ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Նախորդ Հինգշաբթի երեկոյ հրաւիրեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ առաջին ներկայացումը կատարուեցաւ Նեզահաթ Կիւնտողանի կողմէ նկարահանուած «Վանքի Տղաքը» անուն վաւերագրական ժապաւէնին։ Ֆիլմը կը պատմէ Տէրսիմի շրջանին Հալվորի քաղաքին Սուրբ Կարապետ Վանքին տխուր ոդիսականը։ 1915-ի յաջորդող տարիներուն Հալվորիի Սուրբ Կարապետ վանքը ամբողջ տարածաշրջանի մէջ կանգուն մնացած միակ աղօթատեղին է, ուր կ՚այցելեն շրջակայքի քրիստոնեաները։ Վանահայրը ամէն կիրակի Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ եւ հոգեւոր ծառայութիւն կը բերէ Տէրսիմի տեղացի հայութեան։ Այստեղ կ՚արժէ յիշել թէ ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած բազմաթիւ հայեր ալ ապաստանած են ալէվիաբնակ այս գաւառը, որ յաջողած է կոտորածներէն հեռու մնալ։ Սակայն համեմատաբար համերաշխ այս վայրը 1937-էն ետք կ՚ենթարկուի Թուրքիոյ հանրապետութեան ծանր հալածանքին։ Կառավարութիւնը կ՚ուզէ իր իշխանութիւնը պարտադրել տէրսիմցիներու վրայ։ Իսկ տէրսիմցիներ մինչեւ այդ աւանդաբար կը պահէին որոշ ինքնավարութիւն մը։ Անոնք երկար տարիներ յաջողած էին իրենց բնօրրանին մէջ հին աւանդութիւններու փարած կիսանկախ դրութիւն մը պահել։ Ահա այդ դրութեան վերջ տալու միտումով կը կազմակերպուի զինուորական գործողութիւն։ Այդ գործողութիւնը պետութեան կողմէ կը ներկայացուի որպէս ապստամբող անիշխանական խմբակները կարգի բերելու աշխատութիւն։ Դէպքը շատ երկար տարիներ դասաւանդուեցաւ ահա այս ապստամբութեան սահմանումին մէջ։ Շատ ուշ թուականներուն է որ պատմական իրողութիւնները սկսան արձագանգել եւ շատեր իմացան խաղաղ բնակչութեան դէմ գործադրուած կոտորածները։
Բեմադրիչ Նեզահաթ Կիւնտողան նախապէս ալ Տէրսիմի ողբերգական պատմութեան ձօնուած ժապաւէններ նկարահանած էր։ Առաջին հերթին կարելի է յիշել «Երկու Խուրձ Մազ, Տէրսիմի Կորած Աղջիկները» եւ «Հա՜յ Վա՜յ Զաման» վաւերագրական ֆիլմերը։ Այս անգամ Նեզահաթ Կիւնտողան իր պատումը կը սեւեռէ հայ ընտանիքի մը բեկորներուն, որոնք 38-ի այդ կոտորածներուն յաջորդող տարագրութիւններու ժամանակ ցիրուցան եղած են Թուրքիոյ տարբեր քաղաքները։ Նկարահանող խումբը այսպէս շրջած է երկրի զանազան քաղաքները եւ քննելով քահանայի ընտանիքի բեկորները, անոնց միջոցաւ լուսաբանած է պատմական բազմաթիւ երեւոյթներ։ Անոնք շատ անգամ ստիպուած եղած են իրենց կրօնքը ուրանալով գոյութիւն պահել։ Անոնցմէ ոմանք ըստ իրենց ապրած քաղաքին եղած են սիւննի իսլամներ, ալէվիներ եւ առիթ գտնողներն ալ քրիստոնեայ հայեր։ Նեզահաթ Կիւնտողան ահա զարմիկ-զարմուհիներու միջեւ ճամբորդելով եւ իւրաքանչիւրի յիշողութիւնը վերակենդանացնելով կը ստեղծէ ամբողջական պատում մը երբեմնի շէնշող գաւառի այսօր մոխրաթաթախ համայնապատկերէն։
Շարժանկարի դահլիճը ամբողջովին լեցուն էր հրաւիրեալներով, որոնց մէջ էին նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տէր Արամ Արք. Աթէշեան եւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան շրջագծով Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան։ Այս կալա ներկայացումէն ետք «Վանքի Տղաքը» վաւերագրական ֆիլմը պիտի ցուցադրուի միութենական յատուկ կազմակերպութիւններու միջոցաւ։