­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ կա­տա­րած իր այ­ցի շրջա­գի­ծին մէջ, 13 ­Նո­յեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան, պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեա­նի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը այ­ցե­լած է ­Լոս Ան­ճե­լը­սի ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րան:
Ըստ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հա­ղոր­դագ­րու­թեան՝ «­Լաս­քին հան­րա­յին կա­պե­րու դպրոց»ի սա­նե­րուն եւ դա­սա­խօ­սա­կան կազ­մին առ­ջեւ ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը հան­դէս ե­կած է հան­րա­յին ա­ռաջ­նոր­դու­թեան մա­սին դա­սա­խօ­սու­թեամբ:
­Վի­գէն ­Սարգ­սեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի բա­նա­կա­շի­նու­թեան եւ այս փու­լին ի­րա­կա­նա­ցո­ւող լայ­նա­ծա­ւալ բա­րե­փո­խում­նե­րու ըն­թաց­քը, յատ­կա­պէս` «Ազգ-բա­նակ» հա­յե­ցա­կարգն ու ա­նոր ներդ­րու­մը հան­րա­յին կեան­քի զա­նա­զան մար­զե­րուն մէջ: Անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է ­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պին, ­Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ շրջա­նա­յին այլ խնդիր­նե­րու:
Ըստ նա­խա­րա­րու­թեան՝ նոյն օ­րը նա­խա­րար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան հան­դի­պում ու­նե­ցած է ­Լոս Ան­ճե­լը­սի քա­ղա­քա­պետ Է­րիք ­Կար­սեթ­թիին հետ:
Օ­րո­ւան երկ­րորդ կի­սուն, հայ­կա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը հիւ­րըն­կա­լո­ւած է ­Լոս Ան­ճե­լը­սի ­Հա­յաս­տա­նի գլխա­ւոր հիւ­պա­տո­սու­թեան մէջ, ուր ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան պա­տաս­խա­նած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու յա­ռա­ջա­տար հայ­կա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հար­ցում­նե­րուն: ­Նա­խա­րա­րը ման­րա­մասն անդ­րա­դար­ձած է «­Զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան եւ զի­նո­ւո­րի կար­գա­վի­ճա­կի մա­սին» օ­րի­նա­գի­ծի ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րուն եւ ներ­կա­յա­ցու­ցած զի­նո­ւած ու­ժե­րուն մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ծրա­գիր­նե­րը:
­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը պա­տաս­խա­նած է հայ­կա­կան բա­նա­կի սպա­ռա­զին­ման, մար­տա­կան դիր­քե­րուն մէջ ըն­թա­ցող ճար­տա­րա­գի­տա­կան եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, ռազ­մար­դիւ­նա­բե­րու­թեան զար­գաց­ման ծրա­գիր­նե­րուն, սահ­մա­նա­յին ի­րադ­րու­թեան, Ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մէն ետք կա­տա­րո­ւած հե­տե­ւու­թիւն­նե­րուն, ­Ղա­րա­բա­ղեան տագ­նա­պի բա­նակ­ցա­յին հո­լո­վոյ­թին եւ հար­ցի լուծ­ման հե­ռան­կար­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ, ինչ­պէս նաեւ՝ շարք մը այլ հար­ցե­րու:
13 ­Նո­յեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, ­Վի­գէն ­Սարգ­սեա­նի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը հիւ­րըն­կա­լո­ւած է ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Հա­յոց Ա­րեւմ­տեան թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին մէջ: ­Հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու, հա­մայն­քա­յին գոր­ծիչ­նե­րու հետ հան­դի­պու­մէն ետք, ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան հա­մայն­քի մե­ծա­թիւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն առ­ջեւ հան­դէս ե­կած է ծա­ւա­լուն ե­լոյ­թով, ո­րու ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձած է հայ­կա­կան բա­նա­կի ար­դիա­կա­նաց­ման ծրա­գիր­նե­րուն: ­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը խօ­սած է բա­նա­կի մար­տու­նա­կու­թեան եւ զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան գրաւ­չու­թեան բարձ­րաց­ման, ռազ­մար­դիւ­նա­բե­րու­թեան զար­գաց­ման, զի­նո­ւո­րա­կան-կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րու բո­վան­դա­կա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րու եւ շարք մը այլ խնդիր­նե­րու մա­սին:
­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը ման­րա­մասն ներ­կա­յա­ցու­ցած է ա­ռաջ­նա­գի­ծին մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րը, նոր զի­նա­տե­սակ­նե­րու ձեռք­բեր­ման ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը` խե­լա­ցի սպա­ռա­զին­ման շրջա­գի­ծին մէջ, զի­նո­ւած ու­ժե­րուն մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող լայ­նա­ծա­ւալ ըն­կե­րա­յին ծրա­գիր­նե­րը, ներ­կա­նե­րուն տե­ղե­կա­ցու­ցած է նոր, գեր-ժա­մա­նա­կա­կից զի­նո­ւո­րա­կան հի­ւան­դա­նո­ցի ստեղծ­ման հե­ռան­կար­նե­րուն եւ շա­բաթ­ներ ետք բա­ցո­ւող «­Զի­նո­ւո­րա­կան հաշ­ման­դամ­նե­րու վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան կեդ­րո­նի» մա­սին:
Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին, նա­խա­րար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան պա­տաս­խա­նած է հան­դի­պու­մի մաս­նա­կից­նե­րուն հար­ցում­նե­րուն: