Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան «­Վեր­ջին բնա­կի­չը» ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ, բե­մադ­րիչ ­Ճի­ւան Ա­ւե­տի­սեա­նի ներ­կա­յու­թեամբ։
­Յի­շե­լով 1988ի ­Փետ­րո­ւա­րին սկիզբ ա­ռած հան­րա­հա­ւաք­նե­րը եւ ժո­ղովրդա­յին ար­դար պոռթ­կու­մը, որ հա­մայն հա­յու­թիւ­նը հա­մախմ­բեց այ­սօր ար­դէն հաս­տա­տո­ւած Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­զատ ու ժո­ղովրդա­վա­րա­կան պե­տու­թեան կերտ­ման գա­ղա­փա­րին շուրջ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը եւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նու­թիւ­նը ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նե­ցին՝ ա­ռիթ ստեղ­ծե­լով յու­նա­հայ հան­դի­սա­տես­նե­րուն հա­մար դի­տե­լու Ար­ցա­խեան ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին, հա­կա­մար­տու­թեան ար­հա­ւիր­քին ու մարդ­կա­յին նկա­րագ­րին կա­պո­ւած «­Վեր­ջին բնա­կի­չը» ժա­պա­ւէ­նը, որ ամ­բող­ջա­ցուց բե­մադ­րի­չի ե­ռա­մաս շար­քը, նա­խա­պէս պատ­րաս­տո­ւած «Ընդ­հա­տո­ւած ման­կու­թիւն» եւ «­Թե­ւա­նիկ» ժա­պա­ւէն­նե­րու որ­պէս շա­րու­նա­կու­թիւն։
­Բե­մադ­րիչ ­Ճի­ւան Ա­ւե­տի­սեան նախ այ­ցե­լեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէ, ուր Ուր­բաթ՝ 2 ­Մարտ 2018ին, «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժա­պա­ւէ­նի ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը։
­Ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­յոց հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի, ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի եւ տե­ղա­կան միու­թեանց վար­չա­կան ան­դամ­ներ եւ ժո­ղո­վուրդ։ ­Բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան՝ անդ­րա­դառ­նա­լով ժա­պա­ւէ­նի գտած ար­ձա­գանգ­նե­րուն եւ ­Ղա­րա­բա­պեան տագ­նա­պի ան­ցեալ ու ներ­կայ հանգ­րո­ւան­նե­րուն։ Ա­պա բե­մադ­րիչ ­Ճի­ւան Ա­ւե­տի­սեան խօ­սե­ցաւ «­Վեր­ջին բնա­կիչ»ի նկա­րա­հան­ման մա­սին՝ նշե­լով, թէ ժա­պա­ւէ­նին մէջ ներգ­րա­ւո­ւած են ­Հա­յաս­տա­նէն, Ի­րա­նէն, ­Լի­թո­ւա­նիա­յէն եւ ­Յու­նաս­տա­նէն դե­րա­սան­ներ։
­Ժա­պա­ւէ­նի երկ­րորդ ցու­ցադ­րու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ յա­ջորդ օր, ­Շա­բաթ՝ 3 ­Մարտ 2018ին, ­Նէա Զ­միռ­նիի «­Ղա­լաք­սիաս» սրա­հին մէջ, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8։30ին։ ­Ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան, յու­նա­հա­յոց ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան եւ կրօ­նա­կան դա­սը, գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ մեծ թի­ւով ժո­ղո­վուրդ, որ ծայ­րէ ծայր լե­ցու­ցած էր սրա­հը։ ­Ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թեան ներ­կայ ե­ղաւ ­Նէա Զ­միռ­նիի Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան նա­խա­գահ ­Վան­կե­լիս ­Խա­չա­տու­րեան։
­Բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. Ա­լիս ­Ֆա­րա­ճեան, ա­պա՝ բեմ հրա­ւի­րեց ծա­նօթ յոյն դե­րա­սա­նու­հի ­Տի­միթ­րա ­Խա­թու­փին, որ ժա­պա­ւէ­նին մէջ ա­զե­րի կնոջ մը դե­րը կը մարմ­նա­ւո­րէ, խօ­սե­լու Ար­ցա­խի մէջ կա­տա­րո­ւած նկա­րա­հա­նում­նե­րուն շուրջ իր փոր­ձա­ռու­թեան մա­սին։
­Տի­միթ­րա ­Խա­թու­փի մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ եւ յու­զու­մով խօ­սե­ցաւ Ար­ցա­խի մա­սին՝ դրո­ւա­տե­լով հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մա­կան ան­կեղծ կա­պը եւ մաղ­թե­լով, որ խա­ղա­ղու­թիւն եւ ար­դա­րու­թիւն տի­րէ ­Ղա­րա­բա­ղի հա­մար։
Ա­պա՝ բե­մադ­րիչ ­Ճի­ւան Ա­ւե­տի­սեան իր խօս­քը ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով կազ­մա­կեր­պու­մին հա­մար եւ բա­ցատ­րե­լով, թէ ժա­պա­ւէ­նին դէպ­քե­րը տե­ղի կ­՚ու­նե­նան 1988-1989 թո­ւա­կան­նե­րուն, Ար­ցա­խի գիւ­ղե­րէն մէ­կուն մէջ, ­Սում­կա­յի­թի ող­բեր­գու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րուն ներ­քեւ: Ան կա­րե­ւոր նկա­տեց Ար­ցա­խի մա­սին պատ­մե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ո՛չ միայն սփիւռ­քի եւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, այ­լեւ մա­նա­ւանդ օ­տար­նե­րուն առ­ջեւ։
­Հան­դի­սա­տես­նե­րը յու­զու­մով հե­տե­ւե­ցան ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թեան, ա­պա՝ վեր­ջա­ւո­րու­թեան, ի­րենց շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցե­ցին բե­մադ­րի­չին։
­Ժո­ղո­վուր­դի շատ մեծ թի­ւի ներ­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով, ո­մանք ստի­պո­ւե­ցան դուրս մնա­լու սրա­հէն՝ ակն­կա­լե­լով ժա­պա­ւէ­նի ա­պա­գա­յի այլ ներ­կա­յա­ցում­նե­րու ա­ռիթ­ներ եւս։