Ար­ցա­խի ­պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը (Պ.Բ.) հրա­պա­րա­կած է հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, ո­րուն մէջ կ­՛ը­սո­ւի.- «Ուր­բաթ՝ 7 ­Յու­լի­սի ա­ռա­ւօ­տո­ւա­նից սկսած, հա­կա­ռա­կոր­դը ար­ցա­խեան-ադր­բե­ջա­նա­կան հա­կա­մարտ զօր­քե­րի շփման գծում խախ­տում է հրա­դա­դա­րի պահ­պան­ման ռե­ժի­մը՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով ինչ­պէս հրաձ­գա­յին զի­նա­տե­սակ­ներ, այն­պէս էլ Դ-30 եւ Դ-44 տի­պի հրա­նօթ­ներ, տար­բեր տրա­մա­չա­փի ա­կա­նա­նե­տներ ու նռնա­կա­նե­տներ: Ադր­բե­ջա­նա­կան զի­նու­ժի ար­կա­կո­ծու­թեան ար­դիւն­քում՝ տար­բեր աս­տի­ճա­նի բե­կո­րա­յին վի­րա­ւո­րում­ներ են ստա­ցել ՊԲ զին­ծա­ռա­յող­ներ ­Ռո­բերտ ­Նով­րու­զի ­Գաս­պա­րեա­նը (ծն. 1969թ.), ­Համ­բար­ձում ­Կա­րա­պե­տի ­Յա­րու­թիւ­նեա­նը (ծն. 1997թ.) եւ ­Վա­հէ ­Գա­գի­կի ­Բա­դա­լեա­նը (ծնվ. 1998թ.): ­Հա­կա­ռա­կոր­դի նա­խա­յար­ձակ ակ­տի­ւու­թիւ­նը ճնշե­լու հա­մար Պ.Բ. ա­ռա­ջա­պահ զօ­րա­մա­սերն ի­րա­կա­նաց­նում են պա­տաս­խան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ: Ա­ռաջ­նա­յին գծում ի­րա­վի­ճա­կի ա­պա­կա­յու­նաց­մանն ուղ­ղո­ւած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րի ողջ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը կրում է Ադր­բե­ջա­նի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը»: Ն­շենք, որ վի­րա­ւո­րո­ւած ե­րեք զի­նո­ւոր­նե­րէն մէ­կուն վի­ճա­կը ծանր է. ան վի­րա­ւո­րո­ւած է գլու­խէն: Ար­ցա­խի Պ­.Բ.ը հեր­քած է Ատր­պէյ­ճա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան տա­րա­ծած այն հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը, որ իբ­րեւ թէ հեր­թա­կան սադ­րան­քը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար, ար­ցա­խեան զի­նո­ւած ու­ժե­րը բե­րո­ւած են մար­տա­կան պատ­րաս­տա­կա­նու­թեան, ո­րուն ի պա­տաս­խան ատր­պէյ­ճա­նա­կան ու­ժե­րը  թի­րա­խա­յին կրա­կա­յին հա­րո­ւած­ներ հաս­ցու­ցած են՝ պատ­ճա­ռե­լով մեծ թի­ւով մարդ­կա­յին կո­րուստ­ներ, քա­նի մը միա­ւոր ռազ­մա­կան մե­քե­նա­ներ եւ ռազ­մա­կան նշա­նա­կու­թեան են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­ներ: ­Սոյն հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը ատրպէյ­ճա­նա­կան հեր­թա­կան ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն է: