Հիգշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2023-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Յունաստանի հայ Աւետերանական եկեղեցւոյ համայնքապետ Վեր. Վիգէն Չոլաքեան շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանին, Աթէնքի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս։ Վերապատուելի Չոլաքեան՝ իր եւ Յունաստանի Աւետարանական եկեղեցւոյ խորհուրդի անդամներուն անունով շնորհաւորութեան եւ բեղուն գործունէութեան բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին, Յունաստանի Թեմին Առաջնորդ վերընտրութեան առթիւ, նշելով որ Ազգային Երեսփոխանական ժողովին միաձայնութեամբ Առաջնորդ ընտրելուն մէջ, յառաջիկայ նստաշրջանը նոյն եւ առաւել թափով ծառայելու քրիստոսապատգամ խորհուրդ ունի իր մէջ։ Նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց անցնող վեց տարիներուն ընթացքին սերտ եւ եղբայրական յարաբերութեան եւ համագործակցութեան համար։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը ողջունելով վերապատուելիին շնորհաւորական այցելութիւնը,շնորհակալութիւն յայտնեց անոր եւ Աւետարանական եկեղեցւոյ խորհուրդի անդամներուն աղօթքներուն եւ բարեմաղթութեանց համար։ Այցելութիւնը առիթ եղաւ անդրադառնալու հայկական իրականութեանց, ըլլայ հայրենիքէն ներս թէ յունահայութեան կեանքէն ներս։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան այցելեց Առաջնորդ Սրբազան հօր