Ջաւախքի մէջ Յունիս 11ին վերաօծուած է Լոմադուրցխի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցին: Այս մասին կը տեղեկացնեն հայ առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմէն։
«Յունիս 11ին տօնական հմայք ստացած էր ընդամէնը 350 բնակիչ ունեցող, Թրիալեթի հարաւային փէշերուն ծուարած Ախալքալաքի շրջանի Լոմադուրցխ գիւղը: Գիւղին բնակիչները` մեծէն փոքր, գիւղէն մեկնած զաւակները իրենց ընտանիքներով, ընկեր-բարեկամներով ժամանած էին՝ մասնակցելու իր առաջին օծումէն 111 տարի անց գիւղին վերակառուցուած Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ վերաօծման հանդիսաւոր արարողութեան:
Խորհրդային Միութեան տարիներուն գործելէ դադրեցուած հինաւուրց եկեղեցին, որ վերածուած էր տնտեսութեան պահեստի, հարսանեաց եւ հոգեհացի արարողութիւններու սրահի, շուտով մատնուեցաւ անուշադրութեան:
Գիւղի արժանաւոր զաւակներ Սեդրակ եւ Արթուր Խաչատրեանները իրենց մանկութիւնը անցուցած էին եկեղեցւոյ բակին մէջ եւ ականջալուր էին ծնողներ Վարդի եւ Նունուֆարի կողմէ յաճախ հնչող ափսոսանքի խօսքերուն՝ փլուզուող եկեղեցւոյ մասին: Եւ 2016ին՝ եղբայրները կ՝որոշեն վերականգնել աղօթազուրկ եւ անխնամ մնացած եկեղեցին ու համագիւղացիներուն ընձեռել Աստուծմով ապրելու, աղօթքով գործելու, Ամենազօրի օրհնութեամբ ամուսնութիւն կնքելու, Սուրբ միւռոնով մկրտուելու հնարաւորութիւն»:
վերաօծում
Ջաւախքի մէջ վերաօծուեցաւ Լոմադուրցխի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցին