Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական բանակումը առկախուած է
Մեր այսօրուան տպագիր թիւով հաղորդած էինք, որ Երկուշաբթի՝ 9 Օգոստոս 2021-ին պիտի մեկնարկէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական բանակումը:
Սակայն, Աթէնքի շրջակայքը պատահած ահաւոր հրդեհներուն պատճառով եւ պետական որոշումով, Ատիկէի անտառային բոլոր շրջանները փակ պիտի մնան, որոնց մէջ արգիլուած է որեւէ մարդկային ներկայութիւն:
Հետեւաբար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սկաուտական խորհուրդները նկատի առնելով այս զարգացումը որոշեցին ստիպողաբար առկախել այս տարուան բանակումը:
Կը խնդրուի բոլոր ծնողներէն եւ բանակողներէն նկատի ունենալ: