Երբ անցեալ տարի այս էջէն կը փորձէինք պատասխանել եթէ տարբեր Ապրիլի մը դէմ հանդիման գտնուելու իրականութեան առջեւ էինք, խորապատկերին մէջ կը տեսնէինք միայն մարդկութիւնը տառապեցնող համավարակի վտանգը, իսկ տակաւին թարմ էր Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի ուղիին վրայ Ատլանտեան ծովի միւս ափէն եկող ամերիկեան Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու Տան զոյգ բանաձեւերու հնչեղութիւնը։ Վստահ էինք, որ հակառակ հայութեան առջեւ ծառացած մեծ մարտահրաւէրներուն, ոչ մէկ խոչընդոտ կրնար կասենցնել մեր պահանջատիրութեան իրաւական եւ քաղաքական նուաճումները. առողջապահական ժամանակաւոր արգելքի մը առջեւ, հայութիւնը լարուած ուժականութեամբ կը շարունակէր իր ձայնն ու արդարութեան վերականգնումի պահանջը բարձրացնել մարդկութեան դիմաց։
Սակայն, տարի մը ետք, Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին, հայութիւնը կանգնած է տարբեր իրավիճակներու առջեւ։
Այս անգամ, ողբերգական պայմաններու մէջ, Արցախի վրայ շղթայազերծուած պատերազմի պարտութենէն ետք, արիւնաքամ ու շուարած հայութիւն մը, կորսուած սերունդի մը ու բռնագրաւուած հողերու մղձաւանջը ապրելով՝ կը փորձէ իր վիրաւոր բեկորները հաւաքել, դառն կերպով ճաշակելով կրկնումը աւելի քան 100 տարի առաջ գրուած պատմութեան մռայլ էջերուն։
Աւելին, վտանգուած է այսօր Հայաստանի հողային ամբողջութիւնը՝ Ատրպէյճանի ու իր թուրք ցեղակիցին կողմէ շարունակական սպառնալիքներուն պատճառով, որոնք յատկապէս Սիւնիքի վրայ ուղղուած իրենց ծրագիրներով, կու գան մասնատելու Հայաստան աշխարհի՝ իր իսկ քաջորդիներու սեփական արիւնով հաստատուած հողը։ Նուազ չեն նաեւ Պաքուի բռնատէրի յոխորտանքները, թէ Ատրպէյճան օր մը «յաղթական» պիտի մտնէ Երեւան կամ «պիտի վայելէ» Սեւանի հրաշագեղ տեսարանը։
Զինադադարէն ետք, Հայաստան մտած է քաղաքական կեանքը թալանող յորձանուտին մէջ։ Գլխաւոր դերակատարն է նոյնիքն վարչապետը, որ իր պետական դիրքէն, բայց մանաւանդ 44-օրեայ պատերազմին մէջ իր ունեցած գլխաւոր պատասխանատուութեան ծանր շուքին տակ, կը շարունակէ փոթորկալից կերպով ինքզինք վերահաստատել քաղաքական բեմին վրայ, մինչ կը փորձէ հայ քաղաքական միտքը նետել ոլորապտոյտի մէջ։ Այս բոլորէն տուժողը ինք հայ ժողովուրդն է, որ այսօր կանգնած է ազգի ու մեր երկրի հիմերը կրծող վտանգներու առջեւ, որուն հետեւանքները շատոնց տեսանելի էին։
Հայրենի աշխարհին մէջ, ազգային համախմբումի օրակարգը մոռցուած կը թուի ըլլալ, կամ ալ այլեւս կորսնցուցած է իր պայծառ հնչեղութիւնը։ Հայաստանի նախագահի իսկ հաստատումով, նոյնիսկ գալիք ընտրութիւնները լուծում պիտի չտան Հայաստանի բազմաճակատ եւ խոր խնդիրներուն։
Սփիւռքն ալ, իր կարգին, այսօր ինքնաճանաչումի եւ ինքնակազմակերպումի տուայտումին մէջ կը գտնուի։ Ազգային օրակարգը, որ տասնամեակներէ ի վեր Սփիւռքի կենսունակութեան ու անոր գոյատեւումի սրսկող ուժը եղած է, այսօր խոցուած կը թուի ըլլալ արցախեան պատերազմի դառնաղէտ յանգումին պատճառով, տարածաշրջանին մէջ Էրտողանեան համաթրքութեան ծաւալումով, որ կը սպառնայ մեր հայօճախի այսօրուան ամբողջականութեան վրայ, մարդկային բնաջնջումի եւ տարածքներու զիջումի վտանգին ենթարկելով մեր ժողովուրդը։ Այս ողբերգական իրականութեան տակ, սփիւռքահայը ինքնութեան տագնապ մը կ՚ապրի, մինակ ու անտեսուած զգալով իր գոյապայքարին մէջ։
Հարց կը ծագի, թէ Սփիւռքի հայ զանգուածներու երկար տարիներու պայքարը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին համար, ինչպէս նաեւ մեր արդար իրաւունքներու եւ հատուցումներու վերականգնումին ուղղութեամբ եղած ջանքերը որքա՞ն արժէք եւ ուժ կրնան ունենալ, երբ «քաղաքակիրթ» աշխարհը, որուն ապաւինած ենք ազգովին, կը հանդուրժէ ցեղասպանին վերադարձը ու անոր յանցագործութիւններու կրկնումը։ Ինչպէ՞ս կարելի է արդարացնել համամարդկային արժէքներու եւ գոյութենական իրաւունքին վրայ խարսխուած աշխարհի սկզբունքներու անտեսումը հայութեան հանդէպ, երբ քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհը, ընդունելով հանդերձ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի ամբողջական սպանդի իրաւական ճշմարտութիւնը, երես կու տայ ցեղասպանին շարունակելու իր կիսատ մնացած «գործը»։
Հայ դատի «թղթածրարը» այսօր վերարժեւորումի հրամայականին առջեւ կը գտնուի։ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին համար մղուած բոլոր ջանքերը չեն կրնար, պէտք չէ՛ ինքնանպատակ թիրախի մը վերածուին, որուն յաճախ մեր աչքերը սեւեռած կը պահենք, սպասելով երկիրներու, կառավարութիւններու, աշխարհին վրայ տիրող ղեկավարներու խօսքին, բարենպաստ արտայայտութեան, կամ անոնց կողմէ «Ցեղասպանութիւն» բառի յստակ բանաձեւումին։
Աւելին, որքա՞ն իմաստ ու իրաւական ենթահող պիտի շարունակէ ունենալ հայասպանութեան հետեւանքներու ամբողջական հատուցումի պահանջը, երբ այսօր համաթրքութիւնը կը սպառնայ Հայաստանի վրայ կրկնել հարիւր տարի առաջ գործադրուած «Հայաստան առանց հայի» ոճրային արարքները։
Իսկ այս բոլորին վրայ, արդեօ՞ք պիտի համակերպինք Արցախի կորուստի այսօրուան իրականութեան, ընդունելով արեամբ ձեռքբերուած մեր արծուաբոյնի զիջումը թրքական ծաւալապաշտական երազներու զոհասեղանին։
Հակառակ բոլոր փոթորկումներուն, Արցախի հիմնահարցը կը շարունակէ մնալ Հայ դատի ամբողջական պահանջատիրութեան անբաժան մասնիկը։ Եթէ, մինչեւ 27 Սեպտեմբեր հայութեան ջանքերը կեդրոնացած էին Արցախի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման լուծումին վրայ, այսօր կարելի չէ մեր ազգային օրակարգին մէջ նկատի չունենալ անոր հողային, պատմական, մշակութային, եւ ժողովրդագրական վերականգնումի հրամայականը, համաձայն հայ ժողովուրդի պայքարելու աննկուն կամքին ու իր յեղափոխական-պահանջատիրական կենսափորձին։
Պէտք չէ թողուլ՝ որ պատերազմէն ետք մէջտեղ նետուած «հայ-թրքական բարեկամութեան» արհեստական ու սին կարգախօսը ըլլայ ազգային օրակարգը որոշող ազդակը, դուրս ձգելով Հայ դատի լուծման գործընթացէն Հայոց ցեղասպանութեան արդար ճանաչման ու հատուցման հարցը, ինչպէս նաեւ Արցախը Հայաստանին անբաժանելի մասը ըլլալու պատմական եւ իրաւական վերականգնումը։
Բացայայտ է այլեւս, որ հայութեան վերջին ողբերգութեան փոթորկումին մէջ, Հայաստանի եւ Արցախի ամբողջականութեան դէմ ծաւալող համաթրքութեան վտանգը կը միտի Հայ դատին վերջնական «լուծում» տալու եւ ամբողջովին մոռացութեան մատնելու մեր արդար պահանջատիրութեան ամբողջ էութիւնը։
Ժամանակը հասած է ազգովին վերարժեւորելու մեր առաջնահերթութիւնները եւ համազգային օրակարգի բովանդակութիւնը։ Այս գործընթացին մէջ, հիմնական գործօն կը դառնայ մեր հայրենի քաղաքական պայծառ միտքի վերականգնումը, որմէ յառաջ պիտի գան տեսիլք ներշնչող ու նպատակ հետապնդող ղեկավարութիւններ, որոնք պիտի կարողանան ոտքի պահել ամբողջ ազգը եւ նոր երանգներով արժեւորել հայ ժողովուրդի երթն ու մեր հայրենիքի զարգացումը։
Պէտք է օր առաջ հայ ժողովուրդի քաղաքական վերազարթնումը դառնայ համազգային օրակարգի վերարժեւորումի մղիչ ուժը, իր մէջ պարփակելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի ողջ կարողականութիւնը։
Որպէսզի պատմական առիթը չկորսուի։
Որպէսզի մեր սերունդը չարժանանայ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու, այլեւ ազատ Արցախի հողին համար իրենց կեանքը մատաղ ըրած հազարաւոր երիտասարդ բալիկներու անէծքին։