Եկուր ընկեր, եկուր երթանք հոգեշունչ
վանքին մէջ այս ուր վանականք կ՛ապրէին
խուցերուն մէջ ուր ճգնած են դարերով
մագաղաթին սէր ու հաւատք դրոշմերով։
Սէր կար այստեղ, աննիւթական, հոգեկան,
որ Աստուծոյ խօսքին հետ էր ան ձուլուած,
առանց իղձի, առանց տենչի մարմնական
այլ Քրիստոսի ապրած կեանքին միացած։
Կեանքն անոնց սրբակենցաղ ու մինակ,
նիւթին հանդէպ ոչ մէկ բաղձանք անօրէն,
օր ու գիշեր Աստծոյ առջեւ գլխահակ
կ՛աղօթէին լեցուն սրտով վեհօրէն։
Բարձունքին վրայ յաւերժ կ՛ապրէր կղերը,
որ Աստուծոյ հպումներուն մօտ ըլլար
ու չէր ցանկար անկէ ան վար իջնելու
ու կեանքն իր մարդոց կեանքին զօդելու։
Ու օր մըն ալ առանց կամքին վար իջաւ,
ճակատագրի փորձութեանց մէջ ան ինկաւ,
տեսաւ մարդիկ, տեսաւ էգեր, մանուկներ,
ու խրատ տալով, անոնց կեանքին մէջ մտաւ։
Քօղարկուած սպասումներ ծագեցան,
ինքն ալ մարդ էր ու պիտ՛ ապրէր անկասկած,
լոկ երկնքով ան չէր կրնար դիմանալ,
ընտանիքին կարիքներուն ալ հոգալ։
Դարեր անցան ու վանականք փոխուեցան,
վանքերն ալ Աստծոյ խօսքէն հեռացան
ու կղերին կեանքը դարձաւ մարդկային,
սովորոյթներ ժառանգեց ան անմեկին։
Ինչ վատ է որ վանքեր չունինք հիմա մենք,
քիչ են զուլալ Աստծոյ Շունչով ապրողներ,
դրամը քանդեց մարդոց հոգին միալար
զի դրամը դիւթիչ դարձաւ մարդուն նպատակ։
Աստուած վերէն վար նայեցաւ զարմացաւ։
-Մարդուն սարքած այս դրամն ի՞նչպէս յաղթեց զիս,
ըսաւ քովը հլու նստող Քրիստոսին,
որ խիստ գաղտուկ ծիծաղ դրոշմեց իր դէմքին։
Քրիստոս գիտէր թէ դրամն որքան հզօր է,
դրամի սիրոյն զինք անպատիւ մատնեցին
ու խաչեցին որ ան չըլլայ առաջնորդ
ու վնասէ իրենց դրամին, շահածին։
Դրամն այսօր իսպառ քանդեց աշխարհը,
հոգեկանն ալ տեղի տուաւ իր առջեւ,
անպէտ մարդիկ գերին դարձան իր ուժին,
իրմով դիրքեր, Աստուած անգամ գնեցին։
Մարգար Շարապխանեան
Արագածոտնի Մարզ, Գիւղ Ուշի