու­սա­հա­տու­թեան պի­տի մատ­նէր նո­րա­գիր­նե­րը եւ զա­նոնք պի­տի վա­նէր կու­սակ­ցա­կան մի­ջա­վայ­րէն, ե­թէ… չըլ­լար ­Գո­գոն, որ իր հա­մո­զում­նե­րուն մէջ ա­նե­րեր՝ հաս­տա­տա­կամ ու ան­յու­սա­հատ կը դի­մադ­րէր ե­րեց­նե­րէն ար­ձա­կո­ւած սլաք­նե­րուն, կը պաշտ­պա­նէր իր ու նո­րա­գիր­նե­րուն թե­զե­րը եւ ձե­ւով մը «տի­րու­թիւն»ը կ­՚ը­նէր նո­րեկ­նե­րուն , ո­րոնց մեծ մա­սը մին­չեւ այ­սօր ներ­կայ է եւ պար­տա­կա­նու­թեանց գի­տակ­ցու­թեամբ գոր­ծի վրայ:
Ա­ւե­լորդ է ը­սել, թէ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը կապ չու­նի տա­րի­նե­րու հետ: ­Մարդ կրնայ եր­կար տա­րի­ներ նոյն աս­պա­րէ­զին մէջ մնալ, բայց փոր­ձա­ռու­թիւն ձեռք չձգել: Ու­րիշ մը կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ կը դառ­նայ փոր­ձա­ռու:
­Գո­գոն ըն­կալ­ման բա­ցա­ռիկ ըն­դու­նա­կու­թեամբ մը շատ կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ ոչ միայն ճանչ­ցաւ ու իւ­րա­ցուց ­Դաշ­նակ­ցու­թեան էու­թիւ­նը եւ լիար­ժէք դար­ձուց կու­սակ­ցա­կա­նի կազ­մա­ւո­րու­մը, այ­լեւ կազ­մա­կեր­պա­կան ու հան­րա­յին կեան­քի մեծ փոր­ձա­ռու­թեամբ մը օժ­տո­ւե­ցաւ: Ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քէն ու տար­բեր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ մարզ չմնաց, ո­րուն իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը բե­րած ու ար­դիւ­նա­ւո­րած չըլ­լայ. կո­մի­տէ, ­Կեդր. կո­մի­տէ, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խումբ, Ա­զատ Օ­րի վար­չու­թիւն, յու­նա­րէն Ար­մե­նի­քա թե­մա­թա (­Հայ­կա­կան նիւ­թեր) (պար­բե­րա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն), ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խաչ (Հ.Օ.Մ.), Ազ­գա­յին ու­սում­նա­կան խոր­հուրդ, Ազ­գա­յին տնտե­սա­կան խոր­հուրդ, եւ այլն: Իր ստանձ­նած բո­լոր պար­տա­կա­նու­թեանց մէջ գրե­թէ միշտ «ա­ռանց­քա­յին» ներ­կա­յու­թեամբ:
­Դաշ­նակ­ցա­կան մար­դու իր փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը, հա­ւա­տոյ հան­գա­նա­կը կազ­մո­ւած էր կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի տրա­մադ­րո­ւա­ծու­թեամբ, կու­սակ­ցու­թեան ո­րո­շում­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րու հան­դէպ հա­ւա­տար­մու­թեամբ, գա­ղա­փա­րա­կան (ըն­կեր­վա­րա­կան) ուղ­ղո­ւա­ծու­թեան մէջ հաս­տա­տամ­տու­թեամբ եւ տե­սա­կանն ու գործ­նա­կա­նը ներ­դաշ­նա­կե­լու ճկու­նու­թեամբ:
Ի­րեն հա­մար այս յատ­կա­նի­շե­րը սկզբունք­ներ էին, ո­րոնց շնոր­հիւ սկիզ­բէն մին­չեւ վերջ մնաց իր սե­րուն­դի ազ­դե­ցիկ տի­պար­նե­րէն մին՝ միշտ գոր­ծուն, պատ­նէ­շին վրայ: ­Կը պա­տա­հէր նաեւ, որ այդ սկզբունք­նե­րը պատ­ճառ դառ­նան՝ ա­նա­խորժ մթնո­լոր­տի ստեղծ­ման եւ անձ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու սրու­մին ան­ձե­րու հետ, ո­րոնք պա­րա­գա­նե­րու բե­րու­մով կը փոր­ձէին ան­տե­սել այդ սկզբունք­նե­րը կամ կա­րե­ւո­րու­թիւն չտալ ա­նոնց:
Ինչ­պէս բո­լորս, ­Գո­գոն ալ դաշ­նակ­ցա­կան մար­դու խո­րա­գոյն հո­գե­բե­կու­մը ապ­րե­ցաւ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի «յաղ­թե­լու ենք»ին յա­ջոր­դած մեր ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թե­նէն: ­Հո­գե­բե­կու­մը ա­ւե­լի խո­րա­ցաւ, երբ ­Փա­շի­նեան լուրջ յաղ­թա­նակ ար­ձա­նագ­րեց խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն: ­Պար­զա­պէս կը տա­ռա­պէր հան­գու­ցեա­լը ­Հա­յաս­տա­նի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով:
Ա­ռող­ջու­թեան վատ­թա­րա­ցու­մը ի­մա­նա­լով, մա­հէն չորս-հինգ օր ա­ռաջ հե­ռա­խօ­սով կա­պո­ւե­ցայ ­Գո­գո­յին հետ:
-12 օր հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ միայն հե­ղու­կով ապ­րե­ցայ ու շատ տկա­րա­ցայ: ­Հի­մա թե­թեւ ու­տե­լիք­նե­րով քիչ մը ա­ւե­լի լաւ եմ, բայց տկար կը զգամ:
­Կա­մաց-կա­մաց պի­տի բա­րե­լա­ւո­ւիմ,-ը­սաւ:
-­Գո­գօ՛, միա՛յն ա­ռող­ջա­նա­լուդ նա­յի՛ր, ու­րիշ բա­նով մը մի՛ զբա­ղիր,- ը­սի: ­Հա­յաս­տա­նեան ի­րա­դար­ձու­թեանց ակ­նար­կե­լով ա­ւե­ցու­ցի,- ա­մէն ինչ, ինչ որ կար­դաս կամ լսես «սէ­րի­նի առ» պա­ղա­րիւն դի­մագ­րա­ւէ, ո­րոշ ժա­մա­նակ մը ա­նոնց­մով մի՛ ալ զբա­ղիր…
-­Պի­տի փոր­ձեմ, ընկ. ­Միհ­րան: Այս­քան կարճ ե­ղաւ ու վեր­ջի­նը՝ հե­ռա­ձայ­նով մեր խօ­սակ­ցու­թիւ­նը:
­Թաղ­ման կար­գէն ու «­Վէր­քե­րով լի»էն ետք, եր­կու ըն­կեր­ներ մօ­տե­ցան եւ՝
-Ընկ. ­Միհ­րան, ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ հի­մա, ա­ռանց ­Գո­գո­յի…
­Կարճ պահ մը շո­ւա­րած ու մտած­կոտ, ջա­նա­ցի տխրու­թեանս ծան­րու­թիւ­նը թօ­թա­փել եւ ցոյց տա­լով գե­րեզ­մա­նո­ցի շիր­մա­քա­րե­րը, ը­սի.
-­Կը տես­նէ՞ք այս շիր­մա­քա­րե­րը. ա­սոնց տակ պառ­կող­նե­րուն ա­մէն մէ­կը իր ող­ջու­թեան եւ իր տե­սա­կով ան­փո­խա­րի­նե­լի անձ ե­ղած է: Ա­նոնց պէս նաեւ մեր սի­րե­լի ­Գո­գոն: ­Բայց կեան­քը ան­կա­սե­լի է, միշտ կը շա­րու­նա­կո­ւի եւ ան­պայ­ման նոր ­Գո­գո­ներ կու գան: ­Կը մնայ, որ դուք տէր ըլ­լաք մեր ըն­կե­րոջ գոր­ծին եւ ա­նոր թո­ղած բա­ցը զգաց­նել չտաք, եր­բե՛ք:

­Հո­ղը թե­թեւ…: